ՀՅԴ Արամ Մանուկեան երիտասարդական կեդրոնին մէջ 18 Դեկտեմբերին արցախեան մթնոլորտ կը տիրէր, քանի որ տեղի ունեցած է ՀՅԴ Արցախի Պատանեկան Միութեան առաջին ընկերային ձեռնարկը, որուն կը մասնակցէին աւելի քան 50 պատանիներ Արցախի տարբեր շրջաններէն։
Ծրագիրի ընթացքին պատանիները առիթ ունեցան ծանոթանալու իրարու հետ, խաղալու, երգելու, եւ ճաշակելու արցախեան ուտեստներ։ Ծրագիրին կը մասնակցէին նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի Պատանեկան Միութեան խումբ մը անդամներ։
Ծրագիրին ուրախ աւարտը ապահոված է ՀՅԴ ԱՄՆ Արեւելեան շրջանի Երիտասարդական Միութիւնը՝ պատանիներուն նուիրելով դպրոցական պայուսակներ եւ գրենական պիտոյքներ։
Այսպիսով, ստեղծուած նոր պայմաններով ՀՅԴ Արցախի Պատանեկան Միութիւնը առաջարկած է դառնալ նոր հարթակ՝ արցախցի պատանիները միաւորելու եւ անոնց համար հարազատ ու անմիջական մթնոլորտ ստեղծելու եւ ստեղծուած իրավիճակէն անոնց հեռացնելու համար։