Կիրակի, 11 Դեկտեմբեր 2023-ի երեկոյեան, Գամիշլիի «Խորէնեան» սրահէն ներս նշուեցաւ ՀՅԴ 133-ամեակը։
Հանդիսութեան ներկայ էին Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան, Պատկան Մարմինի, ազգային եւ միութենական մարմիններու անդամներ։
Բացումէն ետք, ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին նահատակներու եւ դաշնակցական ննջեցեալներու յիշատակը, ապա հնչեցին Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգները։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Յակոբ Պարսումեան, որ ընդգծեց այն ոգին, որ ծնունդ տուաւ դաշնակցութեան `իբրև արտայայտիչը հայ ժողովուրդի կամքին, անոր քաղաքական արդար դատին եւ պատմական առաքելութան ու ըսաւ. «ՀՅԴ-ն կը դատապարտէ Հայաստանի իշխանութիւններու զիջումները, որոնք լայն ճանապարհ բացին Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի բռնագրաւման։ Այսօր Ատրպէյճանի բանտերուն մէջ կը գտնուի ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեան, որ հաստատած էր, թէ Արցախը լքող վերջին անձը պիտի ըլլայ»: Ապա խօսքը աւարտելով ըսաւ. «Դաշնակցութեան երթը պիտի շարունակուի հասնելու յաղթական աւարտին»։

Հանդիսութեան ընթացքին ներկայացուեցան ասմունքներ, խմբային երգեր, մեներգներ։
Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի, ՍԵՄ-ի, ԶՊՄ-ի խօսքերը կը էերաբերէին Արցախին, նկատի ունենալով որ ՀՅԴ 133-ամեակը կը յիշատակուի այնպիսի պայմաններու մէջ, երբ հայութիւնը կ՛ապրի անկիւնադարձային պահեր, սակայն մենք ժողովուրդ մըն ենք, որ գոյատեւած է իր մտքի զօրութեամբ, ժողովուրդ մը ու յարատեւեց իր անխախտ հաւատքով ու անընկճելի կամքով։

Օրուան պատգամը ուղղեց Խաչիկ Մելքոնեան որ ըսաւ. «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնն է հայ ժողովուրդին յուսալի պատուարը, հայ ազատագրական շարժման աննկուն ռահվիրան։ Այսօր 133 տարի բոլորած պատմական ուղիին նայելով ակներեւ է ՀՅԴ-ի դերակատարութիւնը ազգի ամենավճռորոշ պահերուն, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան կազմաւորման գործընթացին, Արցախեան ազատագրական պայքարին, սփիւռքի հայապահպանման եւ հայ դատի ու հայկական հարցի հետապնդման աշխատանքին։
Դաշնակցութիւնը գաղափարական վեհ ուխտ մըն է հայ ժողովուրդի ծոցէն ծնած, հայկական միջավայրի մէջ սնած եւ որքան ժամանակը յառաջանայ այնքան աւելի կ՚ամրանայ ան, կը վերանորոգուի ու կ՚աճի շարունակելով իր երթը հայութեան հետ, հայ ժողովուրդի պայծառ ապագային ի խնդիր»։
Քահանայ հայրը խօսք առնելով շեշտեց Դաշնակցութեան գաղափարի զօրութիւնը, որ դարձաւ երաշխիքը անոր յարատեւութեան։ Ան նաեւ անդրադարձաւ Դաշնակցութեան եզակի դերակատարութեան ազգային կեանքէն ներս։

Աւարտին տեղի ունեցաւ այս առիթին նուիրուած կարկանդակի հատում։

Հանդիսութիւնը հասաւ իր աւարտին «Արիւնոտ Դրօշ» երգի միասնական կատարումով։

Բժշկհ. Մարի Մելքոն