ԱՐՑԱԽԻ ԱՄԵՆԱՏԱՐԵՑ ԾԱՌԸ

Արցախի մայրաքաղաք՝ Ստեփանակերտէն 37   քիլոմեթր հեռաւորութեամբ, Մարտունի վարչական շրջանի՝ Սխտորաշէն գիւղին մէջ կը գտնուի հսկայ չինարի ծառ մը, որ մինչեւ իսկ անձնագիր ունի ՝ որպէս սովետական միութեան օրերուն տարածքի ամենատարեց եւ ամենաբարձր ծառը: Չինարի ծառը կամ ինչպէս արցախցիները կը կոչեն՝ Տնջրի ծառը շուրջ 2036 տարեկան է:
Ծառը ունի 54 մեթրէն աւելի բարձրութիւն, համարեա՛ 18 յարկանի շէնքի բարձրութեամբ, բունին շրջագիծը 27 մեթր է, ծառին հսկայ փչակին մակերեսը 44 քիլոմեթր է: Անոր վրայ կարելի է տեղադրել 100-է աւելի մարդ, իսկ սաղարթներու ստուերի մակերեսի տարածքը կը գրաւէ մօտաւորապէս 1400 քիլոմեթր տարածք: Սխտորաշէնի այս յայտնի չինարին, իր արտասովոր չափերով կը գերազանցէ Էկէեան ծովու Կոս կղզիի ծառերը, ինչպէս նաեւ Աշխապատի մօտ գտնուող Փիրուզէ կիրճի ծառը: Ծառի տակէն կը բխի մէկ յորդառատ եւ սառնորակ աղբիւր՝ Տնջրու աղբիւրը, որ դարեր շարունակ յագեցուցած է հնձուորներու ծարաւը, սնուցած է հսկայ չինարին, շարժած է ջրաղացի քարը:
Ըստ պահպանուած վիմագիր արձանագրութեան, աղբիւրը կառուցած են  սխտորաշենցի Յովհաննէս Կիսիբեկեանը, Ներսէս Մուսայէլեանը եւ  Մանաս Գասպարեանը:
Արցախի զբօսաշրջիկները, որոնք կը նախընտրէին «հարաւային երթուղին» կարելիութիւն կ’ունենային տեսնելու արցախեան ֆոլքլորին մաս կազմող Սխտորաշէն գիւղին մօտ գտնուող աւելի  քան 2000 տարեկան Տնջրի ծառը:
Մարդիկ երբեմն ապշած ծառի-հսկայ չափէն, տարբեր գրութիւններ կը ձգէին փչակին մէջ, թէեւ  մոմ վարելը արգիլուած էր քանի որ վտանգաւոր էր ծառին գոյութեան համար, այնուամենայնիւ այցելուները յաճախ մոմ կը վարէին ծառի փչակին:

ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ԻՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԾԱՌԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

1- Ֆինլանտայի մէջ անտառները կը գրաւեն երկրին 70% տարածքը, մինչդեռ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ՝ ընդամէնը 6 առ հարիւր տոկոսը: Այս իրավիճակը յառաջացած է արդիւնաբերական յեղափոխութեան հետեւանքով:
2- Սեքվոյան մոլորակի ամէնէն բարձր ծառն է, սակայն անոր փայտը առանձնապէս արժէք չունի կենցաղային օգտագործման մէջ, քանի որ շատ փխրուն է եւ չի գործածուիր տան իրեր պատրաստելու համար:
3- Բոլոր ծառերը անվտանգ չեն. Մանցինելա ծառի պտուղին հիւթը թունաւոր է, իսկ անոր շոգին բացասական ձեւով կ’ազդէ մեր աչքերուն եւ եւ շնչառութեան համակարգին վրայ:
4- Հիւսիսային կիսագունդին մէջ կ’աճին սոճիներու աւելի քան 100 տեսակ, իսկ հարաւային կիսագունդին մէջ մինչեւ օրս կը հանդիպինք միայն 1 տեսակի, քանի որ սոճիի արհեստական անտառները տակաւին նոր յայտնուած են:
5- Պրազիլի մէջ կ’աճի « նաւթատու» ծառ մը: Այս ծառի պտուղի հիւթին քիմիական բաղադրութիւնը կը նմանի մազութի բաղադրութեան:
6- Երկրագունդի փշատերեւ ծառերուն գրեթէ կէսը կ’աճի Ռուսիոյ մէջ:
7- Միջին հաշուով, իւրաքանչիւր ծառ իր ողջ գոյութեան ընթացքին կը կլանէ շուրջ 1 թոն ածխաթթու կազ:
8- Իբրեւ համեմ օգտագործուող կասիան կը պատրաստուի հարաւային բեւեռի ծառերուն չորցած կեղեւներէն, որոնք կ’ապրին Հնդկաստանի եւ Սերելանքայի մէջ:
9- Աշխարհի ամենամեծ ծառը կը կոչուի Ժեներալ Շերման: Ան կը գտնուի Քալիֆորնիոյ հսկայ անտառին մէջ: Ծառին բարձրութիւնը մօտ 84 մ. է: Ան առնուազն 2300 տարի կ’ապրի: