Ֆրանսական «Le Figaro» ամսագիրի փոխտնօրէն Ժան-Քրիսթոֆ Պիւսօ X-ի իր միքրոպլոկին վրայ գրած է, որ Ալիեւ օրերս ընդլայնած է ճնշումը՝ հերթականօրէն պահանջելով Հայաստանէն զոհաբերել իր ինքնիշխանութիւնն ու Ատրպէյճանը Նախիջեւանին կապող թրքական միջանցք տրամադրել։

«Սա Ատրպէյճանի մէջ Փետրուարին տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններէն առաջ բնակչութեան ուշադրութիւնը գրաւելու եւ հայերուն մշտապէս սպառնալու միջոց է», գրած է լրագրողը։