17 Յունուարին Ֆրանսայի Ծերակոյտը պիտի քննարկէ 1 Դեկտեմբեր 2023-ին առաջարկուած միջկուսակցական բանաձեւը, որ ուղղուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյճանի զինուորական յարձակումի դատապարտումին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան ոտնահարման ու յարձակումի հետագայ փորձերուն կանխումին։

Բանաձեւով կոչ ուղղուած է պատժամիջոցներ կիրառել Ատրպէյճանի դէմ եւ պահանջուած է երաշխաւորել հայ բնակչութեան՝ Լեռնային Ղարաբաղ վերադառնալու իրաւունքը։