(ՀՅԴ 133-ամեակի հանդիսութեան արտասանուած բանախօսութիւնը)

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրը կը յիշատակուի 1900-էն՝ Կուսակցութեան հիմնադրութեան տասնամեակէն ի վեր: 133-րդ տարին թեւակոխած ենք արդէն. զարմանալի կը թուի այս փոփոխական աշխարհին մէջ, պատերազմներու եւ քաղաքական վերիվայրումներու թոհուբոհին մէջէն անցած այս կազմակերպութեան երկարակեցութիւնը: ՀՅ Դաշնակցութիւնը աշխարհի ամենահին կուսակցութիւններէն մէկն է, թերեւս ամենահինը նոյնիսկ:
Ծնած իբրեւ հայ ազատագրական շարժումի կազմակերպութիւն, ան փորձած է մէկ դրօշի տակ համախմբել հայ ազգին ազատութեամբ տոգորուած բոլոր յեղափոխական խումբերը:
Հիմնադիրները ուզած են յեղափոխականներու դաշնակցութիւն ստեղծել, համախմբել բոլոր ուժերը ազգի ու հայրենիքի ազատութեան ընդհանուր ու միակ դրօշի մը տակ: Յաջողած են մասնակիօրէն, ինչպէս մասնակիօրէն կը յաջողին համախմբել բոլորը մինչեւ այսօր:
Իր ծննդեան առաջին իսկ տարիներէն, Դաշնակցութիւնը համատարած գործունէութեամբ կուսակցութիւն է, համաշխարհային կազմակերպութիւն է:
Տարեկան այս հաշուետուութեամբ հայ ժողովուրդին ու հայոց հայրենիքին ծառայութեան համար կատարած իր աշխատանքին, թէ յաջողութիւններուն եւ թէ՛ ձախողումներուն անդրադառնալով, մենք կը վերանորոգենք մեր ուխտը տէր կանգնելու բովանդակ հայութեան բովանդակ պահանջներուն ու շահին:
Դաշնակցութիւնը ներկայ է այն բոլոր վայրերուն մէջ, ուր հայեր կ’ապրին, շրջանին պատշաճող տարատեսակ կառոյցներով եւ ուղեկից կազմակերպութիւններով:
Դաշնակցութիւնը ներկայ է Հայաստանի մէջ, Արցախի ու Ջաւախքի մէջ, ներկայ է լայնատարած Սփիւռքի գրեթէ բոլոր համայնքներուն մէջ, աշխարհի չորս ծագերուն:
Գործունէութեան միջավայրերու տարբերութիւնները, կազմակերպական շրջաններու այլազանութիւնը, մեր ապրած երկիրներու քաղաքական վարչաձեւերու տարատեսակ բնոյթը բնականաբար պէտք է յառաջացնէին դժուարութիւններ, երեւան բերէին տարակարծութիւններ:
Այս անպատեհութիւնները նկատի ունենալով, արդէն 1892-ին գումարուած իր առաջին ընդհանուր ժողովին, ՀՅ
Դաշնակցութիւնը, որ յեղափոխականներու դաշնակցութենէն վերածուած էր յեղափոխական դաշնակցութեան, որդեգրած էր կազմակերպական ապակեդրոնացման դրութիւնը, կազմակերպական իր շրջաններուն վստահելով ինքնուրոյնաբար որդեգրելու գործնական աշխատանքի մարտավարութեան իրենց պատշաճող եղանակը:
Բայց ինչպէ՞ս կը պատահի, որ այսքան տարբերութիւններով հանդերձ, մենք ամէն տեղ կը տեսնենք դաշնակցական գաղափար, դաշնակցական ուղղութիւն, դաշնակցական գործ: Գաղտնիքը դաշնակցութեան դաւանած այն գաղափարական ու բարոյական կեդրոնացումն է, զոր պարբերաբար ՀՅԴ ընդհանուր ժողովը կը վերանորոգէ իր հռչակած ռազմավարութեամբ:
Դաշնակցական մարմինները կը գործեն հետեւելով միեւնոյն ծրագիրին, գործադրելով նոյն ռազմավարութիւնը, բայց տարբեր եղանակներով: Շնորհիւ գաղափարական-բարոյական կեդրոնացման, Դաշնակցութիւնը կը մնայ կուռ ու կազմակերպ կուսակցութիւն:
Ինչի՞ մէջ կը կայանայ ՀՅ Դաշնակցութեան գաղափարական-բարոյական կեդրոնացումը: Ի՞նչ է իր գաղափարին էութիւնը, իր աշխարհայեացքին կիզակէտը:
Դաշնակցութեան դաւանանքը չորս ուղղութիւն ունի. «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իր էութեամբ, աշխարհայեացքով եւ աւանդներով ազգային, ընկերվարական, ժողովրդավարական եւ յեղափոխական կուսակցութիւն է», կը պատգամէ ՀՅԴ ծրագիրը:
Դաշնակցութեան գործը ճշմարտապէս ըմբռնելու համար, պէտք է իմանալ այս չորս ուղղութիւններուն իմաստը:
ա.- Դաշնակցութիւնը ազգային կուսակցութիւն է:
Դաշնակցութեան գործունէութեան միջավայրը հայ ազգն է: Ան պահապան ու պաշտպան է հայ ազգի բովանդակ շահերուն, ուր ալ գտնուին այդ շահերը: Դաշնակցութիւնը պաշտպան կը կանգնի նոյնիսկ զինք քննադատողներուն, եթէ անոնք հայ ազգին պատկանելու պատճառով հալածանքի ենթակայ կ’ըլլան:
բ.- Դաշնակցութիւնը ընկերվարական կուսակցութիւն է:
Դաշնակցութիւնը ջատագով է հայազգի անհատներու ընկերային ու տնտեսական կենսական պահանջներու գոհացման:
Դաշնակցութիւնը դէմ է շահագործման բոլոր ձեւերուն: Կողմնակից է աշխատանքի ազատութեան եւ գնահատումի արդարութեան: Իր շարքերուն կ’անդամակցին մտաւորականն ու աշխատաւորը, հարուստն ու բարեկեցիկը, օրուան հացը հազիւ վաստկողը եւ նոյնիսկ աղքատը: Բոլորը հաւասար են. Դաշնակցութիւնը ապադասակարգային կուսակցութիւն է, որ բոլորին համար կ’ուզէ ապահովել իրենց կարիքները բաւարարող եկամուտ ու բարօր կենցաղ:
գ.- Դաշնակցութիւնը ժողովրդավար կուսակցութիւն է:
Դաշնակցութիւնը իր ուժն ու ներշնչումը կը ստանայ հայ ժողովուրդէն: Իր պահանջատիրական գործունէութեան ակունքը հայ ազգի առհաւական ձգտումներէն կը բխի: Դաշնակցութեան եւ հայ ժողովուրդին միջեւ կայ անտեսանելի համարկում: Դաշնակցութեան կամքը կամքն է հայ ազգին ու ան ուշադիր է, որ չշեղի այդ կամքէն: Այսպէս կը բացատրուի այն բացայայտ իրողութիւնը, որ դժուար պահերուն ամէն մարդ, դաշնակցական շարքայինը, համակիրը, չէզոքը եւ նոյնիսկ հակառակորդը Դաշնակցութենէն նախաձեռնութիւն ու գործ կ’ակնկալեն:
դ.- Դաշնակցութիւնը յեղափոխական կուսակցութիւն է:
Յեղափոխութիւնը չ’ենթադրեր անպայման բռնի ու բուռն գործելակերպ: Յեղափոխութեան եւ յեղափոխականութեան էութիւնը քաղաքական, տնտեսական ու ընկերային վիճակին՝ եղածին, հիմնովին փոփոխութիւնն է, վիճակի մէջ փոխարինումը նոր վիճակով, վարչաձեւի փոխարինումը նոր վարչաձեւով:
