Նախագահութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի
Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար
Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, Շաբաթ, 16
Դեկտեմբեր 2023-ին, յետմիջօրէի ժամը
5:00-ին, Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի
տօնին առիթով նախատօնակ
կատարուեցաւ, Գամիշլիի Ս. Յակոբ
եկեղեցւոյ մէջ, ներկայութեամբ՝ Ճեզիրէի
Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ.
Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, Հոգշ. Տ. Արմէն
Աբղ. Գալաճեանի, Ճեզիրէի հոգեւոր հովիւ
Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանի,
Գամիշլիի թաղականութեան,
միութիւններու եւ ազգային մարմիններու
անդամներու եւ մեծաթիւ
հաւատացեալներու:
Արարողութեան աւարտին, Սրբազան
Հայրը օրհնուած մոմեր նուիրեց Ճեզիրէի
զանազան շրջաններէն ժամանած Յակոբ
անունը կրող հայորդիներուն։

Այնուհետեւ, Սրբազան Հայրը
պատուիրակութեամբ ուղղուեցաւ դէպի
փոխանորդարանի բակը, ուր Ս. Յակոբ
եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցին
կազմակերպութեամբ, տօնական
մթնոլորտի մէջ աւանդաբար տեղի
ունեցաւ տօնածառի եւ մսուրի
լուսաւորում՝ Գամիշլիի, Հասիչէի եւ Տէրիքի
կիրակնօրեայ դպրոցներու
աշակերտներուն եւ իրենց ծնողներուն
հոծ ներկայութեամբ։

Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ
Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան բարի
գալուստ մաղթեց Առաջնորդ Սրբազան
Հօր, Հայր Սուրբին, Գամիշլիէն, Հասիչէէն
եւ Տէրիքէն համախմբուած կիրակնօրեայ
դպրոցներու աշակերտներուն եւ անոնց
ծնողներուն:

Կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտները,
կաղանդ պապուկի գլխարկներով
հանդէս եկան, ներկայացնելով
գեղարուեստական տօնական յայտագիր
մը: Անոնք նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդին
նուիրուած երգեր երգեցին,
խանդավառելով ներկաները։ Խումբ մը
աշակերտներ, Յիսուս մանուկի ծնունդը
խորհրդանշող մսուրը կենդանի
պատկերով ներկայացուցին, Ս. Ծնունդի
խորհուրդը փոխանցելով ներկաներուն։

Կիրակնօրեայ դպրոցի տեսուչ Արժ. Տ.
Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան խօսք
արտասանելով յայտնեց, թէ
կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտները
հոգեւոր դաստիարակութիւն ստանալով
սորված են իրենց ուրախութեան
պահերուն նաեւ ուրախացնել ուրիշները:
Քահանայ Հայրը իր ուրախութիւնը
յայտնեց Գամիշլիի, Հասիչէի եւ Տէրիքի
կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսուցչական
կազմերուն եւ աշակերտներուն
ներկայութեան համար: Այս առիթով, ան
շնորհակալական խօսք ուղղեց Ճեզիրէ
շրջանի թաղական խորհուրդներուն,
որոնց աշխատանքով այսօր մէկտեղ
համախմբուեցան կիրակնօրեայ
դպրոցներու անձնակազմերը:
Շնորհակալութիւն յայտնեց ձայնայինի
պատասխանատու Նարեկ Մելքոնեանին,
նաեւ Գեղարդ Մելքոնեանին, Քրիստ
Միքայէլեանին եւ Ռատէօ Երազի
յանձնախումբին: Ան յատուկ
շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ
Սրբազան Հօր՝ իր հայրական
հոգածութեան եւ ներկայութեան համար,
նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց
Սրբազան Հօր ընկերակցող Հոգշ. Տ.
Արմէն Աբղ. Գալաճեանին, ինչպէս նաեւ
Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ
Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանին՝ իր
զօրակցութեան եւ օժանդակութեան
համար:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր սրտի
խօսքը փոխանցելով, իր ուրախութիւնը
յայտնեց Տիրոջ տուած շնորհքներուն
համար։ Ան դիտել տուաւ, որ թէեւ
Հայաստանը, Արցախահայութիւնը,
Սուրիան, Լիբանանը եւ ողջ աշխարհը
դժուարութեան մէջ կը գտնուին, սակայն
ատով հանդերձ Աստուած մեզ կը սիրէ, կը
պաշտպանէ եւ այս գեղեցիկ առիթը
ընծայեց, որպէսզի միասին ուրախանանք
եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան
ճամբով մեզի հետ ուրիշները եւս
ուրախացնենք, այնպէս ինչպէս Աստուած
կատարեց, երբ աշխարհ ղրկեց իր
Միածին Որդին՝ Յիսուս Քրիստոսը, որ
մեզի պէս մարդ դարձաւ եւ մսուրի մէջ
դրուեցաւ, որպէսզի խաւարով եւ մեղքով
լեցուն աշխարհը Իր կենդանի
ներկայութեամբ լուսաւորէ եւ Ինքզինք
ընծայաբերէ որպէս մեծագոյն նուէր՝
ուրախացնելու համար ողջ աշխարհը:
Սրբազան Հայրը ըսաւ. «Այսօր
կրկնակիօրէն ուրախ եմ, որովհետեւ Ս.
Յակոբ Մծբնայ հայրապետի տօնին
յիշատակման առիթով ձեր մէջ կը
գտնուիմ եւ ինծի հետ կը բերեմ
ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները
Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային
Իշխանութեան, ժողովականութեան, ողջ
ժողովուրդին եւ այստեղ մէկ դարձած Նոր
Տարուան եւ Ս. Ծննդեան շարականներով
կը փորձենք ուրախ մթնոլորտը ապրիլ եւ
յիշեցնել աշխարհին, որ քրիստոնէական
հոգիով մեր Տէրը աշխարհ եկաւ՝
ուրախութիւն, խաղաղութիւն եւ
համերաշխութիւն սփռելու: Այսօր մենք
անգամ մը եւս կը վկայենք, որ Աստուծոյ
զաւակներն ենք, ունինք Իր
խաղաղութիւնը մեր սրտերուն մէջ,
վայելած ենք աստուածային սէրը եւ կը
փորձենք համերաշխութիւնը ապրիլ եւ
այստեղ մարմնաւորելով ամբողջ
աշխարհին տարածել, ցոյց տալով, որ
կարելի է խաղաղութեամբ, սիրով եւ
համերաշխութեամբ ապրիլ միասին»:
Ան հրաւիրեց ծնողները ջերմ
ծափողջոյններով գնահատելու
կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտները,
որոնք գեղեցկօրէն ներկայացուցին
գեղարուեստական յայտագիրը:
Սրբազան Հայրը յատուկ կերպով
շնորհաւորեց եւ գնահատեց Ճեզիրէի
Առաջնորդական Փոխանորդը, որ
այնքան նուիրուածութեամբ եւ սիրով կը
ծառայէ Ճեզիրէ շրջանին մէջ եւ Ճեզիրէի
հայութեան հետ մէկ դարձած՝ իր ամբողջ
շնորհքներն ու կարողութիւնները ի սպաս
կը դնէ՝ ծաղկեցնելու համար բոլոր
շրջանները եւ նոր շունչ ու հոգի բերելու:
Ան շնորհաւորեց եւ գնահատեց Արժ. Տ.
Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանը, որ որպէս
կիրակնօրեայ դպրոցներու տեսուչ,
ուսուցիչ, քարոզիչ եւ քահանայ հայր, չի
զլանար իր պարտականութիւնը
կատարելու, երէցկինին եւ ուսուցչական
կազմերուն հետ, որոնք Գամիշլիի,
Հասիչէի եւ Տէրիքի մէջ նուիրուածութեամբ
իրենց առաքելութիւնը կը կատարեն:
Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց թաղական
խորհուրդները, տիկնաց
յանձնախումբերը եւ միութիւնները, որոնք
աշխատանքի լծուած իրենց ներդրումը կը
բերեն: Ան երախտագիտութիւն եւ
շնորհակալութիւն յայտնեց
բարեսիրական հաստատութիւններուն,
որոնք Հայր Սուրբին թեւ ու թիկունք
կանգնելով կը փորձեն օգտակար
դառնալ, որպէսզի մեր սիրասուն
երեխաները այսպիսի առիթներով
ուրախանան:
Ան աղօթեց, որ աստուածային
օրհնութեամբ ողողուի ծննդավայր
Սուրիան, իր գլխուն կանգնած իմաստուն
Նախագահով եւ
պատասխանատուներով, որոնք
իսկապէս մաքուր սրտով եւ հոգիով կը
փորձեն աշխարհի մէջ որպէս
աստուածային կոչում իրենց
առաքելութեան լուման բերել: Ան մաղթեց,
որ 2024-ը օրհնութեամբ, խաղաղութեամբ
եւ սիրով օծուն տարի մը ըլլայ ողջ
աշխարհին, մանաւանդ Հայաստանի,
Արցախահայութեան, Սուրիոյ եւ Միջին
Արեւելքի մէջ բռնատիրութեան թաթին
տակ ճնշուող ժողովուրդներուն համար:

Այնուհետեւ, տօնածառի եւ մսուրի
լուսաւորումը կատարուեցաւ տօնական
երգերու ներքոյ: Կիրակնօրեայ դպրոցի
աշակերտներուն ուրախութիւնը
ամբողջացաւ կաղանդ պապուկի
դիմաւորութեամբ եւ նուէրներու
բաշխումով: