ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԱՆԽԵԼ ԿԱՆՈՒԽ ԾԵՐԱՑՈՒՄԸ

Ծերացումը հոգեբանական, ֆիզիքական եւ ընկերային փոփոխութիւններու ամբողջութիւն է, որուն ընթացքին մարմինի կենսական բոլոր անդամները կը սկսին կորսնցնել իրենց աշխատանքի որոշակի կարողութիւնները։ Ծերացման փոփոխութիւնները տեղի կ’ունենան մարմինի բոլոր բջիջներուն, հիւսուածքներուն մէջ, եւ այդ փոփոխութիւնները կ’ազդեն մարմինի բոլոր անդամ-համակարգերուն գործունէութեան վրայ:
Որո՞նք են ծերացման պատճառները։
Ծերացման պատճառները բազմաթիւ են՝ բջիջային, հորմոնային, փոխարկումի եւ կուտակման հետեւանքով յառաջացող վնասներ։ Բջիջային ծերացումը կը վերաբերի բջիջներու բազմապատկումի կարողութեան նուազումին։ Սովորաբար, բջիջները կը բազմապատկուին մօտաւորապէս 50 անգամ։ Թունաւոր նիւթերը, արեւը, ոչ սննդարար ուտելիքը, ծուխն ու օդի ապականումը կը վնասեն բջիջներու վերականգնումի կարողութեան: Որոշ հորմոններ մարմինը երիտասարդացնող յատկութիւն ունին: Հետեւաբար, տարիքի հետ այդպիսի հորմոններու (թեստոսթրոն, էսթրոժէն, աճի հորմոն) մակարդակի անկումը ծերացման կ’առջնորդէ։ Ծերացման այլ պատճառներէն են քրոնիկ գերճնշուածութիւնը՝ սթրեսը, ճարպակալումը եւ այլն։
Որո՞նք են ծերացման ախտանշանները։
Վարակի ընկալման բարձրացում, հասակի կարճացում, ոսկորներու փխրունութիւն, յոօդերու վնասուածք, կռացած կեցուածք, դանդաղ եւ սահմանափակ շարժումներ, կենսուժի նուազում, պնդութիւն, միզապահութեան դժուարութիւն,կեդրոնացման, յիշողութեան եւ մտածողութեան դանդաղում, տեսողութեան վատացում, լսողութեան կորուստի նշաններ, եւ այլն։
Ինչպէ՞ս կանխել կամ յետաձգել ծերացումը:
Ապրելակերպ։ Սահմանափակ ջերմուժով եւ սննդարար ուտելիքի օգտագործումը դրական ազդեցութիւն ունի մարդու հիւանդութիւններէն պաշտպանուելուն առումով։ Քիչ իւղով սնունդն ալ կրնայ երկարացնել մարդու կեանքին տեւողութիւնը։ Նախընտրելի է սննդակարգը համալրել բանջարեղէնի, ընդեղէնի, ձկնեղէնի եւ ձիթաիւղի օգտագործումով։
Քուն։ Օրուան ընթացքին 6-7 ժամ քնանալը շատ կարեւոր է առողջութեան համար։
Ֆիզիքական աշխուժութիւն։ Անկախ քրոնիկ հիւանդութիւններէն եւ տարիքէն, անհրաժեշտ է աշխոյժ կեանք վարել։
Ֆիզիքական աշխուժութիւնը կը նուազեցնէ վաղաժամ մահուան հաւանականութիւնը, կը նպաստէ մտաւոր առողջութեան եւ առողջ ծերացման։
Գերճնշում (Սթրես)։ Քրոնիկ սթրեսը կ’արագցնէ ծերացումը։ Հետեւաբար հարկ է ձգտիլ հաւասարակշռելու աշխատանքը, մարդկային յարաբերութիւնները, հանգիստը եւ զուարճանքը, դիմացկունութիւն ունենալու զանազան ճնշումներու եւ անյաջողութիւններու պարագային:
Ոգելից ըմպելիներ։ Ոգելից ըմպելիներու չափազանցուած օգտագործումը բացասական ազդեցութիւն ունի մարդուն առողջութեան վրայ։
Ծխախոտ։ Ծխելը առողջութեան եւ մարդու կեանքին համար ամենավտանգաւոր սովորութիւններէն է: Հարկ է հեռու մնալ այս սովորութենէն։