Հայ ագզին ներկայ վիճակը վատ է, հետեւաբար՝ անընդունելի: Հայրենիքը մասնատուած է, ժողովուրդը՝ ցրուած աշխարհով մէկ: Դաշնակցութիւնը կ’առաջադրէ հողահաւաքի ու հայահաւաքի միջոցով շրջել այս վիճակը: Նախընտրաբար խաղաղ միջոցներով, իսկ եթէ հարկ ըլլայ՝ նաեւ ուժային միջոցներով: Իբրեւ պատասխանատու կազմակերպութիւն, Դաշնակցութիւնը կը բացառէ արկածախնդրութիւնը եւ կ’ենթարկուի ժամանակի պայմաններուն ու ժողովուրդի պահանջին:
Բազմատեսակ ու բարդ առաջադրանքները յատուկ չեն կուսակցութեան մը, սակայն  Դաշնակցութեան առաջադրանքները գրեթէ պետութեան մը կողմէ կատարելի աշխատանքներու բնոյթը ունին: Բայց Դաշնակցութիւնը պետութիւն չէ: Տրամաբանական է ընդունիլ, որ բոլոր նպատակները միասին ու նոյն թափով կարելի չէ հետապնդել: Նախապատուութիւն ճշդելու, ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւն կայ, միշտ եղած է:
Ինչպէ՞ս ճշդել նախապատուութիւններու դասաւորումը: Ահա այստեղ կը յայտնուի ժամանակամիջոցի ու առկայ միջոցներու հրամայականը: ՀՅ Դաշնակցութեան ընդհանուր ժողովը կ’ուսումնասիրէ աշխարհաքաղաքական իրավիճակը, հայութեան ապրած երկիրներու ու յատկապէս հայաստանամերձ շրջաններու ընդհանուր վիճակը, Հայաստանի կացութիւնը, հայ ժողովուրդի պատրաստակամութիւնը եւ նաեւ իր շարքերու պարզած վիճակը, եւ այս տուեալներու հիման վրայ կը ճշդէ ծրագիրէն բխած ռազմավարութիւն մը, պարտադիր բոլոր շրջաններուն համար:
Ընդհանուր ժողովը այս ձեւով ճշդած կ’ըլլայ տուեալ ժամանակին կատարելի աշխատանքին գլխաւոր թիրախները: Անիկա մարտավարական որոշումներ չի կայացներ, ապակեդրոնացման հիման վրայ զանոնք վստահելով շրջաններու ժողովներուն ու մարմիններուն:
Թուենք այն աշխատանքները, որոնք անհրաժեշտաբար պէտք է հետապնդուին ՀՅ Դաշնակցութեան կողմէ.
1.- Արտասահմանի մէջ
Մերձաւորարեւելեան ու հայաստանամերձ մեր երկու գաղութները կը դիմագրաւեն քաղաքական անկայունութեան, ապահովութեան բացակայութեան եւ տնտեսական տագնապի դժուար իրավիճակներ: Հայութեամբ բաբախուն, գործունեայ, ազգային բազմազան կառոյցներով հարուստ լիբանանեան եւ սուրիական համայնքները կը նօսրանան տարիներէ ի վեր: Նիւթական կարողութիւններու տէր մարդիկ կը գաղթեն երկրէն, կը մեկնին յատկապէս ուսեալ երիտասարդներ, որոնք անմիջական ապագային գաղութային ղեկավարութիւն պէտք է գոյացնէին:
Ոմանք կը հաստատուին Հայաստան, որ ողջունելի է, սակայն ասոնք փոքրամասնութիւն կը կազմեն:
Մեծամասնութիւնը աչքերը ուղղած է դէպի Արեւմուտք: Դժուար, շատ դժուար պայմաններու տակ կ’ապրին Մերձաւորարեւելեան մեր կարեւոր գաղութները:
ՀՅ Դաշնակցութիւնը բնականաբար անտարբեր չի կրնար մնալ վտանգալից կացութեան դիմաց: Դաշնակցութիւնը կը լարէ իր ուժերը կայունացնելու համար վիճակը, գոհացում տալով, իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ, այս գաղութներու տնտեսական, ընկերային եւ ապահովական կարիքներուն:
Մնացեալ շրջաններուն մէջ առաջնահերթը հայկական ինքնութեան պահպանումն է եւ հոն ուր կարելի է, Հայ Դատի հետապնդումը: Նմանապէս, հոն ուր կարելի է, Դաշնակցութիւնը կը մասնակցի տուեալ երկրի քաղաքական կեանքին, հայերու իրաւունքներու պաշտպանութեան հետ Հայաստանին ու Հայ Դատին օգտակար դառնալու հաստատ մտասեւեռումով:
Իբրեւ ընդհանուր կանոն, Դաշնակցութեան համար գաղութներու մէջ վարկի եւ ուժի ամէն կուտակում պէտք է ի սպաս դրուի Հայաստանին, Արցախին ու Հայ Դատին:
Հայաստանէն դուրս, բազմաթիւ գաղութներու մէջ, մեր քաղաքական դերակատարութիւնը երկրին ու արտաքին քաղաքականութեան վրայ չի կրնար որոշիչ ազդեցութիւն ունենալ: Քիչ բացառութիւններ կան: Դաշնակցութիւնը եւ իր ուղեկից կազմակերպութիւնները, պարագայաբար նաեւ հայկական ուրիշ կուսակցութիւններ ու միութիւններ կը բաւականանան հայկական ինքնութեան պահպանման նպատակով իրաւունքներու ու արտօնութիւններու ապահովմամբ եւ Հայաստանին ու Հայ Դատին ի նպաստ քարոզչութեամբ: ՀՅ Դաշնակցութիւնը առաջատար է, գրեթէ ամէնուր, այս մարզերուն մէջ:
2.- Հայաստանի մէջ ուրիշ է մօտեցումը: Եթէ Հայաստանէն դուրս Դաշնակցութիւնը կը գործէ ուշադրութիւնը սեւեռած դէպի Հայաստան ու Արցախ, նոյնինքն Հայաստանի մէջ Դաշնակցութիւնը ուղղակի մասնակից է պետութեան կեանքին: Իրողութիւն մը, որ շատերու կողմէ չի հասկցուիր, երբ կ’ակնկալեն արտասահմանեան տեսակի գործունէութիւն Դաշնակցութեան հայաստանեան կառոյցէն:
32 տարի առաջ անկախացած Հայաստանի մէջ, ինչպէս Հայաստանի մեր հայրենակիցները կ’ըսեն, պետական կառոյցները տակաւին ամբողջապէս չեն կայացած ու պետական մտածողութիւնը չէ արմատացած:
Ժողովրդավարութեան քօղին տակ կը կատարուին գործեր, կը ճշդուին քաղաքական ուղղութիւններ, որոնք ժխտումն իսկ են ժողովրդավարութեան դասական ըմբռնումին:
Դաշնակցութեան հայաստանեան կառոյցը կը գործէ դժուար պայմաններու տակ, արհեստականօրէն ստեղծուող ժխտական մթնոլորտի մէջ ու այս պատճառով իր արգասաբերութիւնը համապատասխան չէ իր թափած ճիգին:
ՀՅ Դաշնակցութեան հայաստանեան կառոյցը սկիզբ առաւ 1990-ի ամրան, ինչպէս ըսուեցաւ այն ատեն՝ վերընձիւղուեցաւ: Գրեթէ միաժամանակ ստեղծուեցան Արցախի եւ Ջաւախքի կառոյցները: Այս կառոյցները ստեղծուեցան ՀՅ Դաշնակցութեան մասին վիպական պատկերացում ունեցող անհատներէ: Մեծ էր թիւը անդամագրուող մտաւորականներու, ուսումնական մարզի աշխատողներու: Նոյն շրջանակներէն կային նաեւ մեծ թիւով համակիրներ: Դաշնակցութեան շարքերուն միացան կարեւոր թիւով երիտասարդներ, առաւելաբար համալսարանական ուսանողութենէն: Շուտով կազմուեցաւ ՀՅԴ Ուսանողական Միութիւնը: Այս բոլորին գաղափարական ուղղուածութեան եւ նուիրումի պատրաստակամութեան նկատմամբ կարելի չէ կասկածանքով մօտենալ: Պակսողը, բնականաբար, կազմակերպական կազմաւորումն էր, որ հապճեպօրէն կարելի չէր իրականացնել:
