Անկեղծ ըլլալու համար, այս տարի միտք չունէի սենեակս զարդարել: Մտովի կ’ըսէի. «Կ’արժէ՞ քանի մը օրուան համար սենեակ զարդարել», «Կաղանդը եւ Քրիստոսի ծնունդը զարդարանքով չեն յիշուիր», «Եկող տարի կը զարդարեմ», եւ «մասմբք սոցին»: Սակայն, երբ «Կիլիկիա» Մատենադարանի ընտանիքով զարդարեցինք մեր երկրորդ տունը եւ այս տարի, մօրս գաղափարը որդեգրելով, գիրքերով տօնածառ ստեղծեցինք, սկսայ մտածումս կամաց-կամաց փոխել: Ասոնց վրայ աւելցաւ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մայրավանքի շրջափակի տօնածառին եւ մսուրին լուսաւորման փառաւոր հանդիսութիւնը: Այլեւս փախուստ չկար: Միտքս արդէն փոխած էի: Սենեակս զարդարուած էր…
Հինգշաբթի գիշեր էր: Օրուան ծանր առօրեան անցընելէ ետք, սենեակ եկայ հանգստանալու: Դեռ կանուխ էր քնանալու համար: Որոշեցի քիչ մը ընթերցել: Մէկ էջ տակաւին չէի ընթերցած, երբ ուշադրութիւնս գրաւեցին սենեակիս արեւելեան կողմը գտնուող մսուրը եւ ի մասնաւորի մոգերը: Պատկերը խորհրդաւոր էր: Երեք անձեր թանկարժէք նուէրներով, փայլուն աստղի մը առաջնորդութեամբ կը փութային Տիրոջ գալուստն ու երկիր էջքը մեծարել: Պահ մը փշաքաղուեցայ: Ուզեցի աչքերս գիրքին դարձնել, բայց անկարելի…
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին մէջ սորված էինք, որ միտքը ի՛նքն է, որ կը կառավարէ մարդուն մարմինին անդամները, բայց այս գիշեր ես նոր դաս մը սորվեցայ: Միտքէն աւելի զօրաւոր կառավարիչ մը կայ մարդուն մէջ, որ կը կոչուի ՀՈԳԻ: Երբ հոգին գործէ, միտքը կը յանձնուի: Խորհրդաւոր այս պահուն, մուսաս հրամայեց. «Ելի՛ր եւ Քրիստոսի ծնունդին նուիրուած գրութիւն մը գրէ»: Հրամայողը հոգին էր: Ուրեմն փախուստ չկար: Բացի համակարգիչս եւ սկսայ գրաշարել ստորեւ կցուած գրութիւնը: Երկար մտածեցի, թէ ի՞նչ պատգամ ունի այս հրաշագեղ տեսարանը: Արդիւնքը այսպէս պարզեցի.-
Մարդ արարածներուս աչքերը ընդհանրապէս կը տեսնեն նիւթը, իրը, շօշափելին, երեւելին, եւ կը կեդրոնանան մարմին ունեցող ու ֆիզիքական իրականութեանց վրայ: Այդ իսկ պատճառով, առաջին անգամ մոգերուն արձանիկները եւ անոնց ձեռքերուն մէջ գտնուող նիւթական նուէրները տեսայ: Բայց երբ մանրամասնօրէն եւ աստուածաշնչական ոգիով դիտեցի դէմս պարզուած պատկերը, ուրիշ բան մը տեսայ: Տեսայ «վարագոյրի ետին գտնուողը», անշօշափելին, աներեւելին: Այդ ժամանակ հասկցայ, որ մոգերուն կողմէ Քրիստոսի հրամցուած իսկական նուէրը ո՛չ ոսկին էր, ո՛չ զմուռսը եւ ոչ ալ կնդրուկը, այլ՝ իրենց երկրպագութիւնը եւ օրերով «ճամբայ կտրելը»:
Ճիշդ է որ մոգերը իրենց հետ նիւթական թանկարժէք նուէրներ բերին, որովհետեւ արեւելեան սովորութիւն է դատարկ ձեռքով այցելութեան չերթալը, սակայն անոնց նիւթական նուէրները պարզապէս Քրիստոսի նկատմամբ իրենց ունեցած յարգանքին եւ սիրոյն շօշափելի խորհրդանիշերն էին: Եթէ նիւթական նուէրը բաւարար ըլլար Քրիստոսը տեսնելու, ուրիշներ ալ այցելութեան պիտի գային անոր: Քրիստոս կարիքը չունի նիւթական նուէրներու, որովհետեւ ի՛նք տուած է զանոնք: Քրիստոս պէտք ունի աննիւթական նուէրի: Եւ մոգերը լաւապէս հասկցած էին այդ իրականութիւնը:
Մոգերուն առաջին իսկական նուէրը իրենց երկրպագութիւնն էր: Մատթէոս աւետարանիչ կը գրէ. «Երբ տուն մտան (մոգերը), տեսան երեխան (Յիսուս) իր մօրը՝ Մարիամի հետ, եւ մինչեւ գետին խոնարհելով երկրպագեցին մանուկին» (Մատթէոս 2. 11): Մոգերը երկրպագեցին Քրիստոսին: Երկրպագութիւն կը նշանակէ յանձնառութիւն: Երբ մենք մեր կեանքին մէջ մէկու մը երկրպագենք, այդ մէկը կը նշանակէ, որ մենք այդ անձին յանձնուած ենք: Եւ յանձնուիլը մասնակի չըլլար, այլ՝ ամբողջութեամբ: Քրիստոսի տարեդարձին առիթով, մոգերը մեզ կը հրաւիրեն Տիրոջ երկրպագել եւ յանձնուիլ: Երկրպագել չի՛ նշանակեր միայն Աստուծոյ առջեւ ծունկի գալ կամ ըսել. «Դուն իմ Տէրս ես, Քեզի՛ կը յանձնուիմ»: Այլ կը նշանակէ մենք զմեզ ամբողջութեամբ Աստուծոյ նուիրել: Այսինքն՝ Տիրոջ յանձնել մեր միտքը, մեր սիրտը, մեր հոգին, մեր մարմինը, այլ խօսքով՝ մեր ո՜ղջ էութիւնը: Ինչպէս որ Քրիստոս բան մը չնուիրեց մեզի, այլ՝ ի՛ր անձը, այնպէս ալ եկէք իր ծննդեան օրը իրեն նուէր մը չնուիրենք, այլ մենք զմեզ նուիրենք, որովհետեւ Քրիստոսի իսկական նուէրը դո՛ւն ես, ա՛ն է, ե՛ս եմ եւ բոլո՛րս ենք:
Մոգերուն երկրորդ իսկական նուէրը Յիսուսին քով հասնելու համար օրերով «ճամբայ կտրել»ն էր: Եթէ ուշադրութեամբ կարդանք վերոյիշեալ համարը (Մատթէոս 2. 11), պիտի տեսնենք, որ Քրիստոս մսուրին մէջ չէր գտնուեր, այլ «տան» մէջ. ինչ որ ցոյց կու տայ, որ իր ծնունդէն բաւական ժամանակ անցած էր: Ուրեմն, մոգերը օրերով, նոյնիսկ ամիսներով «ճամբայ կտրած» էին, որպէսզի Քրիստոսը տեսնէին: Մոգերը իրենց այս արարքով մեզի կը սորվեցնեն, թէ պէտք է Քրիստոսի քով երթանք, որքան ալ դժուար, փշոտ եւ երկար ճամբայ ըլլայ: Բայց մոգերուն հրաւէրը միայն այս տօնական օրերուն համար չէ, այլ մեր կեանքի բոլոր օրերուն համար: Քանի կ’ապրինք, քանի կը շնչենք, քանի տակաւին այս աշխարհի վրայ ենք, ուրեմն ամէն օր պէտք է Քրիստոսի քո՛վ երթանք, Քրիստոսի եկեղեցի՛ն յաճախենք, Քրիստոսի տո՛ւնը այցելենք:
Հետեւաբար, սիրելի՛ հաւատացեալ ընթերցող,
Քրիստոսի ակնկալած նուէրը մեծարժէք նիւթական նուէր մը չէ, այլ դո՛ւն ես. քու առաւելութիւններովդ ու թերութիւններովդ, քու գործերովդ ու մտածումներովդ, քու սրտովդ ու հոգիովդ, քու կեանքովդ ու մարմինովդ: Քրիստոս ամէն օր կը սպասէ, որ դուն իր մօտ երթաս, հանդիպիս իր տունը (եկեղեցին), խօսիս (աղօթես) իր հետ, ժամանակ անցընես իր հետ: Մի՛ զրկեր դուն քեզ Տիրոջ քով երթալէ:
Իբրեւ մարդ արարածներ, դուն եւ ես, սովորաբար կը սպասենք, որ Քրիստոս մեզի նուէր տայ, եկո՛ւր այս անգամ մե՛նք իրեն տանք:

Առաքել Աբղ. Գատեհճեան

Երկուշաբթի, 1 Յունուար 2024
Անթիլիաս, Լիբանան