Չորեքշաբթի, 27 Դեկտեմբեր 2023-ի երեկոյեան ժամը 6։30-ին, նախագահութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, Կազմակերպութեամբ Հասիչէի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ թաղականութաեան եւ Ս.Օ.Խ.-ի «Լոռի» մասնաճիւղին տեղի ունեցաւ հոգեւոր համերգ, կատարողութեամբ «Գարուն» երգչախուբին Հասիչէի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ։

Համերգին ներկայ էին Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Տ. Անդոնիոս Հանօ, Տ. Գաբրիէլ Խաչօ, Տ. Իլիաս ԳասԻլիաս հոգեւոր Հայրեր, տեղւոյս Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան, Ազգային Գաւառական ժողովի անդամ Արմէն Նալպանտեան, Գամիշլիի, Հասիչէի եկեղեցիներու թաղականութեան անդամները եւ Հասիչէի Հայ համայնքը։

Տէրունական աղօթքէն ետք, բացման խօսք արտասանեց Մակի Աւագեան։ երգչախումբը ելոյթ ունեցաւ հայկական եւ արաբական երգերով։ Մեներգեցին Բարշ. Գրիգոր Տէր Նիկողոսեան, Սեւան Սերոբեան-Գասամեան եւ Աւետիս Ներսէսեան։

Համերգի աւարտին Առաջնորդական Փոխանորդը Աստուծոյ գոհութիւն եւ շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք ողջունեց այլ համայնքներու քահանայ հայրերը եւ հաւաքուած հոծ բազմութիւնը, որոնք իրենց ներկայութեամբ քաջալերեցին երգողները։
Հայր սուրբը իր խօսքի ընթացքին ըսաւ. «Համայնքներու հոգեւոր հովիւներուն ներկայութիւնը եւ փոխադարձ մասնակցութիւնները հոգեւոր թէ մշակութային ձեռնարկներուն, լոկ քաղաքավարական արարք մը չէ, այլեւ փոխադարձ սիրոյ արտայայտութիւն, նաեւ հաւատացեալներուն գօտեպնդման եւ հաւատքի մէջ զօրացման խթան մըն է»։

Հայր սուրբը գնահատեց Հասիչէի թաղականութիւնը, ՍՕԽ «Լոռի» մասնաճիւղի անդամները եւ շնորհաւորեց Հասիչէի Հայ Գաղութին Ամանորը եւ Ս. Ծնունդը։