1988-ին սկսած Ղարաբաղեան պահանջատիրական շարժումը արդէն թեւակոխած էր զինեալ պայքարի փուլը: ՀՅ Դաշնակցութիւնը, ղարաբաղեան առաջին պատերազմին, հաւատարիմ իր յեղափոխական աւանդոյթին, նետուեցաւ հետզհետէ ծաւալող պատերազմի կրակներուն մէջ: Դաշնակցութեան շարքերուն միացած երիտասարդները դարձան Արցախի ազատագրութեան մարտիկներ: Թէեւ Արցախը ազատագրուեցաւ ու հռչակեց իր անկախութիւնը, սակայն հազարաւոր նահատակներու շարքին Դաշնակցութիւնը կորսնցուց իր գաղափարական երիտասարդութեան աւելի քան կէսը:
Դաշնակցութիւնը նոյնիսկ ստեղծեց Շուշիի առանձնակի գումարտակը, իսկ աւելի ուշ՝ Շահումեանի շրջանի անկումէն ետք՝ Ղարաբաղի արծիւները, Շահէն Մեղրեանի ղեկավարութեամբ: Ասոնք հետագային փոխանցուեցան նորակազմ հայկական բանակին:
Դաշնակցութեան վերակազմակերպումը թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Արցախի մէջ մտահոգութեամբ դիմաւորուեցաւ անկախացած Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ: Անոր հետզհետէ աճող ժողովրդականութիւնը վախցուց նախ Ղարաբաղ Կոմիտէն, ապա Հայոց Համազգային Շարժումի ղեկավարութիւնը, որ ինքզինք ժողովրդավար հռչակելով հանդերձ, կը յաւակնէր առանձին ձեւաւորել Հայաստանի նորաստեղծ պետականութիւնը:
Դաշնակցութեան կայացումը Հայաստանի մէջ շատ խութերու հանդիպեցաւ ու բազմաթիւ փորձութիւններ դիմագրաւեց: Կորուստներ ունեցաւ ան, բայց դիմացաւ ու շարունակեց Հայաստանի քաղաքական կեանքին մէջ ներկայութեան մնալ:
Ուղեկից միութիւնները եւս հաստատուեցան, թէեւ համեստ պայմաններով, բայց գործեցին ու կը շարունակեն գործել: Հայ Օգնութեան Միութիւնը եւ ՀՄԸՄ-ը ՀԱՍԿ (Հայաստանի Սկաուտական կազմակերպութիւն) անունին տակ գործուն կազմակերպութիւններ են Հայաստանի մէջ եւ էին նաեւ Արցախի մէջ: Համազգայինը սկսաւ իբրեւ միութիւն եւ ունեցաւ նշանակովի վարչութիւն մը, սակայն նկատի ունենալով, որ ստեղծագործական բոլոր ճիւղերը ունին իրենց միութիւնները, բաւականացաւ գրասենեակի մը ստեղծումով: Այժմ գոյութիւն ունին Երեւանի եւ Կիւմրիի գրասենեակները, իսկ Ստեփանակերտի գրասենեակը կը գործէ Երեւանէն:
Հայաստանի մէջ 2018-ին տեղի ունեցաւ իշխանափոխութիւն մը, զոր կազմակերպողները կոչեցին «Թաւշեայ Յեղափոխութիւն»: Քանի որ վարչաձեւի ոչ մէկ փոփոխութիւն կատարուեցաւ, եղածը սխալ է յեղափոխութիւն որակել: Շուրջ 30 տարիէ ի վեր գործող երկրի իշխանաւորներուն փոփոխութիւնը թերեւս հարկաւոր էր, անկախութեան պայմաններուն տակ աճած նոր սերունդի մը առիթ ընծայելով ստանձնելու երկրին քաղաքական ղեկավարումը:
Սակայն եկող նորերը, անփորձ բայց յաւակնոտ, երկիրը առաջնորդեցին պատերազմի Ատրպէյճանի հետ եւ ստեղծեցին վտանգաւոր վիճակ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Արցախի համար: Արցախը կորսնցուցինք, Հայաստանէն հատուածներ գրաւուեցան եւ վտանգը կը շարունակէ մնալ ահազանգիչ:
Հայաստանի իշխանութիւնները կը յայտարարեն, որ կը վարեն քաղաքականութիւն մը, որ Հայաստանը պիտի վերածէ «խաղաղութեան խաչմերուկի»: Կ’ըսեն ու կը կրկնեն, որ մեր հայրենիքը Հայաստանի Հանրապետութիւն կոչուող պետութիւնն է միայն: Ո՛չ Արցախ կայ, ո՛չ Արեւմտեան Հայաստան: Հայ Դատ գոյութիւն չունի: Ցեղասպանութիւն չէ եղած: Հայաստանի մէջ Արցախի պետական հիմնարկներու գործունէութիւնը իբրեւ գաղթական իշխանութիւն, կը նկատուի վտանգաւոր Հայաստանի պետական անվտանգութեան համար: Շփոթելով իշխանութիւնը պետութեան հետ, ամէն քննադատութիւն կը մերժուի եւ ընդդիմադիրները հալածանքի կ’ենթարկուին: Անգամ մը եւս ՀՅ Դաշնակցութիւնը կանգնած է իր սկզբունքներուն հաւատարմութեամբ գործելու դժուարութեան առջեւ:
Ազգին ու հայրենիքին նկատմամբ պատասխանատուութիւնը կ’արգիլէ Հայաստանի ապահովութիւնը խախտող միջոցառումներու դիմել: Ժողովուրդը պատերազմի արդիւնքէն շշմած, հոգեբանական տեղատուութեան ենթարկուած է ու չի գայթակղիր այսքան բացորոշ սխալներու առիթով:
Դաշնակցութիւնը ձեռնածալ չի կրնար մնալ հայոց պատմութիւնը ժխտող, Հայ Դատը նսեմացնող երեւոյթներուն նկատմամբ: Ստեղծուած նոր ու աննախընթաց կացութեան յանդիման, բոլոր ազգային ուժերը, եւ անոնց կարգին ՀՅ
Դաշնակցութիւնը, կը փնտռեն կացութիւնը շրջելու ուղիներ: Ու թէեւ ուղիները գոյութիւն ունին, սակայն կրնան ապակայունացնել Հայաստանը եւ առիթ տալ թշնամիին անգամ մը եւս Հայաստանէն բաժիններ գրաւելու: Ուրեմն զգուշութիւնը պայման է:
Անհրաժեշտութիւն կայ ընդդիմադիր ու ազգային ուժերը միաւորելու եւ ստեղծելու ազգային փրկութեան ճակատ մը:
Բոլորին ճիգերը, Հայաստանէն Արցախ ու Ջաւախք, Լիբանան-Սուրիայէն մինչեւ եւրոպական ցամաքամաս, Հիսիսային Ամերիկայէն մինչեւ Հարաւային Ամերիկա, Աւստրալիա, բոլորին, բոլորին ճիգերը պէտք է միաւորուին ի խնդիր Արցախի ու Հայաստանի փրկութեան:
ՀՅ Դաշնակցութիւնը վերահաս վտանգին դիմաց, ինչպէս միշտ իր գոյութեան 133 տարիներու պատմութեան տեւողութեան պարտի վերանայիլ իր ռազմավարութիւնը եւ ստանձնել հայրենիքի փրկութեան գործին ղեկավարութիւնը:
Գործ կայ ընելիք, կարելի չէ յապաղիլ, կարելի չէ դանդաղիլ, կարելի չէ տատամսիլ: Իրաւունք չունինք, ուրեմն՝
Յառա՜ջ դէպի անխուափելի յաղթանակ: