Չորեքշաբթի, 20 Դեկտեմբեր 2023-ի
առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի
Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար
Սրբ. Եպս. Աշգարեան,
պատուիրակութեամբ զօրակցական
այցելութիւն տուաւ «Լիուաա ալ-Քուտս»-ի
ղեկավար երկրչփ. Մուհամմատ ալ-
Սաայիտին եւ անոր փոխանորդ Աատել
Ապտ ալ-Հաքին։ Սրբազան Հօր
ընկերակցող պատուիրակութեան մաս կը
կազմէին Ազգ. Վարչութեան անդամ
երկրչփ. Յարութ Աւընեան եւ Սուրիոյ Հայ
Դատի Կեդրոնական յանձնախումբի
ատենապետ տիար Ծերուն Գահուէճեան։

Սրբազան Հայրը Թեմի
ժողովականութեան եւ ժողովուրդին
անունով զօրակցութիւն յայտնեց Ղազզէի
մեր եղբայրներուն եւ աղօթեց առ
բարձեալն Աստուած, որ աստուածային
օրհնութեամբ յաղթական դուրս գան
պատերազմէն։

Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ
Գերմանիոյ մէջ իր ունեցած
հարցազրոյցներուն, որոնց ընթացքին ան
կոչ ուղղած է միջազգային
կազմակերպութիւններուն, պահանջելով,
որ միջամտեն խաղաղ բնակչութեան դէմ
գործուած ցեղասպանութիւնները
դադրեցնելու եւ օգնեն ապահովութեան եւ
խաղաղութեան հաստատումին։