Նախորդ տարին բարդ եւ ցաւոտ տարի մըն էր Սուրիոյ համար,  յատկապէս նկատի ունենալով Փետրուարի երկրաշարժը, որ մարդկային զոհեր խլեց, թրքական հրոսակախումբերու Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններէն տարածքներ գրաւելու շարունակուող նկրտումները, Իսրայէլի շարունակական հրթիռակոծումները Սուրիոյ օդակայաններուն, Հոկտեմբերին Հոմսի մէջ շրջանաւարտ դեսպաններու վկայականաց բաշխման արարողութեան ընթացքին անօդաչու սարքերով յարձակումն ու 80 երիտասարդներու զոհուիլը, ինչպէս նաեւ տնտեսական ծանր վիճակը, յատկապէս սղաճն ու սուրիական լիրային անկումը։
Այդուհանդերձ յոյսի նշոյլներ երեւիլ սկսան արաբական երկիրներու հետ Սուրիոյ յարաբերութիւններու կարգաւորման, Յունուարին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարին Սուրիա այցելութեան, ապա Սուրիոյ նախագահին Ռուսիա այցելութեան, Ժատտէի մէջ արաբական լիկայի գագաթնաժողովի մասնակցութեան եւ մտերմիկ հանդիպումներուն` Եգիպտոսի նախագահին, Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորին եւ այլոց հետ, այնուհետեւ նախագահին Չինաստան այցելութեան եւ տնտեսական յարաբերութիւններու կարգաւորման խոստումներուն լոյսին տակ, սակայն տարածաշրջանի լարուած վիճակը, այդ վիճակի բարելաւման մէջ ազդեցութիւն ունեցող պետութիւններու դերակատարութիւնը, աւելին. Սուտանի, Կազզայի, այլեւ համաշխարհային մակարդակով տեղի ունեցող լարուածութիւններն ու տնտեսական ճգնաժամերը՝ Ուքրանիայէն մինչեւ Չինաստան, Խաղաղ ովկիանոս, Կարմիր ծով եւ այլուր պատճառ դարձան Սուրիոյ տագնապի լուծման գործնական քայլերու ուշացման։
Այդուհանդերձ այս տարեշրջանին, երկրի տնտեսական անիւին յառաջ մղման հիմնական քայլը ելեկտրականութեան ապահովման կարելիութիւններու բարելաւումը կրնայ ըլլալ, յատկապէս եթէ պետութիւնը լայն ծաւալներով կիրարկէ կենսուժի այլընտրանքային միջոցները, ելեկտրականութեան դասական ձեւերու ապահովման կողքին։
Ելեկտրականութեան մատակարարման բարելաւումը թափ կրնայ տալ արդիւնաբերական աշխատանքին եւ արտածումի ծաւալներու աճին, յատկապէս որոշ արտադրութիւններու արտածումին գծով պետութեան սահմանած թոյլտուութիւնները նկատի ունենալով։
Ելեկտրականութեան կողքին, անհրաժեշտ է կառավարելի դարձնել յատկապէս սննդամթերքի գիները, սերտելով տեղական արտադրութեան սննդամթերքի գիներու բարձրացման տուն տուող շարք մը ազդակները, չեղեալ համարելով կարգ մը ազդակներ, յատկապէս քաղաքէ քաղաք ապրանքափոխանակման տնտեսական դժուարութիւնները։
Տնտեսական փոքր ծրագիրներու կողքին, հարկ է աշխատանքի դիւրութիւններ ստեղծել արդիւնաբերական մեծ ընկերութիւններուն համար, որպէսզի կարելի ըլլայ կանխել սուրիական դրամագլուխներուն դուրս գալը եւ մասամբ քաջալերել օտար ընկերութիւններու կողմէ շահարկումի տարբեր ձեռնարկները։
Սուրիական լիրայի արժէքին կայուն պահպանման համար անցնող տարուան մէջ կառավարութիւնը բաւական մեծ ճիգ թափեց ու հակառակ որ տարուան ընթացքին լիրային արժէքը կարելի եղաւ մասամբ կայունացնել, տարեվերջին կրկին անկում արձանագրեց։
Հետեւաբար տնտեսական որոշակի գործօններու բարելաւումով, սուրիական լիրայի արժէքին կայունացումով 2024-ին կրնանք ականատեսը ըլլալ տնտեսական ճգնաժամի մասնակի փարատումին, որուն եթէ ընկերակցին երկրի արտաքին յարաբերութիւններու աշխուժացումն ու արաբական թէ այլ երկիրներու հետ գործակցութեան դաշտի արդիւնաւորումը, յուսալի դռներ կարելի է բացուած տեսնել տարուան ընթացքին։