ՏԵՂԱԿԱՆ

ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Ասիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն երկրորդ հանդիպումին, Սուրիոյ հաւաքականը 1 – 0 արդիւնքով պարտութեան մատնուեցաւ Աւստրալիոյ կազմէն։ Մրցումին, Սուրիոյ հաւաքականը վստահեցաւ պաշտպանողական ոճի խաղարկութեան եւ կրցաւ հեռացնել դարպասին ուղղուած բոլոր վտանգները: Երկրորդ կիսախաղին կազմը դիմաւորեց իր միակ կոլը:
– Սուրիոյ պասքեթի աղջկանց U-18-ի, Բ. փուլի մրցումներուն, ՀՄԸՄ-ի աղջիկները Դամասկոսի մէջ 72 – 41 արդիւնքով պարտութեան մատնեցին հիւրընկալ Մուհաֆազան: Զոյգ կազմերուն միջեւ դարձի հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ օր ժամը 3:00-ին, ՀՄԸՄ-ի դաշտէն ներս:
-Սուրիոյ պասքեթի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն, ՀՄԸՄ-ի տղոց կազմը 86 -64 արդիւնքով յաղթանակ մը եւս արձանագրելով պարտութեան մատնեց Համայէն ժամանած Թալիաան, իսկ ՀԵԸ-ի տղաքը առաջին յաղթանակը արձանագրելով պարտութեան մատնեցին Հըթթինը՝ 64 – 62 արդիւնքով: Աւելցնենք, որ առաջին փուլի վերջին մրցումին ՀՄԸՄ-ի մրցակիցը պիտի դառնայ ՀԵԸ-ը։ Հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի կէսօրէ ետք, Ճալաա մարզադաշտին վրայ:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏ ԱՐԺԱՆԱՑԱՒ ԱՂԻՒՍԱԿԻ ԱՌԱՋՆՈՒԹԵԱՆ
Սպանիոյ առաջնութեան 21-րդ փուլի մրցումներուն, Ռէալ Մատրիտը իր դաշտէն ներս հիւրընկալեց Ալմերիան, ուր կիսախաղին 2 – 0 արդիւնքով պարտուելէ ետք կրցաւ հանդիպումը յաղթական աւարտել 3 – 2 արդիւնքով:   Մրցումի առաջին վայրկեանին, հանդիպման հաշիւը բացաւ հիւրերու պելճիքացի յարձակող Լարջի Ռամազանին, իսկ 43-րդ վայրկեանին Ալմերիոյ առաւելութիւնը կրկնապատկեց սպանացի պաշտպան Էտկար Կոնսալէսը: Ընդմիջումէն ետք,  արքայական խումբը կրճատեց տարբերութիւնը՝ 57-րդ վայրկեանին անգլիացի կիսապաշտպան Ճուտ Պելինքեմի արդիւնաւէտ տուքանային հարուածին  շնորհիւ, որմէ տասը վայրկեան ետք, Վինիսիոս Ճունիըր նշանակեց հաւասարութեան կոլը:  Աւելցուած 9-րդ վայրկեանին, յաղթանակի կոլի  հեղինակ դարձաւ սպանացի պաշտպան Տանիէլ Կարվախալը, որուն կոլային փոխանցումը կատարեց Ճուտ Պելինքեմը:
Աւելցնենք, որ Ռէալ   51 կէտով գլխաւորեց աղիւսակը, իրեն յաջորդեց Ճիրունան՝ 49 կէտով:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան