Նոր տարուան առաջին օրը՝ Երկուշաբթի, 1 Յունուար 2024-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի զաւակները փութացին եկեղեցի՝ մասնակից դառնալու Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, աղօթելու եւ բարին ցանկալու բացուող նոր տարուան համար:

Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան հանդիսապետեց Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, հոծ հաւատացեալներու ներկայութեամբ:
Ս. Պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնը, որ կատարուեցաւ եկեղեցւոյ դպրաց դասին կողմէ, հոգեկան խաղաղութիւն պարգեւեց հաւատացեալներուն:

Նոր տարուան պատգամը ժողովուրդին ուղղեց՝ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, բնաբան ունենալով Պօղոս առաքեալի կորնթացիներուն գրած երկրորդ նամակին 5-րդ գլխուն 17 եւ 18 համարները, ուր առաքեալը կ’ըսէ. «Ոեւէ մէկը որ Քրիստոսի միացած է՝ նոր արարած է. այլեւս չէ՛ այն՝ ինչ որ էր նախապէս, որովհետեւ ամբողջութեամբ նորոգուեցաւ»:
Սրբազան Հայրը բացատրեց քրիստոնէական իմաստով «նոր» բառին հասկացողութիւնը, դիտել տալով, որ մարդն է, որ Քրիստոսի միանալով, աշխարհիկ ցանկութիւններով լեցուն իր հին ինքնութիւնը փոխելով եւ նորոգուած ապրելակերպով նոր մարդ կը դառնայ եւ այն ատեն իր կեանքը բարիքներով կը լեցուի: Աւելցնելով, ան յայտնեց, թէ Հայր Աստուած նորոգուելու առիթ ընծայեց մեղաւոր մարդուն՝ Քրիստոսի խաչելութեամբ եւ արեան հեղումով, որ մեզ հաշտեցուց Հօր Աստուծոյ հետ եւ նորոգելով մեր կեանքը՝ Աստուծոյ ընտանիքի անդամ դարձուց:
Սրբազան Հայրը մաղթեց, որ որպէս քրիստոնեաներ բանանք մեր սրտերը, որպէսզի արդարութեան արեգակը մեր մէջ հաստատուի եւ մենք կերպարանափոխուինք՝ մտածելակերպով, ապրելակերպով եւ կենցաղակերպով: Ան հրաւիրեց հաւատացեալները արցունքով աղօթելու եւ խնդրելու, որ Աստուած հպի ղեկավարներու քարացած եւ անխղճացած սրտերուն, բարօրութիւն պարգեւէ արցախահայութեան, խաղաղութիւն պարգեւէ աշխարհին, Հայաստանին, Միջին Արեւելքին, Սուրիոյ, Լիբանանին եւ օգնէ աշխարհի զանազան անկիւններու մէջ տառապանքի ենթարկուող քրիստոնեաներուն:

Պատարագէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հօր ներկայութեամբ, եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս դպրապետ բարշ. բժշկ. Սարգիս սրկ. Իսկէնեանի ղեկավարութեամբ հոգեւոր-ազգային եւ տօնական բնոյթի գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մատուցուեցաւ:

Ներկաներուն մասնակցութեամբ հնչեցին «Քամանչա», «Միասնութեան Շուրջ Պար», «Հայի Աչքեր» եւ «Քեզ Համար Հայաստան» երգերը: Դպրուհի Աննա Սաղպազարեան ընթերցեց «Նարեկ» աղօթամատեանի Բան (Ղ) համարը, ապա օտար լեզուով Ս. Ծննդեան երգ մը մեներգեց, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Նարօտ Սաղպազարեանի: Ապա, Ալիք Իսկէնեան մեներգեց «Տուն Իմ Հայրենի» երգը:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր սրտի խօսքը ուղղեց ներկաներուն, յայտնելով, որ Մանուկ Յիսուս մսուրի մէջ ծնաւ բարձրացնելու մարդկութիւնը մեղքէն եւ աստուածային պատկերը յայտնաբերելու անոր մէջ:
Սրբազան Հայրը մաղթեց, որ 2024 տարուան ընթացքին Աստուած շնորհք տայ մեզի հարցերը ճիշդ ձեւով արժեւորելու եւ երախտապարտ հոգիով շնորհակալութիւն յայտնելու բոլոր բարիքներուն համար, որոնք Տէրը կը պարգեւէ մեզի: Ան գնահատեց եկեղեցւոյ քահանայ հայրը, թաղական խորհուրդը, դպրաց դասը, դպրապետը, աղքատախնամը եւ տիկնաց յանձնախումբը՝ իրենց կազմակերպուած աշխատանքին համար։

Այնուհետեւ, Սրբազան Հայրը ընդունեց ժողովուրդի զաւակներուն նոր տարուան շնորհաւորութիւնները։
Աւարտին, Տիկնաց յանձնախումբին կողմէ տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն: