Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ նախագահեց Պաաս Կուսակցութեան կեդրոնական յանձնախումբին կուսակցական ընտրութիւններու առնչուող ժողովին։
Նախագահ Ասատ շեշտեց, որ պատերազմը այսօր ճշմարտութեան պատերազմն է։ Պաղեստինի մէջ պատահածը սէոնիստութեան գերիշխանութիւնը տկարացուց համաշխարհային գետնի վրայ եւ փաստեց, որ դատին կառչիլը կը փրկէ հայրենիքը։ Պաղեստինի ժողովուրդը մնաց կառչած իր դատին։ Նախագահ Ասատ յայտնեց, որ արեւմուտքի պատասխանատուներուն «Իսրայէլը» պաշտպանելու համար գործած յարձակումները կը նմանին մօր մը զաւկին պաշտպանելուն, որովհետեւ «Իսրայէլ» բռնատիրութեան օրինական զաւակն է։
Նախագահը շեշտեց, որ ներկայ պատերազմը ճշմարտութեան պատերազմն է։ Ճշմարտութեան յաղթողը պատերազմին կը յաղթէ, իսկ վերջին քանի մը տարիներուն Պաղեստինի մէջ պատահածը Պաղեստինեան դատին տուաւ համաշխարհային մասշտապ։