Սաղմոսերգուն ներքին վստահութեամբ կը յայտարարէ. «Ամէն անգամ որ խորհեցայ` թէ իյնալու վրայ եմ, քու սէրդ, Տէ՜ր, օգնութեան հասաւ ինծի: Ամէն անգամ որ բազմացան մտահոգութիւններս, մխիթարեցիր ու հրճուեցուցիր սիրտս» (Սղ 94.18-19):

Աստուծոյ շնորհքով տարի մը եւս բոլորեցինք եւ այժմ կը կանգնինք 2024-ի սեմին, մեր ետին թողելու 2023-ը եւ մուտք գործելու նոր տարուայ շրջագիծէն ներս, նոր յոյսերով ու երազներով, նոր տեսիլքներով ու կեանքի հեռանկարներով: Ոմանց համար, անցնող տարին եղաւ յաջողութիւններով, բարիքներով ու ձեռքբերումներով պսակուած տարի մը. ուրիշներու համար` գոհացուցիչ, իսկ շատերու համար ալ եղաւ տագնապեցուցիչ, ցաւատանջ, մահու եւ կենաց մաքառումի տարի մը. պատերազմներու, երկրաշարժներու եւ այլ աղէտներու ենթարկուելով` անոնց պատճառած տնտեսական, քաղաքական անորոշութեան եւ ընկերային ու կենցաղային բարդ ու աննկարագրելի եւ անտանելի դժուարութիւններուն, նեղութիւններուն, տառապանքներուն եւ ամենօրեայ մարտահրաւէրներուն ենթակայ ըլլալու եւ անոնց դառնութեան բաժակը ցմրուր ըմպելու անվերջ տարի մը:
Այդ բոլորով հանդերձ, սակայն, կեանքը կը շարունակուի, բարի պատերազմը կը մղուի, ընթացքը կը փորձուի իր աւարտին հասցնել եւ հաւատքը պահել, միշտ ապաւինելով Աստուծոյ անսուտ խոստումին. «Եւ ահա միշտ ձեզի հետ պիտի ըլլամ, մինչեւ աշխարհիս վախճանը»: Եւ հակառակ մարդոց եւ աշխարհի չարութեան ու անոնց կողմէ պատճառուած անմարդկային վերաբերմունքին եւ զանազան ողբերգութեանց ու դժուարութիւններուն, փա՜ռք իր խոստումներուն հաւատարիմ մեր Աստուծոյ, որ կը կատարէ իր խոստումը, եւ երկինքէն խոնարհելով կը մարդանայ, կը մարմնանայ եւ իր ձեռակերտին մօտ կու գայ: Եւ մենք, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի սուրբ եւ հրաշափառ ծննդեան տօնին առիթով, կը մտաբերենք Աստուածաշնչական խոստումներուն կարգ մը կատարումները իրենց օրհնաբեր արդիւնքներով, թէ ի՞նչ տեղի ունեցաւ որպէս արդիւնք մեծ խոստումին իրականացմամբ:
Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի, Աստուծոյ Սէրը մարդացաւ, եւ օգնութեան հասաւ մեզի: Ան մեր միջեւ բնակեցաւ, որպէսզի տեսնենք իր փառքը եւ վերագտնենք մեր փառքը, որ կորսնցուցած էինք անհնազանդութեան պատճառով:
Անմերձենալին ու անբովանդակելին մարմին եղաւ եւ խանձարուրով փաթթուեցաւ ու մսուրի մէջ դրուեցաւ, որպէսզի մխիթարէ մեզ եւ սորվեցնէ մեզի խոնարհութեան ճամբով վերականգնել մեր պատիւը, որ արատաւորուած էր մեր մեղսասիրութեան եւ աշխարհասիրութեան պատճառով, եւ որպէս միակ Տէր ու Թագաւոր եւ Աստուած` մեր կեանքերուն վրայ տիրէ ու մեր սրտերուն մէջ թագաւորէ:
Բանը մարմին եղաւ, որպէսզի ինքզինք իբրեւ երկինքէն իջնող ճշմարիտ կեանքի հաց բաշխէ մարդկութեան եւ հրճուեցնէ մեր սրտերը, որպէսզի իրեն եկողը բնաւ չանօթենայ եւ իրեն հաւատացողը երբեք չծարաւնայ:
Աստուածորդին մարմնացաւ եւ հաճեցաւ Մարդու Որդի կոչուիլ, որպէսզի մեզ Աստուծոյ որդիներ եւ երկինքի բնակիչներ դարձընէ:
Բանը մարմին եղաւ, որպէսզի իրեն հետեւելու հրաւիրէ մեզ, որպէսզի իր մօտ երթալով եւ հեզութիւնն ու խոնարհութիւնը իրմէ սորվելով` գտնենք եւ ստանանք մեր հոգիներու հանգստութիւնը:
Բանը մարդացաւ եւ որպէս արդարութեան արեգակ ծագեցաւ մեր կեանքերէն ներս, որպէսզի իր լոյսով լոյսը տեսնենք եւ փոխանակ խաւարի մէջ քալելու` ունենանք այն լոյսը, որ կեանքին կ’առաջնորդէ:
Բանը մարդացաւ, որպէսզի կեանք ունենանք եւ լեցուն կեանք ունենանք:
Բանը մարդացաւ, որպէսզի ցոյց տայ մեզի, թէ որքա՜ն կը սիրէ մեզ եւ սորվեցնէ մեզի սիրել զինք` սիրելով մեր նմանը մեր անձին պէս:
Անժամանակը ժամանակին մէջ յայտնուեցաւ, որպէսզի անճանաչելի Հայրը մեզի ճանչցընէ, եւ մենք անվախօրէն մօտենանք իրեն եւ կենդանի հաղորդակցութեան մէջ մտնենք անոր հետ:
Հզօրն Աստուած մարդացաւ ու մարմնացաւ, որպէսզի յայտնէ մեզի թէ ի՛նչ է աղէկը եւ թէ Տէրը մեզմէ ի՛նչ կը պահանջէ, այլ խօսքով` «Իրաւունք ընել, ողորմութիւն սիրել եւ խոնարհութեամբ մեր Աստուծոյն հետ քալել»: Կենսական ճշմարտութիւններ ու պահանջքներ, որոնցմէ դատարկուած ու մերկացած են այսօր աշխարհն ու մարդիկը:
Միածինը մարդացաւ եւ «Էմմանուէլ» կոչուեցաւ, որպէսզի այս անուղղայ աշխարհին մէջ, ուղիղ յարաբերութեան մէջ ըլլանք Իր հետ եւ իբրեւ Աստուածակիրներ ապրինք մեր կեանքը:
Անծերանալին մանկացաւ, որպէսզի մեր երկնաւոր Հօր նման սուրբ, ողորմած ու կատարեալ ըլլալ սորվեցնէ մեզի:
Անհասանելին մարդացաւ, որպէսզի ցոյց տայ մեզի դէպի ճշմարտութիւն եւ յաւիտենականութիւն տանող ճամբան:
Տէրերու Տէրը մարդացաւ, որպէսզի սորվեցնէ մեզի մեր եսակեդրոն անձնասիրութենէն դուրս գալով` ծառայութիւն ընդունելու փոխարէն անձնուրացութեամբ ծառայենք եւ անշահախնդրօրէն տուողներ ըլլանք:
Խաղաղութեան Իշխանը ոխակալներուս միջեւ յայտնուեցաւ, որպէսզի իրմով խաղաղեցնէ թշնամութեամբ ալեկոծուած աշխարհն ու ատելութեամբ խռովեալ մեր սրտերը:
Յաւիտենականութեան հայրը իբրեւ մանուկ ծնաւ եւ իբրեւ որդի տրուեցաւ մեզի, որպէսզի փրկէ աշխարհն ու մարդկութիւնը մեղքի ու մահուան ստրկութենէն ու դատապարտութենէն եւ իր Ս. Հոգիին ներգործութեամբ փոխակերպէ մեզ իր նմանութեան, որպէսզի մենք ալ մեր կարգին, իբրեւ իր անունը կրողներ, մեղքի խաւարով, անարդարութեամբ, բռնատիրութեամբ եւ իրաւազրկումով, յափշտակութեամբ ու անխղճութեամբ շղթայուած ու զգայազրկուած այս աշխարհին մէջ, ըլլանք իր լոյսն ու կեանքի անուշ բոյրը, ուրախութիւնն ու ցնծութիւնը, խաղաղութիւնն ու սէրը, ողորմածութիւնն ու ներողամտութիւնը, աստուածպաշտութիւնն ու եղբայրսիրութիւնը, հեզութիւնն ու խոնարհութիւնը, արդարութիւնը, ճշմարտութիւնն ու իրաւունքը տարածող, ապրող եւ հետապնդող դեսպաններն ու արժանի զաւակները:

Արդ, երկհազարամեայ մը առաջ, ամբողջ աշխարհ խաւարով պատուած, յուսահատութեան մատնուած ու մեղքի կապանքներով շղթայուած էր ու դատապարտուած` մահաստուեր ձորերու մէջ խարխափելու` առանց փրկիչի, առաջնորդութեան, օգնութեան եւ յոյսի: Բայց, Աստուած, իր անսահման եւ անիմանալի սէրէն, կարեկցութենէն ու ողորմածութենէն մղուած` մարդացաւ եւ մեր միջեւ բնակեցաւ: Եւ շնորհիւ Իր յանձն առած զոհողութեան եւ խոնարհութեան հանդիսացաւ լոյսը, ցնծութիւնն ու ուրախութիւնը, յոյսը, խաղաղութիւնն ու փրկիչը աշխարհին ու մարդկութիւնը դէպի յաւիտենականութիւն առաջնորդողը: Խանձարուրով փաթթուած ու Բեթլեհէմի մսուրին մէջ դրուած` Ան ինքզինք ներկայացուց իբրեւ ճամբան, ճշմարտութիւնն ու կեանքը, որպէսզի իր միջոցով կարենանք վայելել ճշմարտապէս սիրող ու հոգատար Աստուծոյ սէրն ու խանդաղատանքը եւ աշխարհը վերածել աւելի լաւ վայրի մը, դրախտի:
Այսօր ալ նոյնպէս, աշխարհն ու մարդկային ցեղը, Արցախահայութիւնն ու Միջին Արեւելքի երկիրները եւ մանաւանդ Լիբանանն ու Սուրիան եւ մեր ժողովուրդի զաւակները կը դիմագրաւեն զանազան պատերազմական բնոյթի աննկարագրելի խեղճ ու թշուառին պայմաններ, կը կրեն ծանր նեղութիւններ ու դժուարութիւններ եւ անտանելի կարիքներու եւ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը գտնուին, ուր ամէն ժամանակէ աւելի Ծնեալ Փրկիչին` Յիսուս Քրիստոսի կարիքը կը զգանք վերականգնելու, վերակազմակերպուելու եւ մարդուժի պատրաստութեամբ` ստեղծագործ եւ արդիւնաբեր կեանքն ապրելու ու շարունակելու: Սէր, յարգանք եւ բոյր երախտիք բոլոր անոնց, որոնք անցնող տարուան ընթացքին զօրավիգ եղան մեզի ու կը շարունակեն իրենց նիւթաբարոյական աջակցութեամբ օժանդակել, քաջալերել, գօտեպնդել եւ վերաշինութեան ու վերականգնման ինչպէս նաեւ գոյատեւելու նուիրական պայքարին ու աշխատանքներուն իրենց ազդու ներդրումը բերին ու կը բերեն: Պատիւ բոլոր երախտաւորներուն ու բարեգործ-բարերարներուն:
Թող որ Մարդացեալ Մարդասէրին ծնունդը բոլորիս պարգեւէ ուրախութիւն ու ցնծութիւն, սէր, կեանք, կարեկցութիւն, յոյս ու լոյս, խաղաղութիւն եւ աստուածային հաճութիւն եւ թող որ արդարութիւնն ու իրաւունքը հաստատուի ամէնուրեք: Եւ հրեշտակներուն Աստուածօրհնութեան միանալով, մենք ալ ըսենք. «Բարձունքներուն մէջ Աստուծոյ փա՜ռք. խաղաղութիւն երկրի վրայ եւ մարդոց միջեւ հաճութիւն»:
Թող 2024 Նոր տարին մեր Փրկչին ծնունդով եւ մեր միջեւ բնակութեամբ, խաղաղութեամբ, սիրով, համերաշխութեամբ, ներողամտութեամբ, եղբայրսիրութեամբ եւ աստուածավախութեամբ օծուն եւ վերականգնումի ու վերելքի, զարգացման ու ապահովութեան եւ երախտապարտ ըլլալու բարի կամքով զսպանակուած աշխատելու եւ գործելու տարի մը ըլլայ ձեզի եւ մեզի բոլորիս: Անձնապէս եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային իշխանութեան եւ ողջ ժողովականութեան անունով ընդունեցէք մեր անկեղծագոյն բարեմաղթութիւնները:
Շնորհաւոր Նոր Տարի:
«Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ: Ձեզ եւ մեզ մե՜ծ Աւետիս»:

Աղօթիւք եւ օրհնութեամբ`
Մակար Եպս. Աշգարեան
Առաջնորդ Բերիոյ Հայոց Թեմի

6 Յունուար 2024