Կիրակի, 17 Դեկտեմբեր 2023-ի
առաւօտուն, Գամիշլիի Ս. Յակոբ
եկեղեցւոյ մէջ, յընթացս Ս. Յակոբ Մծբնայ
Հայրապետի եւ համանուն եկեղեցւոյ
անուանակոչութեան տօնին նուիրուած
եպիսկոպոսական Պատարագին, Մեծի
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ
Ա. Վեհափառ Հայրապետին
տնօրինումով, Բերիոյ Հայոց Թեմի
Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար
Սրբ. Եպս. Աշգարեանի ձեռամբ, Թեմի
հոգեւորականաց դասէն Արժ. Տ. Պսակ
Քհնյ. Պէրպէրեան ծաղկեայ փիլոն կրելու
պատիւին արժանացաւ:

Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ
Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան ընթերցեց
Վեհափառ Հայրապետին սրբատառ
կոնդակը, ուր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ
Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ
Հայրապետ ընդառաջելով Առաջնորդ
Սրբազան Հօր խնդրանքին, Ճեզիրէ
շրջանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ.
Պէրպէրեանին կը շնորհէ ծաղկեայ փիլոն
կրելու արտօնութիւն, որ խթան պիտի
հանդիսանայ առաւել նուիրումով
շարունակելու իր քահանայական
ծառայութիւնը հայ եկեղեցւոյ
անդաստանէն ներս։ Ներկաները
յոտնկայս ունկնդրեցին հայրապետական
կոնդակը: Ապա, Քահանայ Հայրը ծունկի
գալով Առաջնորդ Սրբազան Հօր ձեռամբ
ստացաւ ծաղկեայ փիլոնն ու իրեն
ուղղուած հայրապետական սրբատառ
կոնդակը:

Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Քահանայ
Հայրը եւ Ճեզիրէի հայութիւնը այս
առիթով: Ան յայտնեց, թէ Ճեզիրէի
Առաջնորդական Փոխանորդին եւ
Գամիշլիի Թաղական Խորհուրդին
խնդրանքին ընդառաջելով, դիմում
կատարուեցաւ Վեհափառ Հայրապետին,
որուն տնօրինումով եւ մեր ձեռամբ
երկար տարիներու ծառայութիւն ունեցող
Քահանայ Հայրը ծաղկեայ փիլոն կրելու
արտօնութիւն ստացաւ: Սրբազան Հայրը
դրուատիքով անդրադարձաւ Ճեզիրէ
շրջանէն ներս Քահանայ Հօր
աստուածային սիրով, Քրիստոսի հանդէպ
հաւատքով եւ ժողովուրդին նկատմամբ
հովիւի գիտակցութեամբ մատուցած
ծառայութեան։ Սրբազան Հայրը աղօթեց,
որ Աստուած զինք առաւել եւս զօրացնէ,
Իր օրհնութիւններով եւ բարիքներով
շնորհազարդէ, որպէսզի շարունակէ իր
ծառայութիւնը Աստուծոյ փառքին եւ
եկեղեցւոյ պայծառացման համար, հայ
եկեղեցւոյ եւ ընդհանրական եկեղեցւոյ
մեծագոյն սուրբերէն Ս. Յակոբի
օրինակին հետեւելով: