Ատրպէյճան որքան ալ փորձէ կաշառել ՄԱԿ-ն ու միջազգային այլ կազմակերպութիւններ Արցախի սեփականատէրը ըլլալու իր ստապատիր քարոզարշաւով, քաջ գիտէ որ Արցախը հայկական է, հետեւաբար ալ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ առանց ժամանակ կորսնցնելու հիմնովին ջնջելու կամ աղաւաղելու Արցախի հայկական դիմագիծը, չբաւարարուելով արցախահայութեան բռնի տեղահանմամբ:
Հայքի Մշակութային Պաշտպանութեան կազմակերպութեան տուեալներով, Ատրպէյճան բռնագրաւուած Արցախի տարբեր շրջաններու մէջ ոչ միայն կ’ոչնչացնէ յուշարձաններ, այլեւ կը խեղաթիւրէ Արցախի բնակավայրերու ինքնութիւնը՝ ջնջելով հայկական հետքերը, քանդելով յուշարձաններն ու աղաւաղելով հայկական եկեղեցիները:
Օրինակներ բերելով Արցախի Հանրապետութեան Մեսրոպ Մաշտոց համալսարանի կովկասագիտութեան ղեկավար,
ատրպէյճանագէտ Յովիկ Աւանէսով փաստերով կը պարզէ Շուշիի գերեզմանատան տարածքին մէջէն ճամբայ բանալու Ատրպէյճանի շինարարական աշխատանքը, Հադրութի հին, այդ կարգին պատմական, շէնքերը քանդելու ծրագիրը, հայկական յուշարձանները, խաչքարերը քանդելու, ինչպէս նաեւ հայկական եկեղեցիները որպէս աղուանական ներկայացնելու Ատրպէյճանի լարուած ճիգերն ու յստակ նպատակը:
Արդարեւ, Արցախի բնիկ ժողովուրդը ցեղասպանութեան ենթարկելէ ու բռնի տեղահանելէ ետք, Ատրպէյճան այս անգամ խաղաղասիրութեան քօղին տակ մշակութային ցեղասպանութեան լծուած է՝ այսպիսով հերքելով իր իսկ պնդումները, թէ  հայերը Արցախի հետ պատմական որեւէ առնչութիւն չունին, կամ քաղաքակրթական արժէք չեն ստեղծած այնտեղ:
Ատրպէյճանի այս յանցագործութիւնը ընթացք առած էր 2020-ի պատերազմի աւարտին, 9 Նոյեմբերի համաձայնութեան յաջորդող օրերէն իսկ:
5 Ապրիլ 2021-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութենէն ներս տեղի ունեցած էր Հայաստանի՝ ԻՒՆԵՍՔՕ-ի ազգային յանձնաժողովի նիստը, որուն օրակարգի առանցքային նիւթերէն մէկը եղած էր Արցախի՝ ատրպէյճանական վերահսկողութեան տակ յայտնուած տարածքներուն մէջ հայկական պատմամշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պատշաճ եւ երաշխաւորուած պաշտպանութեան, անոնց նկատմամբ վանդալութեան դէպքերու կանխումին հարցը:
Հայկական կողմը այդ օրերէն ԻւՆԷՍՔՕ-ի ուշադրութեան կը յանձնէր, որ Ատրպէյճանի ռազմական վերահսկողութեան տակ անցած Արցախի տարածքներուն մէջ գտնուող հազարաւոր պատմամշակութային եւ կրօնական յուշարձաններ յայտնուած են ոչնչացման վտանգի տակ: Յուշարձաններ, որոնք տարածաշրջանի մէջ հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան իրեղէն ապացոյցն են ու մեծ արժէք կը ներկայացնեն ոչ միայն հայկական, այլեւ համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան համար:
Հայաստան օրին ԻՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէն Արցախ առաքելութեան գործուղման առաջարկ անգամ ներկայացուցած էր:
Բայց… ձայն բարբարոյ յանապատի:
ԻւՆԵՍՔՕ-ն, այսպէս կոչուած՝ ՄԱԿ-ի կրթական, գիտական եւ մշակութային կազմակերպութիւնը, ոչ միայն չկրցաւ առաջքը առնել մշակութային արժէքներու քանդումի յանցագործութեան, այլեւ յանցագործութեան իրականացման իսկ ընթացքին 22 Նոյեմբեր 2023-ին, Փարիզի մէջ ընթացած ԻւՆԵՍՔՕ-ի ընդհ. ժողովի 42-րդ նստաշրջանի փոխնախագահ ընտրեց Հայաստանի կողքին նաեւ Ատրպէյճանը՝ իր իսկ սկզբունքները ոտնահարելով:
Այս բոլորին լոյսին տակ, հայկական կողմը, իր պետական թէ սփիւռքեան լծակներով, լուսարձակի տակ պէտք է պահէ Արցախի հայկական հետքը ոչնչացնելու Ատրպէյճանի քաղաքականութիւնը, յատկապէս նկատի ունենալով որ մշակութային այդ հարստութիւնը ոչ միայն հայկական, այլեւ համաշխարհային արժէք ներկայացնող ժառանգութիւն է: