Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա մեկնաբանած է հայաստանեան շարք մը քաղաքական գործիչներու յայտարարութիւնները այն մասին, որ Ռուսիոյ խաղաղապահները չեն կատարած իրենց պարտաւորութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ թոյլ տուած են բնակչութեան ցեղային զտումներուն:

Զախարովան այդ յայտարարութիւնները անուանած է ապակառուցողական, որոնք նման են փաստերը կեղծելու փորձին՝ պատասխանատուութիւնը իրենց վրայէն հանելու համար:
«Մենք կը տեսնենք այս յայտարարութիւնները։ Մենք զանոնք կը համարենք կործանարար, իսկ ամենակարեւորը՝ իրականութեան չհամապատասխանող։ Տարօրինակ է, որ անոնք կը շարունակուին։ Մենք շատ լաւ, վստահելի երկխօսութիւն հաստատած ենք Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան գործընկերներուն հետ։ Մենք բազմիցս բացատրած ենք Ռուսիոյ դիրքորոշումը այս յայտարարութիւններուն մասին՝ ըսելով, որ անոնք միայն նոր հարցեր կը բերեն երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ եւ, անշուշտ, ոչ մէկ բանի կը նպաստեն՝ ո՛չ երկկողմ օրակարգի ամրապնդումին, ո՛չ տարածաշրջանային հարցերու լուծումին։ Բայց, ցաւօք, այնտեղ, ըստ երեւոյթին, ինչ-որ մէկը շահ ունի։ Չեմ գիտեր՝ սա ձեռնտու է Հայաստանի մէջ ինչ-որ մէկի՞ն, թէ՞ ձեռնտու է Հայաստանէն դուրս գտնուող մէկուն։ Դժուար է ըսել», ըսած է ան։

Զախարովա ընդգծած է, որ ոչ ոք իրաւունք ունի վիրաւորելու ռուս խաղաղապահները։
«Իսկ անոնց վիրաւորողներուն մենք պատասխան կու տանք», ըսած է Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան ներկայացուցիչը։

Զախարովան որպէս ապացոյց ներկայացուցած է Ռուսիոյ Դաշնութեան խորհուրդին որոշումը, որուն մէջ ամրագրուած են Լեռնային Ղարաբաղ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմ ուղարկելու նպատակները։