ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անդամ Խոաքին Քասթրոն անցած շաբաթ հիւրընկալած է քոնկրէսական քննարկում՝ ուշադրութիւն հրաւիրելով Երուսաղէմի հայկական թաղամասի նկատմամբ յարձակումները։ Մեկնաբանելով քոնկրէսական քննարկումը՝ Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբի Ուաշինկթընի կեդրոնական գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան յայտարարած է․ «Մենք կը ցանկանք շնորհակալութիւն յայտնել ներկայացուցիչ Քասթրոյին՝ Երուսաղէմի հայկական թաղամասի դէմ բռնի յարձակումներու աճի շուրջ Քոնկրեսի այնքան անհրաժեշտ ուշադրութիւնը սեւեռելու մասին։ Անիկա քրիստոնէական աշխարհի կեդրոնական սիւն է, իսկական գանձ բոլոր դաւանանքներու համար» յուսադրող էր տեսնել օրէնսդիրներու նման լայն շրջանակ, որոնք ներկայացուած էին այս քոնկրեսական քննարկումին, որ կը վերաբերէր հարցի իրաւական, քաղաքական եւ հոգեւոր տուեալներուն»։
5 Յունուարին հրապարակուած է իրաւական վէճերու մէջ հայկական համայնքը ներկայացնող իսրայէլցի յայտնի փաստաբան եւ Երուսաղէմի հարցերու փորձագէտ Դանիէլ Սայտեմեանի, Երուսաղէմի հայկական թաղամասի իրաւունքները պաշտպանող Save The ArQ շարժումի առաջնորդ Յակոբ Ճերնազեանի եւ ԱՄՆ-ի մէջ բնակող նշանաւոր փաստաբան Գառնիկ Քերքոնեանի զեկոյցը։
Վերջին քանի մը ամիսներու ընթացքին իսրայէլցի կառուցապատողները ձգտած են հայկական թաղամասէն հողեր գրաւել մասնաւոր առեւտրային անշարժ գոյքի կառուցապատման համար: 28 Դեկտեմբերին դիմակաւորուած մարդոց զայրացած ամբոխը, ըստ երեւոյթին, ուղղորդուած կառուցապատողներու կողմէ, դաժանօրէն յարձակած է տասնեակ հայերու՝ հոգեւորականներու վրայ։
Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբը կրօնական ազատութեան հարցերու ԱՄՆ դեսպան Ռաշատ Հուսէյնին կոչ ուղղած է յստակօրէն եւ միանշանակ դատապարտած է Երուսաղեմի պատմականօրէն ձեւաւորուած հայ քրիստոնեայ բնակչութիւնը ահաբեկելու շարունակական փորձերը։ Հայկական թաղամասը Երուսաղէմի հին քաղաքի անբաժանելի մասն է։ Քաղաքին մէջ հայկական ներկայութիւնը թուագրուած է մ.թ. 4-րդ դարէն, երբ Հայաստանը քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօն ընդունած առաջին պետութիւնը դառնալէն վերջ հայ վանականները հաստատուեցան Երուսաղէմի մէջ։
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ
11․01․2023թ․