12-էն 16 Յունուար 2024-ին, Ռուսիոյ Դաշնութեան մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ կը գտնուէին Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան եւ «Համազգայինի» ԿՎ անդամ Արտաշէս Շահպազեան: Այցելութեան նպատակն էր անմիջականօրէն ծանօթանալը «Համազգայինի» Ռուսիոյ Դաշնութեան կառոյցի ընթացիկ գործունէութեան եւ ռուսահայ համայնքներու «Համազգայինի» կրթական եւ մշակութային ծրագիրներու տարածման ու զարգացման հնարաւորութիւններուն։
13 Յունուարին Համազգայինի Ռուսիոյ կառոյցի գրասենեակին մէջ կայացաւ Համազգայինի Ռուսիոյ կառոյցի հաշուետու- ընտրական ժողովը։
Քննարկուեցաւ ընթացաւարտ վարչութեան երկու տարուան գործունէութիւնը, նախանշուեցան յառաջիկայ ընելիքներու ընդհանուր ուղղութիւնները։ Ներկայացուած առաջարկները ձեւակերպուեցան որպէս ժողովի բանաձեւումներ, որոնք կը լրացնեն եւ կ’ամբողջացնեն յառաջիկայ երկու տարուան գործունէութիւնը։
Ժողովը ընտրեց Համազգայինի Ռուսիոյ կառոյցի վարչութիւն հետեւեալ կազմով՝
Աշոտ Մկրտչեան
Բալիկ Գալէմքերեան
Արթուր Փայտեան
Ծաղիկ Մկրտչեան
Շուշանիկ Դաշեան։
14 Յունուարին՝ Կիրակի օրը, Զաքար Քէշիշեան եւ Արտաշէս Շահպազեան, Համազգայինի Ռուսիոյ կառոյցի ատենապետ Արթուր Փայտեանի ուղեկցութեամբ, այցելեցին Համազգայինի Ռուսիոյ կառոյցի կիրակնօրեայ դպրոցներէն երեքը՝ Համօ Օհանջանեանի, Սօս Սարգսեանի եւ Լեւոն Շանթի անուան դպրոցները։
Կեդրոնական Վարչութեան ընկերները ծանօթացան դպրոցներու ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն հետ, մանրամասն տեղեկութիւններ ստացան դասաւանդուող առարկաներուն, դասագիրքերուն, ուսուցման մեթոտներուն, տարիքային խումբերուն, դպրոցներու ճարտարագիտական միջոցներու բաւարարութեան մասին, լսեցին երեխաները, ծանօթացան ծնողներուն հետ, եւ իւրաքանչիւր դպրոցի մէջ ունեցան խորհրդակցութիւն ուսուցչակազմին հետ։
Յատկանշական ու շատ յուզիչ էին թէ՛ Արտաշէս Շահպազեանի անմիջական ու ոգեւորող խօսքը, եւ թէ Զաքար Քէշիշեանի սրտառուչ ու զուլալ կատարումները շուիով՝ որ Ռուսիոյ մէջ ապրող հայ երեխաներուն համար հաճելի անակնկալ էր։ Անոնք առաջին անգամ կը տեսնէին շուի եւ կը լսէին շուիով կենդանի կատարումներ, ուստի շատ տպաւորուած էին։
15 Յունուարին, Մոսկուայի Սուրբ Պայծառակերպութիւն եկեղեցւոյ տարածքին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին մասնակցած էին Ռուսիոյ բուհերու ուսանողներ, համայնքային եւ հասարակական տարբեր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։
Քննարկուեցան Ռուսիոյ մէջ հայապահպանութեան, հայոց լեզուին եւ հայ մշակոյթին առնչուող տարաբնոյթ հարցեր, անդրադարձ եղաւ «Համազգայինի» աշխարհասփիւռ կազմակերպութեան դերին եւ նշանակութեան՝ Սփիւռքի մէջ կրթութեան եւ մշակոյթի միջոցով հայու ինքնութիւնն ու ազգային հոգեկերտուածքը, մեր մշակութային ժառանգութիւնն ու արժէքները պահպանելու 95-ամեայ փորձառութեան։
Համազգայինի Ռուսիոյ կառոյցի վարչութիւն
17.01. 2024 թ. ք. Մոսկուա