Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան խօսնակ Նասեր Քանանին, իր շաբաթական ճեպազրոյցին ընթացքին անդրադարձած է Հարաւային Կովկասի իրավիճակին, տարածաշրջանի մէջ հաղորդակցութիւններուն եւ սահմանային հարցերուն։

«Իրանը յստակ դիրքորոշումներ ունի Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի իրավիճակին եւ տարանցիկ միջանցքներուն նկատմամբ: Մենք հսկայ ջանքեր կը գործադրենք տարածաշրջանի երկիրներուն մէջ խաղաղութիւն, կայունութիւն եւ անվտանգութիւն հաստատելու համար։ Զարգացող տարանցիկ գործակցութիւնը չի կրնար հիմք հանդիսանալ աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններու եւ երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան եւ ազգային ինքնիշխանութեան խախտումին համար», ըսած է Քանանի: