Կիրակի, 17 Դեկտեմբեր 2023-ի միջօրէին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, վերանորոգուած «Կիւլպէնկեան» սրահին հանդիսաւոր բացումը կատարեց, ներկայութեամբ՝ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեանի, Արժ. Տ. Պսակ քհնյ. Պէրպէրեանի, շրջանի ազգ. երեսփոխաններու, պատկան մարմինի ներկայացուցիչներու, Գամիշլիի թաղական խորհուրդին, եկեղեցասիրաց յանձնախումբին, ազգային վարժարաններու հոգաբարձութեան եւ տնօրէններուն, կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցչական կազմին, բարեսիրական, մարզական, մշակութային միութիւններու եւ ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներուն։

Սրբազան Հայրը, ընկերակցութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդին, հատեց ժապաւէնը եւ բարեկարգուած սրահին մէջ շրջելով իր ուրախութիւնը յայտնեց տարուած բծախնդիր աշխատանքին համար:
Յիշենք, որ սրահի բարեզարդումին նախագիծը աշխատանքն է երիտասարդուհի Ռիթա Կարապետեանի:

Այս առիթով, Սրբազան Հայրը գնահատեց Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդին եւ թաղական խորհուրդին տարած աշխատանքը եւ մաղթեց, որ գամիշլիահայ միութիւններուն եւ մարմիններուն հետ միասին շահեկան ձեռնարկներ կազմակերպեն սրահէն ներս, առաւել եւս պայծառացնելով ազգային-եկեղեցական կեանքը:
Աւարտին, մտերմիկ մթնոլորտի մէջ, սիրոյ սեղան սարքուեցաւ սրահէն ներս: