Ուրբաթ, 15 Դեկտեմբեր 2023-ի յետմիջօրէին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, Գամիշլիի Փոխանորդարանի դահլիճէն ներս ընդունեց այցելութիւնը Գամիշլիի ապահովական ուժերու պատասխանատու Հիքմաթ ալ-Ռաֆայիի: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան, Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան, Արժ. Տ. Պսակ քհնյ. Պէրպէրեան, ազգային երեսփոխաններ եւ Գամիշլիի թաղականութեան անդամներ:

Ապահովական ուժերու պատասխանատուն բարի գալուստ մաղթեց Սրբազան Հօր։ Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին արծարծուեցան ներկայիս տիրող իրավիճակը եւ եղբայրական փոխ-գործակցութեամբ բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարելու կարելիութիւնը։

Սրբազան Հայրը, Թեմի ժողովականութեան եւ ժողովուրդին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց այցելութեան համար եւ բարեյաջող գործունէութիւն մաղթեց անոր։