Շաբաթ, 6 Յունուար 2024-ի առաւօտուն, մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի եկեղեցիներէն ներս:
Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, եպիսկոպոսական հանդիսաւոր պատարագ մատուցեց Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ եւ Սուրբ Ծննդեան իր հայրական պատգամը ուղղեց ժողովուրդին:

Պատարագին ներկայ գտնուեցան Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխաններ Ժիրայր Րէիսեան եւ իրաւաբան Լիւսի Իսկէնեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Յարաբերական Մարմինի անդամ Վրէժ Եագուպեան, Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի անդամներ, Ազգային Վարչութեան ատենապետ մեթր Սունպուլ Սունպուլեան, Ազգ. Վարչութեան եւ Կրօնական Ժողովի անդամներ, ՀՄԸՄ-ի Կեդր. Վարչութեան անդամ եղբ. Աւետիս Տէրվիշեան, հալէպահայ կազմակերպութիւններու, մշակութային, մարզական եւ բարեսիրական միութիւններու եւ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն:

Հանդիսաւոր թափօրով եւ դպրաց դասի «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ Սրբազան Հայրը մուտք գործեց եկեղեցի։
Գեղեցիկ էր տեսնել եկեղեցւոյ մէջ կարգ ու կանոնը պահող ՀՄԸՄ-ի եւ ՀՄՄ-ի տարազաւոր սկաուտներուն ներկայութիւնը։
Շնորհաւորական բացիկներով եւ բարեմաղթութիւններով Սուրիոյ Պատանեկան Միութեան, ՀՄԸՄ-ի եւ ՀՄՄ-ի անդամները դիմաւորեցին ժողովուրդի զաւակները։

Պատարագի ընթացքին Սրբազան Հօր առընթերականերն էին Արժ. Տ. Նարեկ Ա. Քհնյ. Զերենցեան եւ Արժ. Տ. Գառնիկ քհնյ. Չափանեան:
Եկեղեցւոյ դպրաց դասը Պատարագի հոգեպարար երգեցողութեամբ տօնական մթնոլորտ ստեղծեց եւ հոգեկան ցնծութիւն պարգեւեց հաւատացեալներուն։

Յընթացս Սուրբ Պատարագին, Սրբազան Հայրը ջրօրհնէք կատարեց, որպէս խորհրդանիշ Քրիստոսի մկրտութեան։ Խաչի կնքահայրն էր պատանի Գրիգոր Նարկիզեանը, որ Ս. Խաչը շալկած իր մասնակցութիւնը բերաւ արարողութեան:
Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, Ս. Ծննդեան իր հայրական պատգամը ուղղեց ժողովուրդին դիտել տալով, որ ողջ աշխարհով մէկ Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցին երէկ եւ այսօր հոգեկան ցնծութեամբ, համաձայն առաքելական աւանդութեան եւ պատմական իրողութեան տօնեց եւ յիշատակեց մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը, որոնց ճամբով Ս. Երրորդութիւնը պատմութեան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով ինքզինք յայտնեց մարդկութեան։
Սրբազան Հայրը հիմնուելով Պատարագի ընթացքին պատանի դպիրին կողմէ ընթերցուած առաքելական նամակին վրայ (Տիտ 2.11-15), յայտնեց թէ Յիսուս Մանուկին ծնունդը Աստուծոյ կողմէ մարդկութեան յայտնուած շնորհքն է, որպէսզի բոլոր մարդիկ փրկուին։ Սրբազան Հայրը նշեց, թէ այդ շնորհքը մեզ կը մղէ անհաւատ կենցաղէ եւ աշխարհիկ ցանկութիւններէ հեռանալու, եւ զգաստութեամբ, արդարութեամբ եւ բարեպաշտութեամբ ապրելու այս աշխարհի մէջ, նմանելով հովիւներուն եւ մոգերուն, որոնք երբ լսեցին Քրիստոսի Ս. Ծննդեան աւետիսը, երկար ճանապարհորդութիւն յանձն առնելով գտան Մանուկ Յիսուսը եւ խոնարհելով երկրպագեցին Անոր։
Սրբազան Հայրը Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը լաւագոյն առիթը համարեց մեր սրտերը ինքնաքննութեան ենթարկելու, որպէսզի պատրաստ ըլլանք Տէրը դիմաւորելու, որովհետեւ Քրիստոս իր անձը խոնարհեցուց մեզի համար, որպէսզի մեզ փրկէ, ազատէ մեր անօրէնութիւններէն եւ մեզ մաքրելով՝ իր սեփական ժողովուրդը դարձնէ։
Սրբազան Հայրը բերկրալի երեք տօներուն առիթով որդիական երախտագիտութիւն յայտնեց եւ իր շնորհաւորական բարեմաղթութիւնները ուղղեց չորս նուիրապետական աթոռներու գահակալներուն՝ զոյգ Վեհափառ Հայրապետներուն եւ զոյգ Պատրիարք Հայրերուն, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս բոլոր ծառայողներուն եւ համայն աշխարհի հայորդիներուն։ Ան յատկապէս բարեմաղթութիւններ ուղղեց Սուրիոյ ժողովուրդին, անոր Վսեմաշուք Նախագահին, հզօր բանակին, պետական եւ կառավարական աւագանիին եւ համայնքապետ եղբայրներուն։ Ան Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Իշխանութեան անունով շնորհաւորեց թեմի տարածքին գործող բոլոր մարմիններուն, կազմակերպութիւններուն, կրթամշակութային, մարզական եւ բարեսիրական միութիւններուն, մաղթելով, որ աստուածային խաղաղութիւնը, սէրը եւ համերաշխութիւնը հանգչի բոլորին սրտերուն մէջ։

Աւարտին, դպրաց դասը Ս. Ծննդեան շարականներ երգեց, որուն ընթացքին Սրբազան Հայրը ընդունեց ժողովուրդի զաւակներուն շնորհաւորութիւնները եւ Ս. Խաչով օրհնեց զանոնք: Ապա, Մակար Սրբազան թափօրով ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ շրջափակը, ուր ՀՄԸՄ-ի փողերախումբը փունջ մը հայրենասիրական երգեր նուագելով տօնական մթնոլորտ ստեղծեց եւ հոգեկան հրճուանք պարգեւեց ներկաներուն։ Վերջապէս, փողերախումբին նուագակցութեան երգեցողութեամբ միացան ժողովուրդի զաւակները, որոնք միասնաբար երգեցին «Կիլիկիա» մաղթերգը։
Աւարտին, Կրօնական Ժողովին կողմէ աղօթքով պատկերազարդ բացիկներ բաժնուեցան ժողովուրդի զաւակներուն։

Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ. Օրհնեալ է յայտնութիւնն Քրիստոսի: Ձեզի մեզի մեծ աւետիս: