Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հերքած է Ատրպէյճանի ներքին գործերուն միջամտելու մեղադրանքները եւ պահանջած է ազատ արձակել Պաքուի մէջ կալանաւորուած իր քաղաքացին։
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդումին համաձայն, այս մասին յայտարարութիւն տարածած է Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը։
«Մենք վճռականօրէն կը յայտարարենք, որ կը մերժենք Ատրպէյճանի կողմէն մեղադրանքները, որոնք միտուած են մեր դէմ իր թշնամական գործողութիւնները արդարացնելուն», յայտնած են գերատեսչութենէն՝ կամայական որակելով Ատրպէյճանի մէջ ֆրանսացիի կալանաւորման գործողութիւնը։
Ըստ ֆրանսական արտաքին դիւանագիտական գերատեսչութեան՝ մինչ այժմ Պաքուի մէջ Ֆրանսայի հիւպատոսութեան աշխատակիցները երկու անգամ կրցած են այցելել կալանաւորոիած քաղաքացին, իսկ դիւանագէտները կապի մէջ են անոր հարազատներուն հետ։

Յիշենք, որ նախապէս յայտարարուած էր, որ լրտեսութեան կասկածանքով Պաքուի մէջ ձերբակալուած է Ֆրանսայի քաղաքացի։ Ատրպէյճանական դատարանը անոր նկատմամբ խափանման միջոց ընտրած է կալանքը՝ չորս ամիսով: