Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանը նոր նախաձեռնութեամբ հանդէս եկած է՝ փոքրիկներուն համար ստեղծելով հարթակ, որ կարելիութիւն պիտի տայ անոնց զարգացնելու արեւմտահայերէն բառապաշարն ու լեզուամտածողութիւնը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք ճեմարանի տնօրինութեան հաղորդագրութիւնը․
«Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի տնօրինութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարէ 7-10 տարեկան երեխաներուն համար արեւմտահայերէնով պատրաստուած գիտելիքներու եւ նիւթերու շտեմարան՝ «Պուրակ» հարթակի մեկնարկը:
«Պուրակ»-ը ծնունդ առած է Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժանմունքի հովանաւորութեամբ:
Ծրագիրի նպատակն է զարկ տալ արեւմտահայերէնի բառամթերքի ու լեզուամտածողութեան զարգացման եւ տարբերակել արեւմտահայերէնով դասավանդուող նիւթերու մատուցման եղանակները՝ նաեւ արմատացնելով արեւմտահայերէնի կենսունակութիւնը:
Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի մանկավարժական սկզբունքներուն հիման վրայ, աշակերտները տարրական եւ նախակրթարան բաժիններու առաջին տարիներուն, հիմնական բոլոր նիւթերը պիտի ստանան իրենց մայրենի լեզուով՝ հայերէնով: Հետեւաբար, տարբեր կարողութիւններով օժտուած եւ ներկայ արհեստագիտացած առօրեային մէջ ապրող հայ երեխային համար նման ծրագիրի իրագործումը պիտի նպաստէ, որ լսատեսողական արդի եւ ժամանակակից միջոցներով պատրաստուած «Պուրակ»-ը երեխային ընծայէ արեւմտահայերէնով յաւելեալ ընդհանուր զարգացում: Անիկա կ’ընդգրկէ հայ լեզուի, պատմութեան, աշխարհագրութեան, մշակոյթի, թուաբանութեան եւ գիտութեան ոլորտները:
«Պուրակ»-ը հարթակ է, ուր գիտելիքներու եւ նիւթերու ներկայացումը կը կատարուի կարճ տեսաերիզներու (short animated movies) եւ համապատասխան տպուող թերթիկներու (printable documents) միջոցով: «Պուրակ»-ին համար պատրաստուած տեսաերիզները, աստիճանաբար բարդացող վարժութիւնները եւ օժանդակ թերթիկները կ’ապահովեն նիւթերու եւ մտայղացումներու լսատեսողական միջոցներով փոխանցումը եւ տրամաբանական զարգացումը՝ նպաստելով երեխայի ընդհանուր զարգացման:
«Պուրակ»-ի աշխատակազմը բաղկացած է Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի անձնակազմից, ճեմարանի տնօրինութեան անմիջական հսկողութեամբ: Աշխատանքը բաժնուած է երկու գլխաւոր բաժիններու՝ մանկավարժական եւ «ճարտարագիտական»: Իւրաքանչիւր բաժին ունի իր պատասխանատուն եւ համապատասխան աշխատակիցներու խմբակը:
«Պուրակ»-ի բոլոր աշխատակիցները մեծ խանդավառութեամբ իրենց մասնակցութիւնը բերին այս ծրագիրին՝ հաւատալով անոր նպատակին։ Աշխատանքի ընթացքին յաճախ ստացանք ստեղծագործական նոր առաջարկներ, յառաջիկային անոնք կիրառելու համար։
«Պուրակ»-ի բոլոր աշխատակիցները կը հաւատան, որ ուսուցիչներուն, աշակերտներուն կամ ծնողներուն համար, նմանօրինակ հարթակները եւ տարբեր գրաւիչ ու ստեղծագործական նորարարութիւնները անհրաժեշտութիւն են հայ երեխաներու համար դպրոցի կամ ժամանցի պահուն։
Այժմ կը յայտարարենք «Պուրակ»-ի մեկնարկը Bourag.com հասցէով: Տեսաերիզներու եւ թերթիկներու առաջին բաժինը արդէն իսկ զետեղուած է հարթակին վրայ։ Հարթակը կը սկսի 11 տեսաերիզով եւ 22 տպուող թերթիկներով: Հարթակը շաբաթական կը թարմացուի նորութիւններով՝ նոր տեսաերիզներով եւ տպուող թերթիկներով: Յուսանք, որ կարելի պիտի ըլլայ «Պուրակ»-ը յարատեւ ճոխացնել նորանոր հատուածներով, բացատրութիւններով, տեսաերիզներով։
Վարձքը կատար այսպիսի նախաձեռնութիւնները քաջալերողներուն եւ հովանաւորողներուն։ Իբրեւ հայ մանկավարժներ եւ մասնագէտներ՝ մեր առաքելութիւնն է վառ պահել հայերէն լեզուն ու զարկ տալ անոր զարգացման»։