10 Յունուարին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ատրպէյճանական  լրատուամիջոցներուն տուած հարցազրոյցին ընթացքին, խօսելով, այսպէս կոչուած, «Զանգեզուրի միջանցք»-ին մասին, յայտարարած է, որ եթէ «Զանգեզուրի միջանցք»-ը չբացուի, Ատրպէյճան մտադիր չէ Հայաստանի հետ մէկ այլ հատուածի մէջ սահման բանալ:

Ան միաժամանակ «միջանցք»-ին առնչուող իրենց ընկալումը ներկայացուցած է այսպէս. «Ատրպէյճանէն Ատրպէյճան (Նախիջեւան-թարգմ.) ուղղուող բեռները, քաղաքացիները եւ ցամաքային ճամբաները ազատ պէտք է ըլլան՝ առանց որեւէ ստուգումէ անցնելու, մաքսային վարչարարութեան մէջ ներգրաւուելու: Ինչ կը վերաբերի միւս երկիրներու բեռներուն, եթէ, օրինակ, Միջին Ասիայէն դէպի Թուրքիա որեւէ բեռ Հայաստանի տարածքով ղրկուի եւ եթէ նոյնիսկ Ատրպէյճանէն դէպի Թուրքիա որեւէ բեռ ղրկուի, անշուշտ, բոլոր մաքսատուրքերը պէտք է վճարուին»:
Սա պաշտօնական Պաքուէն այսպէս կոչուած, «Զանգեզուրի միջանցք»-ի մասին հնչած վերջին յայտարարութիւնն է: Այս յայտարարութեան առնուազն առաջին մասը անտեղի եւ շինծու կը դարձնէ նոյն հարցազրոյցին մէջ Ալիեւի արտայայտած զարմանքը, թէ Հայաստանին կը զայրացնէ «միջանցք» բառը, մինչդեռ «միջանցքը» որեւէ երկրի ինքնիշխանութիւն կասկածի տակ չի դներ:
Իսկ ի՞նչ կը յայտարարէ պաշտօնական Անգարան այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»-ին մասին: Այս նիւթին գծով ինչպիսի՞ յայտարարութիւններ կատարած են թուրք բարձրաստիճան պաշտօնեաները վերջին շրջանին:
Ermenihaber.am-ը առանձնացուցած եւ ժամանակագրական կարգով ներկայացուցած է 2023-ի տարեվերջին ու 2024-ի տարեսկիզբին Թուրքիայէն հնչած յայտարարութիւնները: Ստորեւ կը ներկայացնենք Թուրքիոյ նախագահին արտայայտութիւնները այս գծով.

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀ ՌԵՃԷՊ ԹԱՅԻՊ ԷՐՏՈՂԱՆԻ

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

 

19 Սեպտեմբեր 2023-ին Ատրպէյճանի կողմէ արցախահայութեան դէմ սկիզբ առած ցեղային զտման ռազմական հերթական փուլի մեկնարկին օրը ՄԱԿ-ի ընդհ. ժողովին իր ունեցած ելոյթին մէջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան բառացիօրէն յայտարարած է. «Ի սկզբանէ աջակցած ենք Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ բանակցային գործընթացին: Սակայն կը տեսնենք, որ Հայաստան այս պատմական կարելիութիւնը բաւականաչափ չի գնահատեր: Կը սպասենք, որ Հայաստան կատարէ իր խոստումները՝ Զանգեզուրի միջանցքի բացման գլխաւորութեամբ»:
26 Սեպտեմբեր 2023-ին Էրտողան Նախիջեւան կատարած այցելութենէն յետոյ Անգարա վերադառնալէն ետք լրագրողներու հարցերուն ի պատասխան նշած է. «Զանգեզուրի միջանցքով ցամաքային եւ երկաթուղային ճանապարհներով Նախիջեւանի եւ Ատրպէյճանի այլ շրջաններու հետ մեր ուղղակի կապին հաստատումը կ’ամրապնդէ մեր յարաբերութիւնները: …Մենք կարելի ամէն ջանք պիտի գործադրենք, որ այս միջանցքը հնարաւորինս շուտ բացուի: Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի համար շատ կարեւոր այս միջանցքի կեանքի կոչումը ռազմավարական հարց է եւ անպայման պէտք է աւարտին հասնի: Երբ այս միջանցքը բացուի, Պաքուէն դուրս եկող մեքենան կամ գնացքը կրնան անմիջապէս հասնիլ Կարս: Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի եղբայրութիւնը շատ աւելի կ’ամրապնդուի: Իրանէն եւս այս հարցին շուրջ դրական ազդակներու յղումը յուսադրիչ է: Մեր փափաքն է այս վայրերը դարձնել խաղաղութեան միջանցք … Եթէ մտածենք, որ ատիկա երկաթուղային համակարգ է, Թուրքիայէն եկող գնացքը Նախիջեւանով, Հայաստանով կ’անցնի եւ կը հասնի Ատրպէյճան: Ինչ կը վերաբերի Հայաստանով անցնելու հարցին, եթէ Հայաստան այս ճանապարհը չբանայ, ինչպէ՞ս պիտի անցնի: Իրանով պիտի անցնի: Իրան հիմա այդ հարցին դրական արձագանգ կու տայ, հետեւաբար կարելի է Իրանի տարածքով Ատրպէյճան անցնելու հնարաւորութիւն ստեղծուի»:
9 Հոկտեմբեր 2023-ին Էրտողան կառավարութեան նիստի աւարտին յայտարարած է. «Կը շնորհաւորենք Ղարաբաղի մէջ մեր ատրպէյճանցի եղբայրներուն վճռական եւ խիզախ պայքարով ձեռք բերուած յաղթանակը: Հայաստանի ղեկավարութենէն մեր ակնկալութիւնը խելամիտ եւ իրաւական ճամբու լոյսին ներքոյ, խաղաղութեան, ապահովութեան եւ  բարօրութեան միտուած քաղաքականութեան հետեւիլն է: Եթէ Հայաստան այս ձեւով շարժի եւ իր տուած խոստումը պահէ Զանգեզուրի միջանցքին գծով, անգամ մը եւս կը փափաքիմ յայտնել, որ պատրաստ ենք մեր յարաբերութիւնները Հայաստանի ղեկավարութեան հետ քայլ առ քայլ զարգացնելու»:
3 Նոյեմբեր 2023-ին, «Թրքական Պետութիւններու Կազմակերպութեան» 10-րդ գագաթնաժողովին ունեցած իր ելոյթին մէջ Էրտողան յայտնած է. «Հայաստան պէտք է կատարէ Ատրպէյճանին նկատմամբ իր պարտականութիւնները: Մեծ կարեւորութիւն ունի նաեւ Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջանները եւ Նախիջեւանը իրար կապելիք ցամաքային գիծին կեանքի կոչումը: Գիծին բացումը լուրջ ներդրում պիտի ապահովէ տարածաշրջանի երկիրներու բարօրութեան, Թուրքիան ալ պիտի կապէ մեր պապերու հայրենիքին՝ Միջին Ասիային: Այս գործընթացի յաջողութեան ամբողջացման համար որպէս թրքական աշխարհ պէտք է շարունակենք մեր աջակցութիւնը Ատրպէյճանին»:
9 Նոյեմբեր 2023-ին Ուզպեքիստանի «Տնտեսական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան» նիստին եւս ելոյթ ունեցած Էրտողան յայտնած է. «Հայաստանի կողմէ Ատրպէյճանի նկատմամբ պարտաւորութիւններու կատարումը այս գործընթացը պիտի դիւրացնէ: Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջանները եւ Նախիջեւանը իրար կապելիք ցամաքային գիծերու հնարաւորինս շուտ հիմնումը/ձեւաւորումը ռազմավարական կարեւորութիւն ունի»: