Երկուշաբթի, 22 Յունուար 2024-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս ընդունեց պաշտօնական այցելութիւնը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս մեծարգոյ Նաուապ Նուրիին եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան։
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան, Ազգ. Վարչութեան ատենապետ մեթր Սունպուլ Սունպուլեան եւ Ազգ. Վարչութեան անդամներ։

Պատուիրակութեան անդամները շնորհաւորեցին Սրբազան Հայրը եւ թեմի ժողովականութիւնն ու ժողովուրդը՝ նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդի տօներուն առիթով։
Փոխ-գործակցութեան մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին, արծարծուեցան ներկայիս տիրող իրավիճակն ու ճնշող դժուարութիւնները։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ ընդհանրապէս տեղի ունեցող փոխադարձ յարաբերութիւններուն։

Սրբազան Հայրը ցաւակցութիւն յայտնեց պարոն հիւպատոսին, անցնող օրերուն Դամասկոսի պայթումին զոհ գացած նահատակներուն համար, եւ ընդհանրապէս երկու ժողովուրդներու բոլոր նահատակներուն համար, որոնք հայրենիքի պաշտպանութեան եւ խաղաղութեան հաստատման համար իրենց արիւնը կը հեղեն։

Այցելուները Սրբազան Հօր նուիրեցին պարսկական ոճի ձեռակերտ յուշանուէր մը, ինչպէս նաեւ պատկերագիրք մը, ուր նկարագրուած է Իրանի նախկին Հոգեւոր Առաջնորդին այցելութիւնները՝ քրիստոնեայ եւ յատկապէս հայ նահատակներու ընտանիքներուն։

Սրբազան Հայրը այցելութեան համար շնորհակալութիւն յայտնեց պարոն հիւպատոսին եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան։ Ան Թեմի ժողովուրդին ու ժողովականութեան անունով ջերմագին բարեմաղթութիւններ փոխանցեց անոնց։