Կիրակի, 17 Դեկտեմբեր 2023-ի գիշերուան ժամը 22:05-ին, Իսրայէլ բազմաթիւ հրթիռներ արձակեց Կոլանէն Դամասկոսի
արուարձանին ուղղութեամբ։

Օդային յարձակումին հետեւանքով երկու զինուոր վիրաւորուեցաւ եւ նիւթական վնասներ արձանագրուեցան։

Սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրին հրթիռներուն եւ վար առին անոնց մեծամասնութիւնը։