Համազգայինի «Կոմիտաս» երաժշտանոցի եւ «Վանա» պարախումբի աշակերտները, նոր տարուայ եւ Ս. Ծնունդի տօներուն առիթով շնորհաւորական այցելութիւն տուին Ճէզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն վրդ. Եղիայեանին, Ազգ. փոխանորդարանի դահլիճէն ներս, ուր անոնք ջերմապէս ընդունուեցան հոգշ. հայր սուրբին, արժ. Տ. Պսակ քհնյ. Պէրպէրեանին եւ թաղական խորհուրդի անդամներուն կողմէ։
Սոյն այցելութեան, որուն ներկայ էին Համազգայինի «Աւետիս Ահարոնեան» մասնաճիւղի վարչութեան անդամները եւ յանձնախումբերը,
վարչութեան ատենապետ ընկհ. Յասմիկ Պօզոյեան-Կարապետեան աշակերտութեան անունով շնորհաւորական խօսքեր ուղղեց աւելցնելով, այսպիսի միջոցառումներ, մեր փոքրիկները ուրախ մթնոլորտի մէջ կը պահեն, որպէսզի ունենան առողջ մանկութիւն և վառ յիշատակներ, որ ապագային, լուսաւոր մտքերով օգտակար դառնան իրենց շրջապատին, և մեր հպարտանքը ըլլան։ Քիչ ետք, ընթացք առաւ աշակերտներուն կողմէ պատրաստուած գեղարուեստական յայտագիրը։ «Վանա» պարախումբը, ամիսներու իր աշխատանքին արդիւնքը հրամցուց ներկաներուն, ներկայացնելով շարք մը հայկական եւ օտար պարեր, պարուսոյց ունենալով ընկհ. Նանար Սարգիսեան։ «Կոմիտաս» երաժշտանոցի աշակերտները, ղեկավարութեամբ՝ ընկ. Յարութ Մատարճեանի, ունեցան անհատական ելոյթներ՝ երգեհոնի, ջութակի եւ կիթառի ընկերակցութեամբ, կատարելով կաղանդի երգեր, որոնց մասնակցեցան՝ ներկաները իրենց երգեցողութեամբ եւ կաղանդ պապուկը իր խանդավառ այցելութեամբ։

Իր կարգին, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան անդամ ընկհ. Ռիթա Տէր Սարգիսեան-Կարապետեան շնորհակալութիւն յայտնեց հայր սուրբին՝ իր ընդունելութեան եւ ընդհանրապէս աջակցութեան ու քաջալերանքին համար։ Աւարտին, հոգշ. հայր սուրբը իր օրհնութիւնները բաշխեց Համազգայինի մեծ ընտանիքին եւ թելադրեց շարունակել տարուող մշակութային լուրջ աշխատանքը, որուն ճամբով այսօրուան ցանուած սերմերը պիտի արդիւնաբերին մօտ ապագային։

Ռիթա Տէր Սարգիսեան-Կարապետեան