ՀՅԴ Հայ Դատի Քանատայի յանձնախումբին մօտ լուրջ մտահոգութիւն առկայ է առ այն, որ Քանատա կրնայ չեղարկել Թուրքիոյ նկատմամբ սահմանուած` ռազմական արտադրանքի վաճառքի արգելքը: Այս քայլը կրնայ ձեռնարկուիլ Շուէտի` ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու գործարքին շրջագիծէն ներս:

Թուրքիոյ նկատմամբ կիրարկուող զէնքի վաճառքի արգելքին վերացումը յատկապէս վտանգաւոր է քանատաթրքական զինուորական առեւտուրի վերջին ցնցող բացայայտումներէն ետք, երբ 2019-ին պաշտօնական Օթթաուան թոյլատրառ էր անօդաչուներու պատրաստութեան մէջ կիրարկուող L3Harris/WESCAM արտադրութեան վաճառքը Անգարային, ինչ որ կը հանդիսանար «Պայրակթար» անօդաչուներու մրցունակութիւնը ապահովող առանցքային մանրամասնութիւններէն մէկը: Հետագայ հետաքննութիւնը ապացուցած էր այդ ճարտարարուեստի փոխանցումը Ատրպէյճանին, ինչ որ արգելուած էր: Բացայայտուած էին թրքական այլ զեղծարարութիւններ եւս: Մասնաւորապէս, քանատական ճարտարագիտութիւնը, համապատասխան թրքական դիմումին, ենթակայ էր կիրարկման ոչ թէ յարձակողական, այլ հետախուզական անօդաչուներու համար:

Պետական այս հետաքննութենէն ետք, քանատական կողմը, Հայ Դատի Քանատայի յանձնախումբի աշխատանքներուն հետեւանքով, Թուրքիոյ նկատմամբ կիրարկեց զինուորական արտադրանքի վաճառքի արգելք:
ՀՅԴ Հայ Դատի Քանատայի Յանձնախումբի դիրքորոշմամբ` Քանատան պէտք չէ մեղսակից դառնայ թուրք-ատրպէյճանական զինուորական յանցագործութիւններուն` նպաստելով անոնց ռազմական զինանոցներու ընդլայնումին: Խարդախ մտադրութիւններ ունեցող պետութիւններուն զէնքի վաճառքը կը խախտէ Քանատայի զէնքի արտահանման կանոնները` զգալի վտանգ ներկայացնելով տարածաշրջանային կայունութեան: Տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան պահպանման եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան վերաբերեալ Քանատայի յայտարարած առաջնահերթութիւններուն համահունչ` Օթթաուան պէտք չէ չեղարկէ զէնքի վաճառքի արգելքը:

Նկատի առնելով թրքական նախկին զեղծարարութիւններն ու զէնքի ձեռքբերման կանոններու խախտումները, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ կողմէ ՀՀ տարածքային ամբողջականութեան ու ինքնիշխանութեան հանդէպ սպառնալիքները` Հայ Դատի Յանձնախումբը Քանատայի կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ ցուցաբերել առաւելագոյն զգուշութիւն եւ առաջնահերթութիւն տալ տարածաշրջանային կայունութեան, խաղաղութեան եւ մարդու իրաւունքներուն:

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ 23 Յունուար 2024