Ըստ տարիներու սովորութեան, Կիրակի, 14 Յունուար 2024-ին, Ս. Երրորդութիւն «Զուարթնոց» եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ հայ երեք համայնքապետներուն՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի եւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի, յատուկ արարողակարգով աղօթք տեղի ունեցաւ ի խնդիր եկեղեցիներու միութեան։

Ժամերգութեան աւարտին իւրաքանչիւր համայնքի ներկայացուցիչ աղերսանք բարձրացուց առ Աստուած եւ հերթաբար իւրաքանչիւր համայնքապետ տուաւ իր պատգամը օրուան բնաբանին շուրջ, հրաւիրելով հաւատացեալ ժողովուրդը եղբայրսիրութեան, որովհետեւ միութիւնը կատարելագործելու միակ միջոցը ՍԷՐն է։ Սէրը կապն է կատարելութեան։ Ան կը նմանի ոսկեայ շղթայի մը, որ հրաշալի ներդաշնակութեամբ կը համախմբէ քրիստոնեայ հասարակութիւնը։

Այս տարուան Միութեան Աղօթքի բնաբանն էր Ղուկաս աւետարանիչի գիրքէն քաղուած հետեւեալ համարը.”Պիտի Սիրես քու Տէր Աստուածդ բոլոր սրտովդ, բոլոր հոգիովդ, բոլոր ուժովդ, բոլոր մտքովդ եւ ընկերդ` քու անձիդ պէս» (Ղկ 10.27)։

Արարողակարգին, նախ տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն, որուն ընթացքին հնչեց «Մայր Սուրբ»-ը, ուր Աստուածամօրմէ կը խնդրուէր որ աղաչէ մեզի համար իրմէ մարմին առած Աստուծոյ, որպէսզի միաբանէ իր Սուրբ եկեղեցին՝ շինուած հիմերուն վրայ առաքեալներուն եւ մարգարէներուն, եւ պահէ անարատ մինչեւ օրը երեւման Իր գալուստին։

Արարողակարգը վերջ գտաւ ներկաներուն միաբերան աղօթքով, «Հայր Մեր» երգեցողութեամբ եւ համայնքապետներուն օրհնութեամբ։