Շաբաթ, 16 Դեկտեմբեր 2023-ին, առաւօտեան ժամը 9։30-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի նախագահութեամբ, Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ առաւօտեան ժամերգութիւն, ապա աղօրհներգ կատարուեցաւ, առ ի պատրաստութիւն Ս. Յակոբ Մծբնայ հայրապետին եւ համանուն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնակատարութեան։
Սրբազան Հօր կողքին արարողութեան ներկայ գտնուեցան Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան, Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան, Արժ. Տ. Պսակ քհնյ. Պէրպէրեան եւ ժողովուրդի զաւակները։

Այս առիթով, Սրբազան Հայրը իր պատգամը ուղղեց ժողովուրդին, դիտել տալով, որ սուրբերուն հաստատուն հաւատքն ու սրբակենցաղ կեանքը օրինակ կը հանդիսանան մեզի, առաւել գօտեպնդուելու եւ իրենց կեանքէն դասեր քաղելով քրիստոնէավայել կեանք մը ապրելու։
Սրբազան Հայրը հրաւիրեց ժողովուրդի զաւակները, որպէս քրիստոնեաներ, Քրիստոսը ապրեցնելու իրենց կեանքին մէջ եւ առաքինի վարքով ու գործերով իսկապէս դառնան Աստուծոյ որդիներ։
Այնուհետեւ, շրջափակէն ներս, Սրբազան Հօր օրհնութեամբ ոչխարներու զենում կատարուեցաւ, առ ի պատրաստութիւն աւանդական հերիսային։