2023 թուականը ալեկոծ տարի մը եղաւ սուրիահայութեան համար։ Երկրի տնտեսական ծանր պայմաններուն, արտագաղթի շարունակուող ընթացքին մէջ անգամ վերակազմակերպման որոշ աշխատանքներ սկիզբ առած կամ ծրագրուած էին արդէն՝ կառոյցներու վերանորոգութեամբ, միութիւններու եւ կրթական հաստատութիւններու աշխատելաոճի մասնակի փոփոխութեամբ, այս նիւթերուն շուրջ խորհրդաժողովներու կազմակերպման մեկնարկով, կազմակերպչական որոշ աշխատանքներու խտացումով եւ այլն, երբ 6 Փետրուարի աղէտալի երկրաշարժը ահագնապէս ցնցեց սուրիահայութիւնը, առաւելաբար Հալէպի, Լաթաքիոյ եւ Քեսապի հայութիւնը։
Մարդկային եւ նիւթական վնասներուն կողքին հոգեկան ծանր վիճակի մէջ յայտնուեցաւ այս նահանգներուն մէջ ապրող հայութիւնը։ Տակաւին հազիւ պատերազմի թոհուբոհէն դուրս եկած, տնտեսական ծանր պայմաններու տակ կաշկանդուած էր ան, երբ այս անգամ ալ երկրաշարժը  շուռ տուաւ անոր իրագործելի ծրագիրները եւ տնտեսական նոր բեռի տակ դրաւ զինք։
Բերիոյ Հայոց Թեմը իր առաջնորդին գլխաւորութեամբ անմիջապէս գործի լծուեցաւ ու փութաց աղէտահար ժողովուրդի օգնութեան։  Հայ կաթողիկէ եւ աւետարանական համայնքներու պետերը եւս նոյն աշխատանքին լծուեցան։
Սփիւռքահայութիւնը, Հայաստանը, Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամն ու անգամ Ատրպէյճանի շրջափակման հետեւանքով տագնապի մէջ յայտնուած Արցախը օգնութեան ձեռք երկարեցին սուրիահայութեան։ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսը ժամանեց Հալէպ, ուր իր թեմերուն եւ միաբաններուն անունով զօրակցութիւն յայտնեց սուրիահայութեան եւ կոչ ուղղեց ողջ հայութեան թիկունք կանգնելու սուրիահայ իրենց քոյրերուն եւ եղբայրներուն, իսկ միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց  ամէն ջանք ի գործ դնելու  չեղեալ համարելու Սուրիոյ շրջափակումը՝ նկատի ունենալով երկրաշարժին հետեւանքով ստեղծուած մարդկային ողբերգութիւնը։
Հայաստանէն Հալէպ ժամանեց ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան որոնողափրկարար խումբ մը,
փլատակներուն տակէն մարդիկ փրկելու, յատկապէս արաբական շրջաններուն մէջ, ուր փուլ եկած շէնքերը թիւով անհամեմատօրէն աւելի մեծ էին։
Հայութիւնը ունեցաւ երկու զոհ եւ երկու տասնեակի հասնող վիրաւոր։ Հալէպահայութեան եւ Լաթաքիոյ հայութեան բնակարաններուն մեծամասնութիւնը վնասուեցաւ, կարգ մը բնակարաններ անբնակելի դարձան։
Բարեբախտաբար մեր եկեղեցիները, ակումբները իրենց դռները բաց ձգեցին ժողովուրդին դիմաց՝  առանց խտրութիւն դնելու հայուն եւ տեղացի արաբին միջեւ։ Ժողովուրդը օրեր շարունակ գիշերեց մեր կեդրոններուն մէջ, որովհետեւ յետցնցումները կը շարունակուէին։
Ակումբի հայ տղաքը կեդրոններու եւ եկեղեցիներու մէջ ապաստան գտած ժողովուրդին գիշերելու, սնունդի եւ առողջապահական բոլոր կարիքները հոգացին։ Շուրջ մէկ ամիս ժողովուրդը վախի մէջ կ’ապրէր, յետցնցումները կը շարունակուէին՝ խուճապի մթնոլորտ ստեղծելով յատկապէս մանուկներուն եւ տարեցներուն մօտ։
Յաջորդող ամիսներուն աստիճանաբար հանդարտութիւն տիրեց, Բերիոյ Հայոց Թեմի Նպաստից Մարմինը, Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը եւ բարեսիրական բոլոր միութիւնները  լծուեցան աղէտահար ժողովուրդին օգնութեան աշխատանքին։
