Yerkir.am-ի հարցումներուն պատասխանած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան։

-Պարո՛ն Սաղաթէլեան, ինչպէ՞ս կ՚արձագանքէք Փաշինեանի` Գաւառի մէջ ունեցած յայտարարութիւններուն, որոնք կատարուեցան ի պատասխան Ալիեւի։
– Ատիկա հրապարակային խոստովանութիւն էր այն մասին, որ ինք ձախողած է իր «խաղաղութեան օրակարգ»-ի իրականացման մէջ եւ երկիրը ուղղած է նոր պատերազմի: Նիկոլ Փաշինեան անձամբ ըսաւ, որ Ատրպէյճան Արցախով չէ բաւարարուած, զօրքերը ՀՀ տարածքէն դուրս չէ բերած, աւելին` նոր տարածքային յաւակնութիւն ունի Հայաստանի նկատմամբ. այն ամէնը, որուն մասին կը խօսինք երեք տարիէ ի վեր։ Երեք տարի մեր ժողովուրդը խաբած են, յայտնելով թէ՝ մեզի պահեցէք իշխանութեան վրայ՝ խաղաղութիւն կը բերենք։ Իսկ հիմա կ՚ըսեն` չի յաջողիր, քանի որ Ատրպէյճան խաղաղութիւն չ’ուզեր։ Բայց զաւեշտը հետեւեալն է, որ վերջաւորութեան Նիկոլ ըսած է, որ միեւնոյնն է` պիտի շարունակենք այդ ճամբով:

– Ի՞նչ պէտք է ընել այս իրավիճակին մէջ։
– Ապահովութիւն եւ խաղաղութիւն ունենալու համար պէտք է կազմակերպել երկրի համընդհանուր պաշտպանութիւնը եւ վարել արդիւնաւէտ արտաքին քաղաքականութիւն, բան մը, որ այս իշխանութիւնը բազմիցս ապացուցած է, որ չի կրնար իրականացնել: Հարցը, որ մինչեւ հիմա չենք կրցած լուծել, կը շարունակէ մնալ նոյնը։ Մենք մեր ժողովուրդին պէտք է հանգամանօրէն բացատրենք, որ այս իշխանութիւնը խաղաղութեան անուան տակ մեզ կ՚ուղղէ նոր ցեղասպանութեան եւ Արցախէն վերջ երկրորդ հայկական պետականութեան կորուստին։ Եթէ այդ վտանգի գիտակցութիւնը մեր ժողովուրդի մեծամասնութեան կրցանք հասկցնել, կը յաջողինք նաեւ արագօրէն լուծել բոլոր հարցերը։