12 Յունուարին Ճաքարթայի Ինտոնեզիոյ քրիստոնէական համալսարանին մէջ տեղի ունեցած է «Համայնքային ծառայութեան առաջին միջազգային հասարակական սեմինար եւ յառաջադէմ միջազգային յարաբերութիւններու վերաբերեալ գիտաժողովը (փոխակերպող խօսակցութիւն)» վերտառութեամբ միջազգային հաւաքը:

Գիտաժողովը ունեցած է նաեւ հայ մասնակից՝ ի դէմս Արարատ Կոստանեանի, որ հանդէս եկած է «Ինքնութեան քաղաքականութիւնը եւ անվտանգութեան ոչ-աւանդական մեքանիզմը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ» զեկուցմամբ՝ կեդրոնանալով Միջին Արեւելքի երկիրներու հայ գաղթավայրերու եւ հիւրընկալ երկիրներու ու բնիկ ժողովուրդներու միջեւ եղած բարիդրացիական յարաբերութիւններու, անոնց ընկերային համախմբուածութեան նիւթին վրայ:

ՀՀ Գիտութիւններու ակադեմիայի արեւելագիտութեան համալսարանի նախկին գիտաշխատող, այժմ Ինտոնեսիոյ Միջազգային իսլամական համալսարանի դոկտ. Արարատ Կոստանեան ներկայիս կ՚աշխատի Սուրիոյ հայ համայնքին եւ բնիկ սուրիացի ժողովուրդին միջեւ առկայ բարեկամական յարաբերութիւններու վերաբերեալ ատենախօսութեան վրայ:

Աղբիւր՝ Azg.am

Արծուի Բախչինեան