ՀՅԴ Բիւրօն կոչ ուղղեց Սփիւռքի իր բոլոր կառոյցներուն եւ ՀՕՄ-ին լծուելու դրամահաւաքի եւ դեղորայքի  ապահովման աշխատանքին։ Սփիւռքի տարբեր շրջաններուն մէջ կազմակերպուեցան դրամահաւաքներ՝ յանուն սուրիահայութեան։ ՀՕՄ-ը յատկապէս լարուած աշխատանք տանելով իր տարբեր մասնաճիւղերը գործի լծեց եւ օժանդակեց սուրիահայութեան։ Քրիստոնէական բարեսիրական հաստատութիւններ՝ նոյնպէս։ Հալէպի մէջ կազմուեցաւ միջեկեղեցական կեդրոնական խորհուրդ մը, որպէսզի համադրէ քրիստոնէութեան հասած օժանդակութեան աշխատանքները՝ բնակարաններու նորոգութենէն մինչեւ սնունդի եւ առաջին անհրաժեշտութեան
իրերու մատակարարում։
Բերիոյ Հայոց Թեմը եւս արտակարգ երեսփոխանական ժողով մը գումարելով տագնապի յաղթահարման առաջնահերթութիւններ ճշդեց եւ յառաջացուց երկրաշարժի արտակարգ իրավիճակի մարմին մը, որ իր կարգին յառաջացուց համապատասխան յանձնախումբեր՝ մարդասիրական եւ կառոյցներու վերանորոգման գործը յառաջ տանելու եւ ցանկագրելու համայնքին կրած վնասները։
Վնասներու ցանկագրման դիմումներ ընդունեց նաեւ Հայ Բարեգործական Ընդհ. Միութիւնը։
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներու Հալէպ այցելութիւնը եւս գօտեպնդիչ ազդակ հանդիսացաւ։ Անոնք այցելեցին փուլ եկած կառոյցներ ու հաստատութիւններ, հանդիպումներ ունեցան ազգային մարմիններու հետ եւ  յատկապէս Հալէպի, Լաթաքիոյ եւ Քեսապի ուսանող երիտասարդ տարրը գօտեպնդեցին՝  նիւթապէս օժանդակելով անոր, որպէսզի կարենայ յաղթահարել ծանր օրերն ու շարունակել ուսման իր ընթացքը։
Հայաստանէն Սուրիա հասան մարդասիրական օժանդակութիւններով բեռնաւորուած չորս օդանաւեր՝ որպէս օժանդակութիւն Սուրիոյ ժողովուրդին։
Սուրիահայութիւնը աստիճանաբար յաղթահարեց երկրաշարժի աղէտը, ժամանակի ընթացքին մեծաթիւ բնակարաններ նորոգուեցան ու վախի եւ անապահովութեան մթնոլորտը ժամանակի ընթացքին փարատեցաւ։
Սուրիահայութիւնը վերագտաւ իր աշխուժութիւնն ու ընթացք առին ձեռնարկները, բացուեցան վարժարաններուն դռները։ Տարուան երկրորդ կիսուն կեանքը իր բնականոն հունին մտաւ, սակայն երկրի տնտեսական անկայուն վիճակը շարունակեց իր ծանր թաթը պահել ժողովուրդի ուսին։
«Գանձասար»-ը այս պայմաններուն մէջ շարունակեց անխափան գործել, թէեւ երկրաշարժի յաջորդող քանի մը շաբաթներուն խմբագրատունէն դուրս՝ Արամ Մանուկեան Ժողովրդային Տան մէջ ընթացաւ թերթի խմբագրութեան աշխատանքը, նկատի ունենալով խմբագրատան 5-րդ յարկի վրայ գտնուիլն ու յետցնցումներու վտանգը։
Թերթը այս տարի բոլորեց իր 30-ամեակը, ինչ որ առիթ համարուեցաւ այս ոլորտին մէջ եւս կեանքի կոչելու Վեհափառ Հօր Սփիւռքի տարուան նուիրուած՝ Ինքնաքննութենէ Վերակազմակերպում կոչը։
Այս բոլորին լոյսին տակ, սուրիահայ համայնքը թէեւ նօսրացաւ քանակով, մասամբ տկարացաւ որակով, սակայն տակաւին ունի վերակազմակերպուելու ամուր ենթահող մը, որուն վրայ հիմնուելով եւ համապատասխան ծրագիրներու մշակումով եւ իրագործումով, կը հաւատանք, կարելի կ’ըլլայ վերականգնել անոր էական դերը արեւմտահայ մշակութային ժառանգութեան պահպանման, հայապահպանումի աշխատանքին իր զգայի նպաստին ու սփիւռքահայ համայնքներուն մարդուժ հայթայթելու առաքելութեան մէջ։
Հարկ է, սակայն, կառոյցներու նորոգութենէն ետք վերստին թափ տալ մարդակերտումի աշխատանքին, տարբեր
ոլորտներու մէջ վերականգնել մասնագիտական աշխատանքի  որակը, վերապատրաստել ուսուցիչներ, թերթի աշխատակիցներ, համայնքի կրթական, տնտեսական , մշակութային կեանքը վերաթարմացնող, վերաորակաւորող մարդուժ։ Այս իմաստով կարելի է օգտուիլ սփիւռքի տարբեր համայնքներու հետ գործակցութենէն, փորձառութիւններու փոխանակումէն, ինչպէս նաեւ արտագաղթած, յատկապէս Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերու հետ գործակցութեան կարելիութիւններէն։
Միւս կողմէ, համայնքի տնտեսական կեանքի բարելաւման համար անհրաժեշտ է համահայկական զօրակցութեան կողքին տեղական ազգային կառոյցներու շահարկումն ու տնտեսական փոքր ծրագիրներու ստեղծումը, որպէսզի թէ՛ մեր կառոյցներու նիւթական հարցերը լուծուին, թէ՛ երիտասարդ մարդուժին գործ հայթայթելու կարելիութիւն ստեղծուի, եւ թէ մասնագիտացած մարդուժը՝ հայերէնաւանդ ուսուցիչներ, դասախօսներ, մշակութային ոլորտի մէջ գործող մասնագէտներ լաւապէս վարձատրուին ու իրենց ասպարէզին մէջ նորարարութիւն մուծեն, սերունդներու պատրաստութեան մէջ իրենց աշխատանքը կրկնապատկելով։
Անհրաժեշտ է արեւմտահայերէնի պահպանման ուղղուած ջանքերը եւս կրկնապատկել՝ մեր վարժարաններու հայերէնի աւանդման ծրագիրները վերամշակելով, համապատասխան ուսուցիչներ, մամուլի ծառայողներ ու միութիւններու դաստիարակչական ծրագիրները ի գործ դնող երիտասարդ մարդուժ պատրաստելով, որպէսզի անոնք նոր ոճ ու եղանակ օգտագործելով, դաստիարակչական աշխատանքը հաճելի ու մատչելի դարձնեն ու պարտաւորութեան մը սահմանին մէջ չխեղդեն զայն։
Մեր ակումբներն ու վարժարանները կարելի է օժտել այնպիսի արդիական ծրագիրներով, սարքերով եւ մարդկային պաշարով, որոնք ամբողջութիւն մը կազմելով կրնան Ճամբայ բանալ անոնց գործունէութեան արդիականացման՝ ոճի եւ բովանդակութեան առումով։
Կազմակերպչական ծիրին մէջ, սակայն, հարկ է աշխատանքները խտացնել, իրարանման գործերը միացնել, վարչական մարմինները գործունեայ բջիջներու վերածել՝ գործերու  ապակեդրոնացեալ բաշխում կատարելով, որպէսզի անհատներ մէկէ աւելի աշխատանքներով չծանրաբեռնուին ու աշխատանք ստանձնողը կարենայ ժամանակ տրամադրել գործի յառաջընթացին առնչուող ծրագիրներ մշակելու, ոչ թէ միայն ընթացիկ աշխատանքներ տանելու։
Թէեւ Երկրի ծանր պայմանները, Արցախի կորուստը յուսահատական տրամադրութիւններ յառաջացուցին շատերու մօտ, սակայն յուսահատական վիճակները կարելի է յաղթահարել քննական մտածելակերպով, մեր խոցելի կողմերը տեսնելով ու զանոնք բարելաւելով, առողջ քննադատութիւնը, առողջ մրցակցութիւնը պահելով մէկտեղ միասնակամութիւն դրսեւորելով մեր տեսլականներու իրականացման ճամբուն վրայ։
«Գանձասար»-ի 30-ամեակը կը բոլորենք մեր կիզակէտին մէջ ունենալով հետեւեալ հիմնական նպատակները.
Ա) «Գանձասար»-ի թուայնացում,
Բ) Երիտասարդ գրողներու պատրաստութիւն՝ սփիւռքահայ եւ հայրենի մտաւորականներու հետ գործակցաբար,
Գ) Թերթի բովանդակութեան հարստացում,
Դ) Սփիւռքահայ եւ հայրենի մամուլին հետ գործակցութեան աշխուժացում,
Ե) Հայերէնի անաղարտ պահպանման համար համապատասխան դասընթացներու  կազմակերպում,
Զ) Թերթի գաղափարական գոյնի շեշտադրում՝ հայկական մեր իրաւունքներու վերատիրացման անշեղ ուղիէն չթեքելու
հաստատակամութեամբ։
«Գանձասար»-ի այս տարուան Բացառիկը կը նուիրենք սուրիահայ համայնքին, լուսարձակի տակ առնելով իւրաքանչիւր շրջան՝ ոչ թէ գիտական ուսումնասիրութիւններ կատարած ըլլալու յաւակնութեամբ, այլ՝ փորձագրական էջերով իւրաքանչիւր շրջանի դժուարութիւնները եւ անոնց յաղթահարման անհրաժեշտ քայլերը պարզելու եւ հաւաքական աշխատանքով, գործակցաբար լուծումներու մասին խորհելու։
Թող 2024-ը ըլլայ յոյսի եւ բեղուն աշխատանքի տարի, իսկ դժուարութիւնները ծառայեն մեր դիմադրողականութեան ուժեղացման՝ յանուն նոր ձեռքբերումներու։
Զարմիկ Պօղիկեան