29 Դեկտեմբերին «Հայաստան» խմբակութեան պատգամաւորներ Արթուր Խաչատրեան, Լիլիթ Գալստեան, Արմենուհի Կիւրեղեան եւ Արփինէ Վարդանեան այցելած են սահման՝ դիրքեր:
«Այնտեղ՝ թշնամին դէմ յանդիման, մէկ մարդահասակ ձիւնի մէջ, մեր ազգի պատիւը կը պաշտպանեն փորձառու սպաներն ու երիտասարդ զինուորները: Թերեւս միայն անոնք կրնան բաց ճակատով Նոր տարի նշել:
Կը շնորհավորեմ մեր բոլոր զինուորներուն ու սպաներուն Նոր Տարին, կը մաղթեմ անփորձանք ու յաղթական ծառայութիւն: Իսկ տունը անոնց անհամբեր ու սրտատրոփ սպասողներուն համբերութիւն ու կորով կը մաղթեմ։ Տղոց քէֆով բանակ ճամբած են, թող քէֆով դիմաւորեն: Տղաքը արժանի են», ըսած է Արթուր խաչատրեան։