Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով ընդունած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան փոխնախարար Ճելալ Սամի Թուֆեքչիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, կողմերը քննարկած են զինուորական ոլորտի մէջ գործակցութեան հարցեր։
Ըստ ատրպէյճանական կողմի հաղորդագրութեան, Հասանով յայտնած է, որ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ զինուորական գործակցութիւնը անշեղօրէն կը զարգանայ։
«Հանդիպումին, որուն մասնակցած են նաեւ թրքական պաշտպանական արդիւաբերութեան ընկերութիւններու ղեկավարները, կարեւոր համարած է զինուորական աջակցութեան ոլորտի միատեղ նախագիծերը։ Քննարկուած են զինուորական, ռազմաթեքնիկական եւ այլ ոլորտներու մէջ երկկողմ գործակցեան հետագայ ընդլայնումը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցեր», յայտնած է Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը: