Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ հրապարակեց 2024-ի «5» եւ «6» թուակիր օրէնսդրական հրամանագրերը։
2024-ի «5» թուակիր հրամանագիրին համաձայն, կ՚արգիլուի սուրիական լիրայէն բացի այլ դրամ օգտագործելը առեւտրական փոխանակումներուն մէջ։ Հրամանագիրը խախտողներուն պատիժը պիտի ըլլայ բանտարկութիւն, սակայն անոնց առիթ պիտի ընծայուի դատական մարմիններու ներկայութեան իրենց իրավիճակը կարգաւորելու, որպէսզի երկարատեւ բանտարկութեան պատիժէն զերծ մնան, նկատի ունենալով, որ բանտարկութեան պատիժը կրնայ աւելի քան 7 տարի տեւել։
Իսկ 2024-ի «6» թուակիր հրամանագիրին համաձայն, պատիժի կ՚ենթարկուին առանց արտօնութեան լումայափոխման գործով զբաղողները, ինչպէս նաեւ անոնք, որոնք առանց արտօնութեան օտար դրամանիշով գումար կը փոխադրեն Սուրիայէն դուրս։ Հրամանագիրը խախտողները ժամանակաւոր բանտարկութեան պիտի ենթարկուին, 5-էն 15 տարուան տեւողութեամբ, եւ գրաւուած գումարին եռապատիկին արժէքով տուգանք պիտի վճարեն, նուազագոյնը՝ 25 միլիոն ս.ո.։
Հրամանագիրը չի ներառեր արտաքին առեւտուրի օրինական մարզը։