Կիրակի, 17 Դեկտեմբեր 2023-ի առաւօտուն, Սուրբ Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի եւ Գամիշլիի համանուն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, եպիսկոպոսական Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ: Պատարագին ներկայ գտնուեցան շրջանի ազգ. երեսփոխաններ, պատկան մարմինի ներկայացուցիչներ, Գամիշլիի թաղական խորհուրդը, ազգային վարժարաններու հոգաբարձութիւններն ու տնօրէնները, կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսուցչական կազմերը, բարեսիրական, մարզական, մշակութային միութիւններու եւ ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ ուխտաւորներու հոծ բազմութիւն:

Սրբազան Հօր հանդիսաւոր թափօրը սկիզբ առաւ Փոխանորդարանի դահլիճէն եւ մուտք գործեց եկեղեցի «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեան ներքոյ:
Առաջնորդ Սրբազան Հօր առընթերականերն էին Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան եւ Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան: Եկեղեցւոյ դպրաց դասին հոգեպարար երգեցողութեամբ հնչեցին հայ եկեղեցւոյ հարուստ շարականները:

Առաջնորդ Սրբազան Հօր հայրական պատգամին բնաբանն էր՝ օրուան աւետարանական հատուածը (Ղկ 17.1-10), որուն ընդմէջէն Սրբազան Հայրը պարզեց երեք ճշմարտութիւններ, որոնք իրենց առաքինի կեանքով եւ ծառայութեամբ գործադրած են Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետ, Մարուգէ ճգնաւորն ու Մելիտոս եպիսկոպոսը.-
Ա. Մեղքէ հեռու ըլլալ եւ ներողամտութեամբ վարուիլ մեր նմաններուն հետ: Այլ խօսքով, գաղթակղութենէ եւ մեղքէ հեռու մնալու համար անհրաժեշտ է, որ մեր հայեացքը կեդրոնացնենք Քրիստոսի վրայ եւ Իր օրինակին հետեւինք: Իսկ ներողամիտ ըլլալու համար սիրող սիրտ պէտք է ունենանք, որովհետեւ ներողամիտ սիրտը քաջութիւն կ’ենթադրէ եւ քաջութեան աղբիւրը ճշմարիտ սէրն է: Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ իսկական քրիստոնեան, Քրիստոսի ներողամտութեան գեղեցկութիւնը կը վայելէ, հետեւաբար, ան չի կրնար անձնասէր եւ կղզիացեալ կեանք ապրիլ, այլ ուրիշին բարիքը կը մտածէ:
Բ. Հաւատքի զօրութիւն ունենալ: Քրիստոս ըսաւ. «Եթէ մանանեխի հատիկի մը չափ հաւատք ունենաք եւ ըսէք այս թզենիին. «Արմատախիլ եղիր եւ ծովուն մէջ տնկուէ» պիտի հնազանդի ձեզի»: Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ հաւատքը Քրիստոսի ներկայութիւնն է մեր կեանքին մէջ: Քրիստոսը ունենալով ամէն ինչ կարելի կը դառնայ: Ս. Յակոբին հաւատքը՝ ճգնաւորութեամբ, աղօթքով եւ ծոմապահութեամբ այնքան զօրացաւ, որ սկսաւ հրաշքներ գործել:
Գ. Ծառայութեան հոգի ունենալ: Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ ինչ ոլորտի մէջ որ կը ծառայենք, անհրաժեշտ է, որ քրիստոնէական հասկացողութեամբ ծառայենք, առանց գնահատական ակնկալելու, այնպէս ինչպէս Տէրը կ’ըսէ. «Անպիտան ծառաներ ենք, ինչ որ պարտաւոր էինք ընել՝ կատարեցինք»:
Սրբազան Հայրը եզրափակելով յայտնեց, թէ Քրիստոսի կենդանարար խօսքին ընդմէջէն եւ Ս. Յակոբին օրինակը ունենալով մեզ հրաւէր կը կարդացուի՝ սիրով, ներողամտութեամբ եւ հաւատքով ծառայելու եւ մեր կեանքը յատկանշելու աստուածահաճ ծառայութեամբ:

Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Յակոբ անունը կրող հայորդիները եւ աղօթեց, որ Ս. Յակոբին ու բոլոր սուրբերուն բարեխօսութեամբ Աստուած ողորմի Հայաստանին, Արցախահայութեան, ծննդավայր Սուրիոյ, Լիբանանի եւ ողջ աշխարհին:

Հաւատացեալները երկիւղածութեամբ միասնաբար երգեցին «Տէրունական աղօթք»-ը, ապա նաեւ «Տէր Ողորմեա՛»-ն, հայցելով Աստուծոյ ողորմութիւնը:
Պատարագի աւարտին, Սրբազան Հայրը Ս. Յակոբի մասունքով մատաղի օրհնութիւն կատարեց:

Այնուհետեւ, Սրբազան Հայրը թափօր կազմած եւ «Ուրախ Լեր» շարականի երգեցողութեամբ դուրս եկաւ եկեղեցիէն, ուղղուելով դէպի Փոխանորդութեան շրջափակ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Գամիշլի մասնաճիւղի փողերախումբին, տարազաւոր սկաուտներուն, դպրաց դասին եւ հոծ բազմութեան մասնակցութեամբ:
Այս առիթով, Սրբազան Հայրը իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով բարձրօրէն գնահատեց Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանը, Ճեզիրէ շրջանէն ներս իր անձնուրաց ծառայութեան համար: Ան գնահատեց Արժ. Տ. Պսակ քհնյ. Պէրպէրեանը, ազգային երեսփոխանները, պատկան մարմինի անդամները, Գամիշլիի, Հասիչէի եւ Տերիքի թաղականութիւնները, Տիկնաց միութիւնը, ազգային վարժարաններու հոգաբարձութիւններն ու տնօրէնները, կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսուցչական կազմերը, ազգային մարմիններու ներկայացուցիչները եւ գամիշլիահայութեան բարեսիրական, մարզական եւ մշակութային միութիւնները, որոնք մեծ սիրով եւ համագործակութեամբ կը շարունակեն իրենց վստահուած ազգանուէր եւ եկեղեցանուէր ծառայութիւնը:
Յիշենք, որ նախորդ օրը, Սրբազան Հայրը այցելեց մատաղի պատրաստութեան վայրը, ուր տարուած աշխատանքը օրհնելով՝ առաջին կրակը վառեց։
Աւարտին, եկեղեցւոյ դահլիճէն ներս տեղի ունեցաւ աջահամբոյր՝ ի պատիւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր: