Ֆրանսայի Հանրապետութեան Ծերակոյտը 17 Յունուարին, գրեթէ միաձայնութեամբ, ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան աջակցող, Ատրպէյճանի նկատմամբ պատժամիջոցներ եւ հայ բնակչութեան՝ Լեռնային Ղարաբաղ վերադարձի իրաւունքի երաշխիքներ պահանջող բանաձեւ։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ չափազանց կարեւոր է Ֆրանսայի օրէնսդիր մարմնի բարձր պալատի կողմէն այնպիսի քաղաքական դիրքորոշումը, որ կ’ենթադրէ աջակցութիւն Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնորոշումը, Արցախի մէջ ատրպէյճանական վերջին յարձակումի դատապարտում, հայ բնակչութեան վերադարձի իրաւունքի երաշխաւորման անհրաժեշտութիւն, Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքներու վերատիրացում, Հայաստանի կողմէն իր անվտանգութիւնը, զինուորական ճանապարհով, պաշտպանելու կարողութիւններու զարգացում, Պաքուի մէջ պահուող Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ազատութիւն, Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւն։ Կարեւոր նշանակութիւն ունի նաեւ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան նկատմամբ պատժամիջոցներու կիրառման պահանջը։

Ընդունուած բանաձեւը համահեղինակած են ֆրանսական ծերակոյտի քաղաքական բոլոր խմբակցութիւններու ղեկավարները, որ հայութեան հանդէպ ֆրանսական ներքաղաքական համախոհութեան կարեւոր ցուցիչ է։

Այս բանաձեւին ընդունումը մաս կը կազմէ վերջին շրջանին Եւրոպայի եւ յատկապէս Ֆրանսայի մէջ հայկական շահերու պաշտպանութեան ծաւալուն նախաձեռնութիւններու, որոնց կարեւոր մէկ մաս ներկայիս յառաջ կը մղուի «Եւրոպացիները յանուն Արցախի» հարթակի միջոցով, որուն կազմակերպումով՝ 27 եւ 28 Յունուարին, եւրոպական 15 երկիրներու աւելի քան 55 քաղաքներու մէջ նախատեսուած են տարաբնոյթ նախաձեռնութիւն։ Ֆրանսայի մէջ նախաձեռնութիւն պիտի կատարուին 13 քաղաքներու մէջ։
Լիայոյս ենք՝ ֆրանսական օրէնսդրի կողմէն ընդունուած այս բանաձեւը ամբողջապէս ուղենշային պիտի ըլլայ Ֆրանսայի գործադիր իշխանութեան համար եւ պիտի վերաճի ամբողջական պետական քաղաքականութեան։

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ
18․01․2024