Հա՛յ ֆիտայիներ,
Ջա՛ն ֆիտայիներ,
Ձեր մայրերը` ձեզ ղուրպան:
Մշոյ Սուրբ վանք Սուրբ Կարապետ
Ձեզ լինի օգնական:

Հայ ժողովուրդը ամէն տարի յատուկ տօնախմբութեամբ կը պատուէ Յովհաննու Կարապետի պանծալի յիշատակը: Այս մէկը ինքնանպատակ չէ, այլ ունի իր արդարացի պատճառը: Արդ, Հայաստան աշխարհի քրիստոնէացումէն անմիջապէս ետք, հայոց առաջին լուսաւորիչ Սուրբ Գրիգորը Արածանի գետին մէջ հայ ժողովուրդին հաւատքը բիւրեղացնելով ամրապնդելու սրբազան աշխատանքին լծուեցաւ, զանոնք մկրտեց եւ դրոշմեց` հետեւելով Յովհաննէս Մկրտիչի օրինակին, որ Քրիստոսի գալստեան ճանապարհը հարթեց:

Կաթողիկոս ձեռնադրութենէն ետք, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ իրեն հետ առնելով բազմաթիւ քահանաներ եւ Ս. Կարապետի (Յովհաննէս Մկրտիչ) եւ Աթանագինէս եպիսկոպոսի ոսկորներէն նշխարներ` վերադարձաւ հայրենիք:

4-րդ դարուն սկիզբը Գրիգոր Լուսաւորիչ Կեսարիայէն բերած Յովհաննէս Մկրտիչի մասունքները ամփոփեց Մուշ քաղաքին մէջ գտնուող Դեմետրէ հեթանոսական կուռքի մեհեանին տեղ եւ զայն անուանեց Ս. Կարապետ: Իսկ ինք` Ս. Լուսաւորիչը ձգելով հայրապետական աթոռը` հաստատուեցաւ Մշոյ Սուրբ Կարապետ վանքը, սկիզբը Աւետեաց բլուրը` Անտոն եւ Կրոնիդէս անապատականներու մօտ, ապա տեղափոխուեցաւ Մանեա այրք:

Հայաստան աշխարհի երկրորդ մեծագոյն հոգեւոր կեդրոն` Մշոյ Սուրբ Կարապետ վանքը` որպէս դպրութեան, գրչութեան եւ մշակութային կեդրոն, դարեր շարունակ ասպատակութիւններու թիրախ դարձաւ:

Վանքի պարիսպին մօտ գտնուող Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի աղբիւրին ջուրերով, որուն քառասուն աւազանները, ըստ աւանդութեան, պատրաստել տուած է Տրդատ Գ. Մեծ թագաւորը, Գրիգոր Լուսաւորիչ բազում մկրտութիւններ կատարեց:

Հայ ժողովուրդի բանահիւսութեան մէջ Մշոյ Ս. Կարապետ վանքի շուրջ բազմաթիւ հրաշքներ եւ ուխտագնացութիւններ յիշատակուած են:

Հայ ժողովուրդը` որպէս ականատես եւ ականջալուր սոյն վանքի հզօր ազդեցութեանն ու զօրաւոր ուժի ներգործութեան, ամուր կառչեցաւ եւ փարեցաւ Յովհաննու Կարապետի տօնին` Յայսմաւուրքի մէջ ամենակարեւոր տեղը յատկացնելով հրաշագործ սուրբերու անվերջ դասին մէջ:

Յովհաննէս Մկրտիչ ինքնամոռաց նուիրումով կատարեց իրեն վիճակուած առաքելութիւնը: Այս տարի, երբ համայն հայերս` Հայաստան, Արցախ եւ ի սփիւռս աշխարհի, կը պատրաստուինք նշելու Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակը, պէտք է միշտ եւ ամէնուր ի մտի ունենանք, որ աշխարհիկ իշխանութեան կորուստով հայը առաւել փարեցաւ եկեղեցական իշխանութեան` անոր մէջ որոնելով սփոփանքը այն բաղձալի կորուսեալին, որ պիտի վերականգնէր միայն 6-7 դար ետք, բազում զրկանքներու եւ զոհողութիւններու գնով, որովհետեւ հայ ժողովուրդը, որպէս մարդկային ցեղի ամենահին ձեւաւորուած ազգային տարր, շատ վաղ ժամանակներէն գիտակցեցաւ եւ ընդունեց Քրիստոսի ճշմարտութիւնը եւ պետականօրէն եղաւ առաջին հրաժարողը իր դաւանած բազմաստուածութենէն եւ Յովհաննէս Մկրտիչի յետնորդը դառնալով, ձեռամբ հայոց Լուսաւորչի, մկրտուեցաւ քրիստոնէական զուլալ ջուրով եւ սրբալոյս միւռոնով, դարձաւ Տիրոջ կողմէ օրհնեալ ժողովուրդ եւ ստեղծեց իր անկախ հանրապետութիւնը, որուն եռագոյնը կը ծածանի ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին առջեւ:

Գերյ.Հ.Մաշտոց Ծ.Վրդ.Զահթէրեան`

հոգեւոր հովիւ Հունգարիոյ Կաթողիկէ Հայոց