Զարմիկ Պօղիկեան․ «Եթէ մշակութային ժառանգութիւնդ պահելու, կիրարկելու եւ զարգացնելու ընդունակ ես, անմահ ես որպէս ազգ»

Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լ.Շանթ» մասնաճիւղի վարչութեան, Կիրակի, 17 Դեկտեմբեր 2023-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին Դամասկոսի «Ահարոնեան» կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան հիմնադրման 95-ամեակին նուիրուած յոբելենական հանդիսութիւն, ներկայութեամբ «Ահարոնեան» կեդրոնի վարչութեան ներկայացուցիչ Արմէն Ուրֆալեանի, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Ռէիսեանի, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան ատենապետ Ռաֆֆի Սիւլահեանի եւ անդամ Սագօ Արսլանեանի, Դամասկոսի ներկայացուցիչ Վազգէն Պէլեանի, «Գանձասար» շաբաթաթերթի խմբագիրին, հայկական բարեսիրական, մարզական, երիտասարդական եւ պատանեկան միութիւններու շրջանային եւ տեղական վարչութեանց ներկայացուցիչներուն, Ազգ. Միացեալ Ճեմարանի Հոգաբարձութեան, հրաւիրեալներու, համազգայինի անդամներու եւ համակիրներու։
Սրահի մուտքին հայկական տարազներ հագած երիտասարդուհիներ` Նայիրի Միսիրեան, Մարիա Յարութիւնեան եւ Մարալ Սեւերեկլեան յոբելեար միութեան յատուկ կրծքազարդերով դիմաւորեցին ժողովուրդը։
Հանդիսութիւնը սկսաւ ներկաներուն մէկ վայրկեան յոտնկայս մեր բիւրաւոր նահատակներուն յիշատակը յարգելով, ապա Սուրիոյ ու Հայաստանի զոյգ քայլերգներու ունկնդրութեամբ։
Օրուան հանդիսավար Դալար Թովմասեան վարչութեան անունով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, յայտնելով, որ յոբելենական տարեդարձները խթանող ազդակներ են շարունակելու Համազգայինի հիմնադիրներուն սկսած նուիրական գործը։
Վարչութեան ատենապետ Սոնա Անտրեան անդրադարձաւ Համազգայինի յոյժ կարեւոր դերակատարութեան եւ ազգապահպանման առաքելութեան ու ըսաւ. «Մշակոյթն է մարդուն ինքնութիւնը կերտողը, ազգի մը ինքնութիւնը սահմանողը. հետեւաբար հայ ժողովուրդի աւիշն ու շունչը՝ հայ մշակոյթն է։ Երբ չկայ հայկական մշակոյթ, չկայ հայկական կեանք, չկայ հայ»։
Ան յայտնեց, որ 95-ամեայ Համազգայինը իր հաստաբուն կաղնիով եւ խիտ սաղարթներով, աննահանջ պիտի շարունակէ երթը` մշակոյթի պահպանման, զարգացման ու տարածման վեհ առաքելութիւնը, նորանոր ամեակներ նուաճելու տեսլականով։
Գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկան Ռուզան Սեւերեկլեան` իւրայատուկ եւ տպաւորիչ առոգանութեամբ ասմունքելով Վահագն Դաւթեանի «Հաւատում Եմ Քեզ» քերթուածը, ապա ջութակով Արէն Սեդիկեան նուագեց Առնօ Պապաճանեանի «Էլէկիա»-ն , իսկ Սերժ Պոյաճեան «Գետաշէն»-ը․ անոնք իրենց հմուտ կատարումով հայ երաժշտութեան գեղեցկութիւնը ցոլացուցին։ Այնուհետեւ Լեւոն Ապաճեան իր թովիչ ձայնով հրապուրեց ներկաները՝ մեկնաբանելով Սայաթ Նովայի «Քամանչա», «Յիս Քու Ղիյմէթն», ինչպէս նաեւ Կոմիտասի «Հոյ Նազան Իմ», «Սարի Սիրուն Եար» երգերը։
Գեղարուեստական յայտագիրին մասնակիցները իրենց իւրայատուկ կատարումներով հոգեկան թռիչք տուին ներկաներուն, որոնք մտքով սաւառնեցան դէպի հայկական լեռնաշխարհ՝ ապրելով չնաշխարհիկ պահեր։
Օրուան բանախօսն էր «Գանձասար» շաբաթաթերթի խմբագիր Զարմիկ ՉիլԱբօշեան-Պօղիկեան։
Ան իր խօսքը սկսաւ հետեւեալ միտքը արտայայտելով ․«Եթէ մշակութային ժառանգութիւնդ պահելու, կիրարկելու եւ զարգացնելու ընդունակ ես, անմահ ես որպէս ազգ։ Պատերազմներու հետեւանքով քարեղէն կառոյցները կրնան փուլ գալ, թշնամին դիտումնաւոր կերպով կրնայ քանդել իր բռնագրաւած տարածքներուն մշակութային կոթողները, այնպէս ինչպէս Ատրպէյճան կը կատարէ հայկական Արցախի մէջ՝ անհետացնելու հայ բնակչութեան պատմական հետքն անգամ, սակայն ազգի մը զաւակներուն ոգեղէն հարստութիւնը, մշակութային արժէքները եթէ պահպանուին, ազգը ոչ միայն չի կորչիր, այլեւ պահպանելով իր ինքնութիւնը կրկին կ՛արարէ, կը հարստացնէ իր մշակոյթը ու կը ծաղկի։ Այս խորհուրդին մարմնացումն է Համազգայինի հիմնադրութիւնը, 95-ամեայ երթն ու աշխարհասփիւռ անոր կառոյցին գործունէութիւնը»։
Ապա Պօղիկեան անդրադարձաւ Համազգայինի հիմնադրութեան օրերուն հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն, օսմանեան կայսրութեան ծրագրած ու գործադրած Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով արեւմտահայութեան մշակութային հարստութեան կողոպուտին, հայ մտաւորականներու սպանդին, որմէ ետք լուսարձակի տակ առաւ Համազգայինի հիմնադիրներու տեսլականն ու կամքը՝ կորուստէ փրկելու ու վերակազմակերպելու ցեղասպանութեան ենթարկուած ու աշխարհով մէկ ցրուած մեր ազգը, պահելու անոր ինքնութիւնն ու մշակութային ժառանգութիւնը, կրթելու սերունդները, հայագիտութեան սերմեր ցանելու անոնց մէջ ու մշակութային գործունէութեան շուրջ համախմբելով կազմակերպ հաւաքականութեան վերածելու սփիւռքահայութիւնը։
Բանախօսը ներկայացուց Համազգայինի կազմաւորման իւրաքանչիւր շրջան, պարզեց թէ ինչպէս կրթական ծրագիրով սկսած համազգային ընկերակցութիւնը տարիներու ընթացքին ծաւալելով իր գործունէութիւնը դարձաւ կրթական եւ մշակութային համազգային միութիւն, աւելի քան 50 մասնաճիւղեր ունենալով աշխարհի չորս ծագերուն, նոյնիսկ Հայաստանի ու Արցախի մէջ գրասենեակներ հիմնելով։
Ապա Պօղիկեան անդրադարձաւ Համազգայինի Սուրիոյ կառոյցին ու ծաւալած գործունէութեան եւ եզրափակելով ըսաւ, որ ներկայիս Համազգայինը կը դիմագրաւէ մարտահրաւէրներ։ Սփիւռքի տարբեր գաղութներու յարափոփոխ պայմանները պատճառ կը դառնան հայ սերունդներուն մօտ լեզուի ու մշակոյթի նկատմամբ հետաքրքրութեան նուազումին եւ օտար միջավայրերու մէջ ձուլման։ Հարկ է աշխատիլ կրկնակի թափով՝ երիտասարդ սերունդները հաղորդակից պահելու հայ գիր ու գրականութեան, հայ մշակոյթին, օգտագործելով ժամանակակից միջոցներ ու առցանց հարթակներու վրայ մշակութային ծրագիրներու շուրջ ի մի բերելով հայ երիտասարդութիւնը, որպէսզի ան ճանչնայ իր մշակոյթը, աղերսուի անոր հարուստ բովանդակութեան ու իր մշակոյթով իսկ հարստացած յարաբերութիւններ մշակէ նաեւ այլ մշակոյթներու հետ՝ հայկական ինքնութեան պահպանման յառաջապահը մնալով։
Այնուհետեւ Դալար Թովմասեան ընթերցեց Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ.Վարչութեան այս առիթով առաքած շնորհաւորական գիրը` ուղղուած Դամասկոսի «Լ․Շանթ» մասնաճիւղի վարչութեան։
Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան կողմէ ատենապետ Ռաֆֆի Սուլահեան խորհրդանշական յուշանուէրներ յանձնեց բանախօս Զարմիկ Պօղիկեանին, Շրջ. Վարչութեան Դամասկոսի ներկայացուցիչ Վազգէն Պէլեանին եւ «Լ.Շանթ» մասնաճիւղի վարչութեան, որմէ ետք ան խօսք առնելով բարձր գնահատեց մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած յոբելենական հանդիսութիւնը եւ ներկաները խրախուսեց իրենց զաւակները վստահելու Համազգայինին, որպէսզի հաղորդ դառնան հայ մշակոյթին եւ պահպանեն ազգային իրենց ինքնութիւնը։
Հուսկ տեղի ունեցաւ 95-ամեակի կարկանդակի հատում, ապա կոկիկ հիւրասիրութեամբ մը յոբելենական հանդիսութիւնը աւարտին հասաւ։
Հանդիսականները հայ մշակոյթի անդաստանին մէջ պտոյտ մը կատարելով ոգեւորուեցան եւ համազգայինի հիմնադիրներու պատգամներուն անգամ մը եւս աղերսուելով՝ անոնց մտքի լոյսով լուսաւորուեցան: