Հայաստան խմբակցութեան պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեան Ազգային Ժողովէն ներս կառավարութեան հետ հարց-պատասխանի օրակարգի ընթացքին դիմելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին հարց տուաւ. «Ի՞նչ յոյսով շարունակ կը յայտարարէք, որ մօտ է «խաղաղութեան» պայմանագրութեան ստորագրումը»:
«Հիմա կ’ուզեմ հասկնալ, երբ որեւէ սկզբունքային հարցի շուրջ համաձայնութիւն չկայ, պատերազմէն ու կորուստներէն յոգնած այս մեր խեղճ ժողովուրդին անընդհատ խաղաղութեան տեսիլքով խաբելը ինչքա՞ն պէտք է շարունակուի», հարցուց պատգամաւորը: