Թուրքիոյ «Resmi Gazete» պաշտօնաթերթին մէջ հրապարակուած է Թուրքիոյ և Ատրպէյճանի միջեւ ստորագրոպած և նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի կողմէ վաւերացուած համաձայնագիր։

«Էրմէնիհապէր»-ի համաձայն, պաշտօնաթերթին մէջ հրապարակուած է 25 Դեկտեմբեր 2003-ին ստորագրուած Թուրքիոյ և Ատրպէյճանի կառավարութիւններուն միջեւ դրամաշնորհային համաձայնագրի կիրարկման մասին որոշումը։

Մասնաւորապէս յիշուած, որ որոշման հիմքը «Մէկ ազգ, երկու պետութիւն» հայեցակարգն ու անոր հիման վրայ եղբայրական և բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդումն ու խորացումն են։

Համաձայնագրին արժէքը կը կազմէ 250 մլն. թրքական լիրա (8,3 մլն տոլար), որուն օգտագործումով Արցախի մէջ (Ճիպրայիլ-Ջրական) պիտի հիմնուի թուրք-ատրպէյճանական միջազգային ուսումնական կեդրոն։

Ծրագիրը կը ներառէ մօտաւորապէս 6500 քմ փակ տարածք, վարչական շէնք, հասարակական հաստատութիւն, տարրալուծարան, սերմնաբուծարանի պահեստ և տնկիներու արտադրամաս: Բացի ատկէ, կը նախատեսուի 65 հեկտար տարածքի անտառապատում։