Երեւոյթներու, դէպքերու կամ դէմքերու առնչուած տարեդարձներն ու ամեակները նշելը բարի ապացոյցն է անոնց նկատմամբ մարդկային ընկերութեան ունեցած հետաքրքրութեան եւ ուրախութեան եւ միաժամանակ թէ՛ նեղ իմաստով մարդոց կեանքին մէջ, եւ թէ՛ լայն իմաստով հաւաքականութեան կեանքին մէջ, անոնց ունեցած դրական ազդեցութեան, բարիքին, օգտաշատութեան եւ մանաւանդ կառուցողական, լուսաբանական եւ դաստիարակչական հասկացողութեամբ դերակատարութեան ի տես, մարդոց յարգանքին, գնահատանքին, արժեւորումի զգացողութեան, երախտագիտութեան եւ շնորհակալ կեցուածքին կենդանի եւ անկեղծ արտայայտութիւնն է։

Բերիոյ Հայոց Թեմի «Գանձասար» պաշտօնաթերթը այսօր 30 տարեկան է։ Փա՜ռք եւ գոհութիւն կը յայտնենք Աստուծոյ, որ երեք տասնամեակներ առաջ, սփիւռքեան տարածքին, Սուրիոյ ասպնջական հողին վրայ, Հալէպ նահանգին մէջ, ուր հայ կեանքը իր բոլոր տարածքներով՝ եկեղեցական ու կրօնական, հոգեւոր ու ազգային, մշակութային, կրթական ու ընկերային, միութենական ու մարզական, առեւտուրի, արհեստի ու արուեստի մարզերէն ներս ծաղկուն, եռուն ու բեղուն շրջանը կ’ապրէր, գտնուեցան մարդիկ, որոնք հայու եւ հայկական արժէքներու նկատմամբ նախանձախնդրութեամբ լեցուած՝ ուզեցին նուիրական աշխատանք մը տանիլ, հայ մամուլը օգտագործելով որպէս ազդու անօթ։

Եւ ենթահողը պատրաստ գտնելով՝ նետուեցան արդիւնաբեր աշխատանքի դաշտ։ Աշխատանք մը, որ հայ ընթերցողը մամուլի ճամբով իր արժէքներուն ու գանձերուն աւելիով պիտի մօտեցնէր եւ ամէնօրեայ դրութեամբ զայն իրազեկ դարձնէր թէ՛ աշխարհը եւ թէ ալ հայ կեանքը յուզող երեւոյթներուն, դէպքերուն ու անցուդարձերուն, ինչպէս նաեւ պիտի ընդարձակէր անոր մտահորիզոնը, զանազան նիւթերու շուրջ գրախօսականներու, յօդուածներու, վերլուծումներու, ուսումնասիրութիւններու եւ հարուստ տեղեկութեանց փոխանցումով։ Նախ, որպէսզի հաղորդ պահէր իր ընթերցողը տուեալ իրականութեանց եւ եղելութեանց, ապա ուղղակի թէ անուղղակիօրէն խթան հանդիսանար անոր մէջ արթնցնելու զանազան մարզերու նկատմամբ հետաքրքութիւն եւ լուրջ մօտեցում, ինչպէս նաեւ հարստացնէր անոր հոգեմտաւոր անդաստանը, մատակարարելով անոր անհրաժեշտ եւ բազմաբնոյթ տեղեկութիւններ։

Երեսուն տարիներ տողանցեցին «Գանձասար»-ի կեանքի բեմահարթակին վրայէն, իրենց մէջ սեղմելով պատմական ժամանակահատուած մը, գրեթէ իր բոլոր երեսներով, ուրախութեան թէ տխրութեան, յաջողութեան թէ ձախողութեան, յաղթանակի թէ պարտութեան, ձեռքբերումի թէ կորուստի, արդիւնաբերութեան թէ ամլութեան, վերելքի թէ վայրէջքի, յառաջդիմութեան թէ նահանջի, սուգի թէ կագաւելու, շէնութեան թէ կործանումի, մահուան թէ կեանքի, պաշտպանումի թէ լքումի, տկարութեան թէ զօրութեան, յուսախափութեան թէ յուսադրութեան, տրտունջքի թէ գոհաբանութեան եւ շարքը երկար է։

Երեսուն տարիներ շարունակ «Գանձասար»-ի բերքը իմացական անդաստաններէն քաղուելով՝ գրաշարուեցաւ, խմբագրուեցաւ, սրբագրուեցաւ, տպուեցաւ ու ցրուեցաւ՝ ընթերցողին սեփականութիւնը ըլլալու, անոր մատներու հպման առարկան դառնալու, աչքերու նայուածքին տակ ներառուելու եւ էջերու յաջորդական դարձուածքով՝ իմացապէս ճաշակուելով՝ լուսաբանեց, լուսաւորեց եւ յագեցուց տեղեկութեան, գիտութեան անօթի եւ պապակ մտքերն ու սրտերը։

Երեսուն տարիներու ընթացքին քանի՜-քանի՜ խմբագիրներ, գրաշարներ, սրբագրիչներ, վերանայողներ, էջադրողներ, ձեւաւորողներ, յօդուածագիրներ ու աշխատակազմի անդամներ, բարերարներ, մեկենասներ ու տպագրողներ տիւ եւ գիշեր մեղուաջան աշխատեցան, տքնեցան, անքուն հսկեցին, տագնապեցան, զրկուեցան ու ճնշուեցան, գրեցին, երկնեցին, նախանձախնդրութեամբ հետապնդեցին եւ հաւատարիմ մնալով իրենց ծառայական առաքելութեան, անկաս եւ աննահանջ կատարեցին իրենց ճիտին դրուած եւ իրենց վստահուած այդքան նուիրական պարտականութիւնը, շատ յաճախ՝ «ապերախտ» աշխատանքը, երբ մարդիկ չեն գիտեր եւ նոյնիսկ գաղափար չունին, թէ ինչպիսի՛ հսկայ եւ սպառող աշխատանք է որ կը կատարուի եւ որքա՜ն մարդուժի եւ նիւթական կարելիութիւններու կը կարօտի։

Երեսուն տարիներ արդէն սահեր ու անցեր են, բայց ցարդ «Գանձասար»-ը կայ եւ շատ աւելի աշխուժ եւ կազմակերպ կը գործէ, արդի պայմաններուն համահունչ, ան ո՛չ միայն տպագրուած վիճակով, այլեւ առ ցանց ելեկտրոնային միջոցներով կը տարածուի ու կը հասնի բազմահազար հայորդիներու, աշխարհի չորս կողմերը։

Այս տարի երեսուն ամեակն է որ կը նշենք։ Եւ այս դէպքին նշումը Սփիւռքի մէջ, Սփիւռքի տարուան նուիրուած՝ սուրիահայ համայնքին համար բնականաբար կրկնակիօրէն իր նշանակութիւնը ունի եւ մեր բոլորին սրտերը ուրախութեամբ ու հպարտութեամբ կը լեցնէ։

Հակառակ վերջին տասնամեայ պատերազմին ու անոր թողած բազմակողմանի դժուարութիւններուն, նեղութիւններուն ու տագնապներուն ինչպէս նաեւ այս տարուան Փետրուար ամսուն հիւսիսային Սուրիան ցնցող ահաւոր երկրաշարժին եւ անոր պատճառած աննկարագրելի կործանարար հետեւանքներուն, տակաւին սուրիահայութիւնը կը մնայ պատնէշի վրայ, կառչած է իր կրօնական, եկեղեցական, ազգային ու մշակութային աւանդութիւններուն ու արժէքներուն եւ հաւատարիմ է իր հայրենիքին, ծննդավայրին, հողին, ինքնութեան, առաքելութեան ու իր կոչումին։ Եւ հակառակ աննկարագրելի եւ անտանելի կենցաղային, տնտեսական ու ընկերային դառն պայմաններուն, ան կը շարունակէ իր գոյութենական պայքարը եւ կեանքի աշխուժութիւնը իր բոլոր խաւերով ու կառոյցներով, մարմիններով ու միութիւններով եւ յոյսով առլցուն կը նայի դէպի պայծառ ապագայ։ Եւ «Գանձասար»-ը իր երեսուն ամեակի յաղթական նշումով այս վկայութիւնն է որ կու տայ ու կը բարձրաձայնէ։

Տիրող իրավիճակները իրենց նեղութիւններով ու դժուարութիւններով կաղապարի նման ոլորապտոյտ քաշուելով ու սեղմուելով շարունակ ճնշեցին մեր վրայ, բայց չկրցան փշրել կամ կոտրտել կեանքին կառչելու մեր յոյսը, ապրելու մեր ներուժը եւ ստեղծագործելու, վերաշինելու, վերականգնելու եւ վերակազմակերպուելու կամքն ու պատրաստակամութիւնը։

Սուրիահայութիւնը իր նկարագրով, խառնուածքով ու ծինային նկարագրով աշխատող, աշխատասէր ու աշխատունակ է։ Ան բնաւ ծուլութիւն չէ խառնած իր բազուկի զօրութեան, այլ ապաւինելով աստուածատուր քանքարներուն, ամենայն գիտակցութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ զանոնք ի գործ դրած է թէ՛ իր, թէ՛ շրջապատին եւ թէ երկրի զարգացման, բարգաւաճման ու բարօրութեան։ Նոյնպէս ալ այսօր, նոր բացուող 2024 տարուան հետ, կը հրաւիրուինք առաւել քան երբեք յոյսով նայելու ապագային եւ աստուածային խոստումներուն ապաւինած՝ կենդանի հաւատքով մեր ուժերը պրկելու եւ միասնական ճիգերով մեր առողջ, կանգուն եւ կազմակերպ ապագային համար ծրագրելու եւ աշխատելու բոլոր տարածքներու վրայ, մեր ունեցած զօրեղ ու երիտասարդ մարդուժի լայն կարողականութիւններն ու կարելիութիւնները ներառելով եւ օգտագործելով։ Եւ այդ ատեն կը յաջողինք ու պիտի յաջողինք։ Եւ պատճառ չկայ չյաջողելու։

Ուստի, չվհատինք, որովհետեւ նեղութիւններն ու դժուարութիւնները միշտ ալ եղած են ու վստահաբար դեռ պիտի շարունակուին։ Բայց մենք աստուածային խոստումը ունինք, որպէս քրիստոնեաներ, յաղթահարելու ամէն դժուարութիւն եւ խոչընդոտ։ Մեր Տէրը՝ Քրիստոս, իր ամենազօրեղ եւ գօտեպնդիչ հաստատումը կատարեց, երբ քաջալերեց իր աշակերտները, որ չվախնան գալիք հալածանքներէն, սպառնալիքներէն, դժուարութիւններէն ու ամէն տեսակի նեղութենէ, այլ իրմով խաղաղութիւն ունենան, ըսելով. «Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին»։

Ուստի, կարեւորը մեր հաւատքին մէջ կասկած եւ մեր քաջութեան մէջ վախ չխառնենք, այլ ապաւինինք Աստուծոյ եւ մեզմէ իւրաքանչիւրը իր պարտաւորութեան, պարտականութեան եւ պատասխանատուութեան գիտակից, սիրով եւ յօժարակամութեամբ իր աշխատանքը կատարէ ու իր ծառայութիւնը մատուցէ։ Եւ վստահ ըլլանք, որ Աստուած պիտի օրհնէ մեր կեանքը, պիտի վերականգնէ մեր ընկերութիւնն ու երկիրը, յաջողութիւն պիտի պարգեւէ մեր աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն, պիտի բժշկէ մեր հիւանդութիւնները, պիտի բարձրացնէ մեզ, բարիքներով պիտի վերալիացնէ եւ ի բարին առաջնորդէ։

Հետեւաբար, երեսուն ամեակի նշումը մեզ կը մղէ շնորհակալութեամբ եւ երախտագիտութեամբ խոնարհելու այն մարդոց մեծ վաստակին ու գործին դիմաց, որոնք անցնող երեսուն տարիներուն «Գանձասար»-ը կենդանի, շնչող ու արձագանգող պահելու նուիրական, ծառայական աշխատանքին իրենց անսակարկ ներդրումը բերին։

Երեսուն ամեակի նշումը մեզ կը հրաւիրէ ինքնաքննութեան եւ հաշուեյարդարի, որպէսզի աւելի գիտակից պատասխանատուութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ դիտենք երեւոյթներն ու կատարուածները եւ տուեալները իրականութիւն դարձնելու հսկայ ճիգն ու զոհողութիւնը ճշմարտապէս գնահատել ու արժեւորել սորվինք եւ բնաւ անտարբերութիւն եւ ծուլութիւն չխառնենք մեր պարտաւորութեանց մէջ։

Երեսուն ամեակի նշումը, որպէս մեծ ձեռքբերում ու նուաճում, զօրեղ մարտահրաւէր մըն է, շատ աւելի հաստատակամութեամբ, ուժերու պրկումով եւ խանդավառութեամբ աշխատանքը շարունակելու, որպէսզի կարելի ըլլայ մամուլի ճամբով առաւել թիւով հայորդիներու հասնիլ եւ զանոնք ալ հաղորդակից ու մասնակից դարձնել մեր իրականութեան ու կեանքին։

Ի վերջոյ, աստուածային օրհնութեամբ եւ հայրական ջերմ սիրով կ’ողջունենք ու կը շնորհաւորենք «Գանձասար»-ի երեսուն ամեակը, մաղթելով անկաշկանդ երթ ու բեղուն ու արդիւնաբեր նոր ամեակներ, ինչպէս նաեւ կը շնորհաւորեմ ու մեծապէս կը գնահատեմ «Գանձասար»-ի գլխաւոր խմբագիր՝ Տիկ. Զարմիկ Պօղիկեանը եւ աշխատակազմի բոլոր անդամները, ինչպէս նաեւ յօդուածագիրներն ու մեկենասները, ընթերցողներն ու բարեկամները եւ բոլոր այն մարդիկ, որոնք զանազան միջոցներով կը սատարեն «Գանձասար»-ի յաջողութեան եւ անարգել գոյերթին։
Կրկին անգամ երեսուն ամեակդ շնորհաւոր ըլլայ, «Գանձասա՛ր» եւ ամենայն բարիք։

Մակար Եպս. Աշգարեան
Առաջնորդ Բերիոյ Հայոց Թեմին