Երկուշաբթի, 1 Յունուար 2024-ի միջօրէին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, Ամանորի առիթով այցելեց Հայ Ծերանոց: Սրբազան Հօր կ՚ընկերակցէին Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, Արժ. Տ. Նարեկ Ա. Քհնյ. Զերենցեան եւ Արժ. Տ. Արշակ Ա. Քհնյ. Ալաճաճեան։
Սրբազան Հայրը ջերմապէս դիմաւորուեցաւ Հայ Ծերանոցի խնամակալութեան, տիկնաց օժանդակ մարմինի անդամներուն եւ տնօրէն տիար Յակոբ Ալապոզանեանի կողմէ։

Սրբազան Հայրը այցելելով տարեցներուն՝ օրհնեց, գօտեպնդեց եւ իր շնորհաւորական բարեմաղթութիւնները փոխանցեց անոնց։ Սրբազան Հայրը աղօթելով, ինչպէս նաեւ Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն նուիրուած տաղեր եւ շարականներ երգելով՝ տարեցներուն տրամադրութիւնը բարձրացուց եւ այս առիթով նուէրներ յանձնեց անոնց։
Սրբազան Հայրը հանդիպում ունեցաւ խնամակալութեան եւ տնօրէնին հետ, մօտէն ծանօթացաւ Հայ Ծերանոցէն ներս տարուող գործունէութեան եւ բարձրօրէն գնահատեց Հայ Ծերանոցի խնամակալութեան, տիկնաց օժանդակ մարմինին, տնօրէնին եւ պաշտօնէութեան մեծ սիրով ու նուիրումով մատուցած ծառայութիւնը եւ տօնական օրերուն առիթով առաւել ոյժ, կորով եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց։