27 Դեկտեմբերին ՀՀ Ազգային Անվտանգության Ծառայության տնօրէն, գեներալ-լեյթենանթ Ա.Աբազեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ գերիներու, պատանդներու եւ անյայտ կորած (գտնուելու վայրը անյայտ) անձերու հարցերով զբաղող միջգերատեսչական յանձնաժողովի հերթական նիստը, որուն բացի յանձնաժողովի անդամներէն ներկայ էին նաեւ Հայաստանի Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի պատուիրակութեան ներկայացուցիչները:

Նիստը սկսաւ յանձնաժողովի նախագահ՝ ՀՀ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան տնօրէն Ա.Աբազեանի բացման խօսքով: Ա.Աբազեան յանձնաժողովի գործունէութեան մէկ տարուան կատարուած աշխատանքները ներկայացուց եւ խօսեցաւ ապագայ ընելիքներուն մասին: Կրկին կարեւոր համարեց անյայտ կորածներու մասին յարաբերութիւնները կարգաւորող օրէնքը ընդունելու անհրաժեշտութիւնը: Յանձնաժողովին ուղղուած դիմումներուն ուսումնասիրութեան հետեւանքներով առանձնացուեցան այն հիմնական հարցերը, որոնք կը մտահոգեն անյայտ կորած, գերեւարուած անձերու ծնողները, անոնց հարազատները: Յատուկ ընդգծուեցաւ յանձնաժողովի եւ ծնողներու միջեւ տեղեկատուական կապը մշտապէս պահպանելու կարեւորութիւնը: Խօսուեցաւ նաեւ ծնողներուն յուզող հարցերուն եւ անոնց լուծման մատչելի եղանակներուն մասին: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ գերեվարուած անձերը վերադարձնելու ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն:

Յանձնաժողովի անդամները ներկայացուցին իւրաքանչիւրը իր ոլորտին մէջ կատարուած աշխատանքները՝ անդրադարձ կատարելով պետութեան, ինչպէս նաեւ Հայկական կարմիր խաչի ընկերութեան կողմէն իրականացուած ընկերային, մարդասիրական ծրագիրներուն, Քննչական կոմիտէի անյայտ կորսուելու հանգամանգներու մասին կատարուող քննութեան ընթացքին եւ ԴՆԹ նոյնականացման արդիւնքները միջազգայնօրէն ընդունուած չափորոշիչներուն համապատասխան ծնողներուն եւ հարազատներուն ներկայացնելու անհրաժեշտութեան, ինչպէս նաեւ 2024թ. համար ծրագրուած նախաձեռնութիւններուն: