Իսրայէլ օդային յարձակումով մը հրթիռակոծեց Դամասկոսի Մազզէ թաղամասին մէջ բնակարանային շէնք մը։

Յարձակումին հետեւանքով նահատակներ արձանագրուեցան, որոնց կարգին էին իրանցի խորհրդատուներ։